Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու յարձակողական հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել կացութեան սրման: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
Լրագրողի խնդրանքով անդրադառնալով վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ յառաջ մղուող հայկական կողմէ մագլցումի ուղղուած ջանքերու վերաբերեալ պնդումներուն` Միլլըրը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը նման բան չէ արձանագրած: Սահմանին վրայ, ըստ առաքելութեան, հանգիստ է, եւ զօրքերու ու «հակառակ այդ յայտարարութիւններուն» հրետանիի արտասովոր տեղաշարժեր չկան:
«Մենք կը շարունակենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղել` զերծ մնալու յարձակողական հռետորաբանութենէն, որ կրնայ յանգեցնել սահմանին վրայ մագլցումի եւ մարտական գործողութիւններու:
«Կը շարունակենք կոչ ուղղել շրջանին մէջ ստեղծելու արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար պայմաններ, ուր բոլորին իրաւունքները կը յարգուին: Կայուն խաղաղութիւն ապահովելու միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանն է», նշած է ան:
Հայ–Ազրպէյճանական Խաղաղութեան Հոլովոյթը
5 Ապրիլի Հանդիպումի Կիզակէտը Պիտի Չըլլայ
Միլլըր յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի կիզակէտը հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթը պիտի չըլլայ:
«Յիշեցէ՛ք, թէ այս հանդիպումը Հայաստանի բարեփոխումներու եւ անոր ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ դիմացկունութեան մասին է: Խաղաղութեան հոլովոյթը այս հանդիպումի կիզակէտը չէ. ասիկա Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպում է` քննարկելու տնտեսական բազմազանացումը, մարդասիրական օգնութիւնը, տեղահանուածներուն աջակցիլը, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ոլորտներուն մէջ Հայաստանի քաղաքական բարեփոխումներուն աջակցութիւնը: Ատիկա շրջանային ուղղուածութիւն ունեցող հանդիպում չէ», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ համակարծիք չէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութեան, թէ 5 ապրիլի հանդիպումը «ակնյայտօրէն միակողմանի, կանխակալ եւ երկակի չափանիշներու վրայ հիմնուած է»: