Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 10, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

 Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»` Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Ղեկավար Գնդապետ Արկադի Տօնոյեանին

Հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրով, Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի ողջերթը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով, որ Սուրիոյ պատերազմի դառն օրերուն զուգահեռ սուրիահայերս ապրեցանք հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը այն հիանալի եւ գնահատանքի խօսքերուն, որոնք մեր արաբ հայրենակիցները կ՛արտայայտէին Հայաստանէն ժամանած Մարդասիրական առաքելութեան խումբին տարած անապահով տարածքներու ականազերծման եւ բժշկական ծառայութիւններուն մասին:

Ան նշեց, թէ այսօրուան առիթը աննախընթաց եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութեան, որուն համաձայն, 4 ապրիլը յայտարարուեցաւ ականներու մասին իրազեկութեան եւ ականազերծման գործընթացի միջազգային օր:

Ան յաջողութիւն եւ արդիւնաշատ գործունէութեան նոր աշխատաշրջան մաղթեց գնդապետի նուիրական առաքելութեան:

Ազգային վարչութեան ատենադպիր Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց գնդապետին 27 դեկտեմբեր 2018-էն սկսեալ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ տարած գործունէութիւնը` որպէս ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավարի:

Ան յայտնեց, որ Հալէպի մէջ Մարդասիրական առաքելութեան խումբին նախապատրաստական ամենափոքր աշխատանքէն մինչեւ դաշտային ամենավտանգաւոր գործին ընդմէջէն իմացանք գնդապետին նուիրական ծառայութեան մասին եւ ծանօթացանք խիզախ ղեկավարին ու արի հայորդիին, որ շնորհիւ իր աշխատանքային բծախնդրութեան, լրջութեան ու ամենակարեւո՛րը, մարդասիրական կոչումին տէրը ըլլալուն` նուաճեց հալէպահայութեան սէրն ու պատկառանքը:

Ան յիշեց, որ 6 փետրուար 2023-ին Հալէպը հարուածած երկրաշարժի օրերուն գնդապետը օգնութիւն ցուցաբերեց տուժած տեղացիներուն, Մարդասիրական առաքելութեան խումբը ընդգրկեց շարժաբաններու կազմին մէջ եւ Հալէպի մէջ իրականացուց շէնքերու վթարային վիճակի գնահատման, նշագրման եւ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ստանձնեց Հայաստանէն ժամանած որոնողափրկարարական խումբի կեցութեան աշխատանքները, օգնեց հայկական եկեղեցիներուն մէջ ապաստան գտած հայ համայնքի զաւակներուն, Ազգային պատսպարանին եւ Հայ ծերանոցին:

Այնուհետեւ Արմէն աբղ. Գալաճեան կարդաց սրբազան հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը:

Ապա, Մակար արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ, Ազգային վարչութեան որոշումով եւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ, Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշան»-ով եւ օրհնութեան ու գնահատանքի գիրով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը:

Ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան, թեմի ազգային մարմիններուն եւ միութիւններուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` նուիրուածութեամբ միասնաբար յառաջ կը տանին իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Սրբազան հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց գնդապետ Արկադի Տօնոյեանին` անցնող վեց տարիներուն ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գործակիցներուն հետ մատուցած նուիրական ծառայութեան համար: Իսկապէս` արժանի եւ իրաւ:

Սրբազան հայրը մեծագոյն պատիւը համարեց սփիւռքի մէջ հայրենիքի ներկայացուցիչին գտնուիլը եւ ծառայութեան ճամբով օգնութեան ձեռք երկարելը պետական եւ զինուորական մակարդակներով եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը ձեռք բերելու առաջադրանքով` հակառակ զանազան պատժամիջոցներով Սուրիոյ արգելափակուած ըլլալուն:

Ան ըսաւ, որ այն, ինչ որ հայրենի ղեկավարութիւնը որպէս նոր առաքելութիւն որոշած է գնդապետին համար, վստահօրէն շատ աւելի անհրաժեշտ է հայրենիքի հզօրացման եւ ապահովութեան ի խնդիր:

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ իր առաջնորդութեան մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, յարաբերութեան ճամբով եղբայրական կապ ստեղծուեցաւ գնդապետին հետ, որուն ճամբով ի յայտ եկան անոր հայու ոգին, նախանձախնդրութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ գործին նկատմամբ լրջութիւնը, որոնք մեզ աւելիով կը զօրացնեն:

Առաջնորդը աղօթեց, որ Ամենակալը իր հովանին անպակաս ընէ, գնդապետին քայլերը առաջնորդէ եւ աստուածային շնորհներով զինք պայծառացնէ:

Աւարտին կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ:

Ֆրանսա

Իննա Սահակեանի «Աւրորայի Լուսաբացը» Ժապաւէնը Արժանացած Է Ֆրանսախօսութեան 14-րդ Փառատօնի Դատական Կազմի Գլխաւոր Մրցանակին

Կազմակերպութեամբ Սան Լուի ֆրանսական ուսումնարանին, աջակցութեամբ Իտալիոյ մէջ Ֆրանսախօս դեսպանութիւններուն, վերջերս տեղի ունեցաւ  Ֆրանսախօսութեան 14-րդ փառատօնը, որուն ընթացքին բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» գծանկարային վաւերագրական ժապաւէնը արժանացաւ դատական կազմի գլխաւոր մրցանակին: Ժապաւէնը ստացած է պետական ֆինանսական աջակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ: Անիկա ստեղծուած է «Զօրեան» ուսումնարանի գիտական աջակցութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւին հիման վրայ:

Յունաստան

«Զմիւիռնիան Կ՛արտասուէ, Հայաստանը Կը Յիշէ», Գիրքի Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ  Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, 13 մարտին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Վասիլիքի Փիթուլիի «Զմիւռնիան կ՛արտասուէ, Հայաստանը կը յիշէ» գիրքին ներկայացումը:

Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի անդամ Ռեբեկա Պարազեանի յիշատակը:

Համազգայինի անունով Ժագ Տամատեան նշեց, որ գիրքը բացառիկ կերպով կը միաւորէ 1915-ի ու 1922-ի եղեռնագործութիւնները, աւելցնելով, որ գիրքը յօրինուածք մըն է` հիմնուած իրական դէպքերու վրայ:

Գրող, թարգմանիչ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի տնօրէն Սիսի Քափլան ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը` աւելցնելով, որ հոն կը բացայայտուին անծանօթ դրուագներ: Ան շեշտեց, որ իր պատմութիւնը չյիշող ժողովուրդը ապագայ չունի:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց հատորին շնորհահանդէսը:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը, որ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն` յայտնելով իր սիրոյ զգացումները հայերուն եւ հայոց լեզուին հանդէպ: Ան ըսաւ, որ լայնածաւալ հետազօտութիւններէ ետք զգացած էր «պատուոյ պարտք» մը:

Նոր Ջուղա

Իրանի Իսլամական Խորհրդարանի Նորընտիր Պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեանի Առաջին Պաշտօնական Հանդիպումը Սիփան Արք. Քէչէճեանին Հետ

Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան նորընտիր պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեան 17 մարտին Ազգային առաջնորդարանի մէջ իր առաջին պաշտօնական հանդիպումը ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեանին հետ:

Առաջին հերթին ան շնորհաւորեց սրբազանը արքութեան տիտղոսին արժանանալուն համար: Սրբազան հայրը, իր կարգին, շնորհաւորեց անոր պաշտօնը եւ մաղթեց յաջողութիւն:

Խօսելով խորհրդարանի գործունէութեան դժուարութիւններուն եւ այն մեծ պատասխանատուութեան մասին, որ դրուած է պատգամաւորներուն ուսերուն վրայ, սրբազան հայրը յոյս յայտնեց, որ նորընտիր պատգամաւորը, ինչպէս միշտ պէտք է ըլլայ գործունեայ եւ հետեւողական իր աշխատանքներուն մէջ եւ ժողովրդի կողքին ըլլալով` բարձրաձայնէ անոր խնդիրները:

Գեղարդ Մանսուրեան տեղեկութիւններ տուաւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին եւ ընտրական գրասենեակի գործունէութեան վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընտրութիւններուն հայ համայնքի  մասնակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին իրանահայ համայնքին` թէ՛ խորհրդարանական, եւ թէ՛ Բանիմացներու խորհուրդի ընտրութիւններուն գիտակից եւ խուռներամ մասնակցութեան համար:

Քանատա

Վահէ Եւ Աստղիկ Անտոնեաններու Անուան 100 Հազար Տոլարի Նորաստեղծ Հիմնադրամը Զարկ Պիտի Տայ Քանատահայ Համայնքի Կառոյցներու Հզօրացման

Թիֆընի եւ Կարինէ Անտոնեաններ, համագործակցութեամբ  ՀՅԴ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին,  յայտարարեցին Armenian Endowment Fund-ի (Թորոնթօ) հովանիին ներքեւ 100 հազար տոլար նուիրատուութեամբ անձեռնմխելի հիմնադրամի մը յառաջացումը, որ պիտի կոչուի  «Վահէ եւ Աստղիկ Անտոնեան հիմնադրամ»:

Հիմնադրամի տարեկան շահոյթը պիտի յատկացուի Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն եւ տեղւոյն հայ համայնքի կրթական, բարեսիրական եւ երիտասարդական ծրագիրներուն: Եկամուտէն որոշ բաժին մը նպատակաուղուած պիտի ըլլայ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայաստանի եւ Արցախի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի համաքանատական ծրագիրներուն: Անտոնեան ընտանիքը պիտի շարունակէ սատարել եւ աւելցնել հիմնադրամին մայր գումարը տարուէ տարի:

Հիմնադրամի ստեղծումով Քանատայի տարածքին զարկ պիտի տրուի ազգային մեր մշակոյթի տարածման եւ համայնքային մեր կառոյցներու հզօրացման:

Միացեալ Նահանգներ

«ՀՄԸՄ-ի Արցախ Հիմնադրամ»-ին Ի Նպաստ Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «ՀՄԸՄ-ի Արցախ Հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին, 23 մարտին ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիմնադրամին նուիրուած ընթրիքի երեկոյ` մասնակցութեամբ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի եւ իր նուագախումբին, ներկայութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մհեր Դաւիթեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ` Սեդա Գոճայեանի եւ Հայկօ Պարսամեանի, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներու, 2024-ի Տիպար ՀՄԸՄ-ական Արամ Պէքարեանի, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու, անդամներու եւ ՀՄԸՄ-ականներու »ւ բազմաթիւ հիւրերու:

Նախորդը

Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?