Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Ցեղասպանութենէն 109 Տարի Ետք` Հայրենազրկում Կանխելու Գրաւականը

Ապրիլ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 «Թուրքիա միակ մտասեւեռում մը ունի. անխտիր ամէ՛ն միջոց, ռազմավարական ամէ՛ն նենգութիւն ի գործ դնել` միանգամընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ դատը»

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, մօտ մէկ տարի Արցախի բնակչութիւնը սովասպանութեան ենթարկելէ ետք, թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտ եղեռնագործութեան պատճառով Արցախը բռնագրաւուեցաւ, հայաթափուեցաւ, արցախահայութիւնը հայրենազրկուեցաւ, հայրենիքը կոտորակուեցաւ…

Երեք տասնամեակ առաջ, 1992 թուականի ապրիլի 10-ին ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի Մարաղա գիւղը սպանդի ենթարկուեցաւ, որուն ընթացքին խողխողուեցան հարիւր արցախցի անզէն բնակիչ, որոնցմէ 30-ը` կին: Պաքուի կողմէ Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրը պետական ռազմավարութիւն է, որ գործադրուեցաւ 2023 թուականի սեպտեմբերին:

21-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութիւնը հետեւանքն էր ազգի անվտանգութեան անուղղայ եւ ուղեկորոյս ռազմավարութեան: Ի հակադրութիւն Պաքուի հայաջնջման վարքագծին` ՀՀ գործող իշխանութիւններու քաղաքական օրակարգը ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան կանխարգիլման քարոզչական յստակ ուղեգիծէ զերծ է, այլեւ ճանաչման ու պահանջատիրութեան օրակարգը սկսած են հունաւորել դէպի քաղաքական անձնատուութիւն, որուն գլխաւոր ապացոյցն է 2022 թուականի յունուար 24-ին ՀՀ վարչապետի կատարած յայտարարութիւնը, ուր ան կը հաստատէր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ դատի քաղաքականութիւն չէ վարած, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորաբար սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք է: Այս յայտարարութիւնը դարձակէտ կը հանդիսանայ հայոց պահանջատիրութեան տոմարներուն մէջ, այն առումով, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեանց ղեկավար մը բառացիօրէն կը հրաժարէր Հայ դատի հետապնդումէն ու պահանջատիրութենէն:

2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած հռչակագիրը կը հաստատէր հայութեան արդար իրաւունքներուն համար մղուող պայքարի 100-ամեակի կարգախօսը` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», որ իրողութեան մէջ պատմական յիշողութեան սերունդէ սերունդ փոխանցելու պահանջատիրութեան քաղաքականութեան եւ մարտավարութեան համահայկական ուղեգիծն էր:

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարու Արցախի կորուստի ու հայաթափման դառն պատմական փորձառութիւնը հայութեան կը պարտադրեն հաշուեքննութեան ենթարկել ազգի լինելութեան եւ գոյապահպանման հիմնահարցը, միաժամանակ` ազգատիրութեան եւ հայրենատիրութեան գծով ազգն ու սերունդները ազգային գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու անյետաձգելի օրակարգը: ՀՀ գործող իշխանութիւններուն կողմէ հայրենի ժողովուրդին սնուցուող պահանջատիրութենէն այլասերելու եւ զայն թերարժեւորելու քարոզչութիւնը վտանգաւոր ճանապարհ է, որուն յետին ծրագիրը «հող եւ տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ազգակործան գաղափարն է:

Դէպի արեւելք թրքացեղ աշխարհատարածքները մէկ մականի ներքեւ միաւորելու թրքական ծաւալապաշտական դարաւոր ծրագիրը արգելակող միակ քաղաքական գործօնը կը մնան հայութիւնն ու Հայաստանը: Հայոց ցեղասպանութեամբ նախագծուած Հայաստանն ու հայը ի սպառ անէացնելու օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ ծրագրի երկարաժամկէտ ու հանգրուանային ռազմավարութիւնը Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքները կոտորակելով բռնագրաւել` սկսելով Արեւմտեան Հայաստանէն, Նախիջեւան եւ Արցախ: Այսօրուան դրութեամբ, նոյն այդ դարաւոր ծրագրի թիրախն է Սիւնիքը:

Աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ յայտնուած հայրենիքին ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ կենսագործման համար այսօր անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան ինքնատիրապետման գծով համընդհանուր զօրաշարժ, եւ այդ առաջադրանքը իրագործելու համար օրուան հրամայականն է ապազգային իշխանութիւններու հեռացումը եւ ազգային սկզբունքներուն ու արժեհամակարգին հաւատարիմ` որդեգրել քաղաքական այն համոզումը, որ մեր պետութիւնը, ազգն ու հայրենի երկիրը կարողութիւնը ունին զարգանալու` առանց զիջելու:

Երկու թշնամի երկիրներով շրջափակուած ու գոյութենական ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հայաստանին համար վիճակուած է կա՛մ շարունակական զիջումներով ընդունիլ թուրք-ազրպէյճանական պարտադրուող նախապայմանները եւ կա՛մ ազգովին միաւորուելու, ինքնակազմակերպուելու եւ յառաջիկայ փուլի գոյապայքարի պատնէշները հզօրացնելու ու ամրագրելու ջանադիր` ռազմապատրաստ ու մարտունակ ըլլալ: Այլընտրանքը մեր գոյութենական կռուանները ռազմայնացնելն ու ամրոց պետութեան վերածուիլն է:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր Եւ… Ոսկեպար

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Մէջ Կլոր Սեղան` «Հայ Դատ» Նիւթով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?