Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանօ Պրիւքսելի մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Հայաստանի համար սահմանուած տնային աշխատանքը աւելի շատ բարեփոխումները շարունակելու իմաստով էր: Մենք կը խօսինք Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական առումով Եւրոպական Միութեան մօտեցնելու մասին: Եւ ատիկա կը ներառէ, ի հարկէ, բարեփոխումներու վրայ աշխատանք` ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում եւ բարեփոխում, ի հարկէ, անհրաժեշտ տնտեսական բարեփոխումներ, օրէնքի գերակայութեան ապահովում, փտածութեան դէմ պայքար: Եւ այս հարցին մէջ Հայաստանը հսկայական աշխատանք կատարած է: Ասիկա այսօր գնահատուեցաւ եւ կը շարունակէ գնահատուիլ:
«Սակայն, ի հարկէ, կան խնդիրներ, որոնք տակաւին պէտք է բարելաւուին: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ ձեր յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութիւնը այն դերակատարը չէ, որ ըսէ` եթէ կ՛ուզէք մեզի հետ աշխատիլ, պէտք է հրաժարիք բոլոր միւս գործընկերներէն: Մենք կողմնակից ենք ներառական համագործակցութեան: Եթէ կը կարծէք, որ ձեր շահերէն մեկնելով կարեւոր է, կամ` լաւ է, կամ` ձեռնտու է Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւն մը ունենալ, կրնաք ատիկա ունենալ, եթէ անիկա չի հակասեր Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, օրինակ` մեր պատժամիջոցներու քաղաքականութեան:
«Այսպիսով, եթէ դուք աւելի սերտ կապեր կը զարգացնէք Եւրոպական Միութեան հետ, ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է կրճատէք ձեր կապերը որեւէ այլ գործընկերոջ հետ: Անկախ անկէ` դուք կ՛ուզէք ունենալ ռուս զինուորներ, ռուսական Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութիւն կամ որեւէ այլ ռուսական իրաւապահ մարմին ձեր հողին վրայ, ատիկա ձեր գերիշխան որոշումն է: Մենք չենք ըսեր` եթէ կ՛ուզէք մեզմէ աւելին ստանալ, պէտք է ձերբազատուիք ռուսերէն: Եւրոպական Միութիւնը այդպէս չ՛աշխատիր»:
Սթանօ նաեւ յայտնեց. «Տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան համար մենք ունինք միջազգային օրէնք: Եւ Եւրոպական Միութիւնը շատ յստակ մօտեցում ունի` պէտք է յարգել միջազգային օրէնքը, անիկա չի կրնար խախտուիլ: Իսկ եթէ կան խնդիրներ, ապա անոնք պէտք է լուծուին բանակցային սեղանի շուրջ:
«Այդ իսկ պատճառով մենք մեծապէս ներգրաւուած ենք աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու հոլովոյթին` լուծելու բոլոր գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շատ ներգրաւուած է ատոր մէջ` բարձր ներկայացուցիչ Պորելի, Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի աջակցութեամբ:
«Ասիկա այն է, ինչ որ մենք արդէն կ՛ընենք` կ՛աշխատինք երկու կողմերու հետ երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով` այդ հոլովոյթը յառաջ տանելու համար: Սակայն, ի վերջոյ, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է իրենք լուծում գտնեն: Ոչ ոք կրնայ խնդիրը ձեր փոխարէն լուծել: Ոչ ոք կրնայ ձեզի լուծումներ պարտադրել: Մենք բոլորս` միջազգային ընտանիքը միայն կրնանք օգնել»:
Սթանոն աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը այստեղ չի կրնար իրաւարարի դեր խաղալ: Չի կրնար լուծման հոլովոյթին մէջ գլխաւոր դերը ստանձնել:
«Մենք կրնանք օժանդակ դեր խաղալ այլ գործընկերներու հետ` Միացեալ Նահանգներու, ՄԱԿ-ի հետ, եթէ կ՛ուզէք, որովհետեւ խօսքը միջազգային օրէնքի յարգման մասին է: Մենք ոչ թէ լծակ կը գործադրենք, ոչ թէ պարտադրանք` ոեւէ մէկուն ստիպելու բան մը ընել, այլ կ՛առաջարկենք մեր ծառայութիւնները, մեր լաւագոյն փորձառութիւնը եւ մեր լաւ մտադրութիւնները` օգնելու կողմերուն լուծում գտնել: Վերջ ի վերջոյ, կրկին կ՛ընդգծեմ` Ազրպէյճանն ու Հայաստանն է, որ պէտք է համաձայնին:
«Եւրոպական Միութիւնը նոյն դիրքորոշումը ունի ամբողջ աշխարհի վրայ: Եթէ մենք քիչ մը հեռանանք եւ ատիկա աւելի լայն տեսանկիւնէն դիտենք, ապա Եւրոպական Միութիւնը կը նպաստէ Սերպիոյ եւ Քոսովոյի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կը շարունակուի, եւ այս երկիրները շատ աւելի մօտ են Եւրոպական Միութեան: Մենք կը դիւրացնենք հոլովոյթը, սակայն չենք կրնար անոնց ստիպել լուծում գտնել, որովհետեւ անոնք տակաւին չեն տեսներ, որ այս լուծումը երկուքին համար ալ լաւ փոխզիջում է: Նոյնն է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի պարագային: Այնտեղ շատ երկար ժամանակ լուծումի հոլովոյթ եղած է, սակայն քանի դեռ երկու կողմերը պատրաստ չեն, ուրիշ ոչ ոք կրնայ լուծում պարտադրել:
«Մենք երկիրներուն եւ գործընկերներուն բան մը պարտադրելու գործով չենք զբաղիր: Մենք կը շեշտենք միջազգային օրէնքը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Մենք կը շեշտենք հաշտութեան, բարի դրացիական յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոնք քաղաքակիրթ կեանքի սկզբունքներն են: Եւրոպական Միութեան մէջ մենք կ՛ապրինք 21-րդ դարուն մէջ, իսկ 21-րդ դարում մէջ հարցերը կը լուծուին քննարկումներու միջոցով, ոչ թէ ուժով»:


