Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփիրքին. «Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձի Հարցը Ռուսիոյ Համար Կարեւոր Է»

April 3, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը Ռուսիոյ համար կարեւոր է: Շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը այդ մասին կը խօսի: Այս մասին «24Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

«Մենք միշտ նկատած ենք, եւ այդ մասին հրապարակաւ ըսուած է, որ կարեւոր է, որ հայերը ապրին իրենց պատմական հայրենիքին` Ղարաբաղի մէջ: Ատով պայմանաւորուած է այնտեղ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը: Ինծի համար ատիկա կը վկայէ, որ այդ հարցը չի վերցուիր: Ղարաբաղցի այն հայերը, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ, ատոր իրաւունքը ունին: Ես այնպէս կը հասկնամ, որ ազրպէյճանական կողմէն այդ իրաւունքը չի մերժուիր», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումի պարագային Ռուսիան պիտի կատարէ՞ իր պարտականութիւններ, Քոփիրքին  յայտնած է.«Ես հիմքեր չունիմ կարծելու, որ Ռուսիան կը հրաժարի այն պարտականութիւններէն, որոնք ստանձնած է համաձայնագիրներով: Մեր բոլոր հրապարակային յայտարարութիւնները նշեալ հարցը կասկածի տակ դնելու առիթ չեն տար: Ես ինքս կ՛ուզեմ հարցնել` (Հայաստանի իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ հնչող) ոչ բարեկամական յայտարարութիւնները ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն:

«Ամէն պարագայի, անհրաժե՞շտ է, որ Ռուսիան կատարէ իր պարտականութիւնները, թէ՞ պէտք է ստեղծել կացութիւն մը, որ ան չկատարէ այդ պարտականութիւնները: Ակամայ այս հարցումը կը յառաջանայ, նախապէս չէի ալ մտածեր այս մասին, իսկ հիմա պէտք է»:

Պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի մեղադրանքին, թէ Ռուսիան արտօնած է Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը, դեսպանը նկատած է, որ ինքնին Ռուսիան չէ արտօնած, որ տեղի ունենայ այդ սպանդը, եւ կանխած է աղէտը, այն պարագային, երբ կացութիւնը բաւական ծանր էր:

«Ռուսիոյ համար ալ դժուար էր կանխարգիլել այդ աղէտը, ինչին շատ լաւ ծանօթ է հայկական ղեկավարութիւնը: Երբ նմանատիպ հանրային մեղադրանքներ կը հնչեն, իմ մօտ հարցում կը յառաջանայ, թէ ատիկա ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ: Չէ՞ որ ատիկա բացայայտ սուտ է, մարդիկ գիտեն, որ ատիկա սուտ է», աւելցուցած է դեսպանը:

Նախորդը

«Մեզի Պարտադրուած Տագնապներուն Դիմաց Պէտք Չէ Ընկճուիլ, Յուսահատիլ, Այլ Յարութեամբ Զինուած` Պէտք Է Շարունակել Մեր Հաւատքի Պայքարը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Միլլըր. «Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զերծ Մնալու Յարձակողական Հռետորաբանութենէ Եւ Գործողութիւններէ, Որոնք Կրնան Յանգեցնել Կացութեան Սրման»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.