Ազրպէյճանը հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ ուղիղ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններու օգտին, որոնք հաստատած են իբրեւ ամէնէն արդիւնաւէտ եւ յաջող լուծումը, ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` մեկնաբանելով Երեւանի հետ բանակցային ձեւաչափը:
«Ազրպէյճանը հանդէս կու գայ ուղիղ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններու օգտին, որոնք հաստատուած են իբրեւ ամէնէն արդիւնաւէտ եւ յաջող լուծումը փոխադարձ ընդունելի արդիւնքներու հասնելու տեսանկիւնէն:
«Ատոնք ուղղուած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ինչի մասին կը վկայեն երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնախումբերուն միջեւ վերջին համաձայնութիւնները», ըսած է Պայրամով:


