Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարասին. «Ռուս Խաղաղապահներու Դուրսբերումը Փաշինեանի Որոշումին Տրամաբանական Հետեւանքն Է»

April 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուս խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղէն դուրսբերումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այդ տարածքը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու տրամաբանական հետեւանքն է», «Ինթըրֆաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին:

«Ուժով սիրելի չես դառնար», պնդած է Քարասին` նշելով. «Այն բանէն ետք, որ Նիկոլ Փաշինեանի շուրթերով ղարաբաղեան խնդիրը հանգուցալուծուեցաւ, մեր խաղաղապահներու` Ազրպէյճանի մէջ մնալ-չմնալու հարցը կը քննարկուէր Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ ուղղակի հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ: Եւ խաղաղապահներու փուլ առ փուլ դուրսբերման մասին որոշում տրուեցաւ»:

Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Ժուրաւլիով («Ռոտինա» կուսակցութիւն) «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է, թէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի Արցախի մէջ առաքելութիւնը կարելի է նկատել լիովին կատարուած:

«Քաղաքային բնակչութիւնը կարելի եղած է փրկել, անոնց օգնած են թէ՛ տարհանման ժամանակ, թէ՛ բուժում տրամադրելու, թէ՛ ջուրով ու սնունդով ապահովելու հարցերուն մէջ: Այժմ առաքելութիւնը կարելի է նկատել ամբողջութեամբ աւարտած, ինչ որ կը նշանակէ, որ ժամանակն է, որ մեր զինուորականները տուն վերադառնան», ըսած է Ժուրաւլիով:

Երեսփոխանը նշած է, որ խաղաղապահներու կարիքը այլեւս չկայ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող կողմեր չկան, եւ ոչ ոք կը վիճի այն փաստին հետ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին «կը պատկանի»:

«Ռուսական զօրակազմը անհրաժեշտ էր այն ժամանակ, երբ տագնապը կը շարունակուէր: Անիկա կարեւոր դեր խաղացած է, որպէսզի 2023 թուականին այնտեղ լայնածաւալ արիւնահեղութիւն տեղի չունենայ` կանգնելով պատերազմող բանակներու միջեւ: Աւելի՛ն, երբեմն ատիկա կը յաջողէր միայն մեր զինուորներու կեանքին գնով` կը յիշենք, որ եղած է քանի մը զոհ ու վիրաւոր», ընդգծած է ան:

Նախորդը

Քոնկրեսական Մըքլինթոք Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Մեկնաբանէ Ռուս Խաղաղապահներու Արցախէն Հեռացումը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.