Ազրպէյճանը աշխուժօրէն կ՛աշխատի խաղաղութեան հասնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 1 մայիսին Պաքուի մէջ Միջմշակութային երկխօսութեան խնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի բացումին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, «բանակցութիւնները կ՛ընթանան այն փաստաթուղթի հիման վրայ, որ պարտաստած է Ազրպէյճանը»:
«Մեկնարկած է սահմանազատումը, ոչ միայն սահմանազատումը, այլ նաեւ սահմանագծումը», նշած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ Երեւանն ու Պաքուն այդ համաձայնութեան կրցած են հասնիլ առանց միջնորդներու:
«Ատիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ մենք միջնորդներու կարիք չունինք: Միջնորդները բացառապէս իրենց շահերով կ՛առաջնորդուին: Անոնց նպատակը ոչ թէ (կողմերուն) օգնելն է, այլ շրջան ներթափանցելը` յանուն իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերուն: Անոնք (Հարաւային Կովկասը) կրկին հրկիզելու ցանկութիւն ունին: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Վատիկանի «Սերվիցօ Ինֆորմացիոնէ Ռելիճիոզա» լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ շուրջ երկու տարի առաջ ինքնին Ազրպէյճանը խաղաղ բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի նախաձեռնած էր, եւ այդ ժամանակէն ի վեր խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրուած են:
«Այսօր մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի հետ միասին պիտի կարենանք քաղաքական միջոցներով եւ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ հասնիլ դրուած բոլոր նպատակներուն»: