Եթէ Արեւմուտքը Հայաստանը Ազրպէյճանի դէմ ֆինանսաւորէ, մենք Պաքուին եռապատիկը պիտի տանք: Այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թրքական պատուիրակութեան ղեկավար երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Եթէ անոնց նպատակը Հայաստանը հզօրացնելն ու տագնապին դրդելն է, ապա Ազրպէյճանը նոյնպէս առանձին չէ: Եւ ան երբեք մինակ պիտի չմնայ, Թուրքիան միշտ անոր հետ է: Եթէ Հայաստանին բան մը տան, մենք Ազրպէյճանին եռապատիկը աւելի պիտի տանք», ըսած է թուրք պաշտօնատարը:
Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանը պատերազմ չ՛ուզեր եւ Հայաստանի հողերուն նկատմամբ յաւակնութիւն չի ներկայացներ:


