Ռուսիայէն անմիջական սպառնալիք չկայ: Այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ:
Ան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղած է պատրաստուելու Ռուսիոյ հետ ճակատման, հետեւելու Էսթոնիոյ օրինակին` աւելցնելով զինուորական ծախսերը, «պահպանելու հանգստութիւնը, ներդրումներ կատարելու զէնքի արտադրութեան մէջ եւ մեծցնելու Ուքրանիոյ ցուցաբերուող աջակցութիւնը»:
Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի յայտարարեց. «Փութին կը սադրէ Եւրոպային, քանի որ անոր անհրաժեշտ է ուշադրութիւնը շեղել մարտադաշտին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներէն, Ուքրանիոյ պատերազմէն:
«Ան նոր թշնամի կը փնտռէ, եւ այդ նոր թշնամին կրնայ Եւրոպան ըլլալ: Ի հարկէ, մենք պէտք է զգօն ըլլանք, վերահսկենք իրավիճակը եւ շարունակենք ընել այն ամէնը, ինչ որ հիմա կ՛ընենք:
«Սակայն ես չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է Փութինին նման առաւելութիւն տանք: Ես համոզուած եմ, որ յատկապէս այս պահուն մենք պէտք է պահպանենք մեր հանգստութիւնը»:


