Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Չենք Կրնար Մոսկուան Հարաւային Կովկասի Մէջ Իբրեւ Վստահելի Դաշնակից Նկատի Ունենալ»

March 28, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու շարունակական ժողովրդավարական զարգացման, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին ի պատասխան, արձագանգելով ՌԱՆՏ-ի հրապարակման, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով, որ անիկա ամբողջ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքն է, եւ ճիշդ այդ նպատակով է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդլայնեն Հայաստանի հետ լայն շրջանակով յարաբերութիւններուն մէջ ներգրաւուածութիւնը:

Ողջունելով որեւէ բարեխիղճ ներգրաւուածութիւն, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերէ Հարաւային Կովկասի ազգերուն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ իրենք չեն կրնար Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ կամ այլուր իբրեւ վստահելի կամ բարեխիղճ դաշնակից կամ գործընկեր նկատի ունենալ:

«Ականատես եղած ենք Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ դէմ շարունակուող, աւերիչ յարձակումին, Վրաստանի գերիշխան տարածքի շարունակական բռնագրաւման եւ շրջանին մէջ ու ամբողջ աշխարհի վրայ ապակայունացնող գործողութիւններուն: Ուստի, չենք կրնար Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ կամ այլուր իբրեւ վստահելի կամ բարեխիղճ դաշնակից կամ գործընկեր նկատի ունենալ», նշուած է պատասխանին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին` նախարարութիւնը ընդգծած է, որ հետեւողականօրէն խրախուսած է Հարաւային Կովկասի երկիրները համապարփակ գնահատել Իրանի մտադրութիւնները եւ զգուշութեամբ շարունակել իրանեան վարչակարգին հետ առնչուած բոլոր գործարքները:

Ամերիկեան ՌԱՆՏ հեղինակաւոր ընկերութիւնը վերջերս հրապարակած էր «Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնը` հակառակ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն, սակայն կրնան օգնել» խորագիրով վերլուծումը:

Վերլուծաբանները նշած էին, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աւելի զգուշ ռազմավարութիւն վարեն թէ՛ իրենց, թէ՛ Հայաստանի շահերէն մեկնելով: Ուաշինկթըն պէտք է Հայաստանին ապահովէ ինքզինք պաշտպանելու միջոցներով` միեւնոյն ժամանակ յստակ ակնկալութիւններ դնելով իր պարտաւորութիւններու սահմաններուն վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Քոմարով. «Ռոսաթոմ»-ը Կրնայ Գործադրել Հայաստանի Մէջ Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Որեւէ Նախագիծ»

Յաջորդը

Միլլըր. «Մեր Նպատակն Է Երեւանն Ու Պաքուն Խրախուսել Կայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հասնելու Ուղղութեամբ Աշխատելու»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.