«Ռոսաթոմ»-ը պատրաստ է գործադրելու նոր հիւլէակայանի որեւէ նախագիծ, որ պիտի ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը: Սոչիի մէջ ընթացող «ԱԹՈՄԷՔՍՓՕ-2024» միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ յայտարարած է պետական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնի առաջին տեղակալ, զարգացման եւ միջազգային առեւտուրի բաժինի տնօրէն Քիրիլ Քոմարով:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը «Ռոսաթոմ»-ի համար կարեւոր գործընկեր է` յատուկ նշելով հայ եւ ռուս մասնագէտներու` Հայկական հիւլէական կայանի ծառայութեան ժամկէտի երկարաձգման ուղղուած միացեալ աշխատանքը:
«Թէ ինչպիսի՛ կայան պէտք է կառուցուի, կախեալ է Հայաստանի կառավարութեան որոշումէն: Տարբեր կանխատեսումներ կան, թէ ի՛նչ հզօրութեան արտադրամաս անհրաժեշտ է: Ոմանք կ՛ըսեն, որ պէտք է անպայման փոքր արտադրամասեր կառուցել:
«Ես կը հաղորդակցիմ Հայաստանի մեր գործընկեր ուժանիւթի մարզի պաշտօնատարներու հետ, այնտեղ կարծիք կայ, որ «հազարնոց արտադրամաս»-ը եւս կրնայ հետաքրքրական ըլլալ, յատկապէս եթէ մասնակի արտածում ապահովենք դրացի երկիրներ, օրինակ` Վրաստան», ըսած է Քոմարով:
Անոր համաձայն, «Ռոսաթոմ»-ի արտադրանքը կ՛արտօնէ իրականացնել Հայաստանի կառավարութեան որեւէ որոշում:
«Բայց պէտք չէ պատրանքներ ունենալ: Պէտք է հասկնալ, որ փոքր հզօրութեան կայանները միշտ աւելի սուղ պիտի ըլլան, քան մէկ մեծ հզօրութեան կայանը», ըսած է Քոմարով:
Անոր համաձայն, պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ գտնել այնպիսի լուծում, որ մէկ կողմէ առաւելագոյնս պիտի բաւարարէ Հայաստանի ուժանիւթային համակարգի կարիքները, միւս կողմէ` պիտի արտօնէ առաւել աժան եւ կայուն ելեկտրականութիւն ստանալ:
«Այս առումով «Ռոսաթոմ»-ի մէջ որեւէ ճարտարագիտութիւն կայ, եւ Հայաստանի ղեկավարութեան որեւէ որոշում մենք ի վիճակի պիտի ըլլանք կատարել», նշած է Քոմարով: