Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պունտըսլիկա». Պայեր Լեւերքուզըն Կը Սուրայ Դէպի Ախոյեանութիւն

March 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` «Պունտըսլիկա»-ն, ըստ երեւոյթին նոր ախոյեան մը պիտի ունենայ այս տարեշրջանի աւարտին:

Պայեր Լեւերքուզըն, որ այս տարեշրջանին տակաւին պարտութիւն չէ կրած, 26-րդ հանգրուանին կը մրցէր Ֆրայպուրկի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ֆլորիան Վիրց 2-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի առաջին կոլը, բայց Ֆրայպուրկ 10-րդ վայրկեանին կրցաւ հաւասարիլ` շնորհիւ Ռիցու Տոնի խելացի հարուածին:

Լեւերքուզըն, որ «Եուրոփա լիկ»-ի քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ուեսթ Համին դէմ, 40-րդ վայրկեանին կրցաւ 2-1-ի փոխել արդիւնքը` շնորհիւ Ատամ Հլոզեքի: Փաթրիք Շիք նշանակեց մարզիչ Չապի Ալոնսոյի խումբին 3-րդ կոլը: Այս կոլէն ետք Լեւերքուզըն «հանդարտեցուց» մրցումը` առիթ տալով, որ Եաննիք Քիթել նշանակէ Ֆրայպուրկի 2-րդ կոլը: Վիրցի հարուածը դպաւ Ֆրայպուրկի բերդի սիւնին, մինչ Քիլիան Սիլտիլիա գլխու հարուածով ոսկի առիթ մը կորսնցուց ի նպաստ Ֆրայպուրկի, կորսուած վայրկեաններուն:

Երկրորդ դիրքը գրաւող Պայէրն Միւնիխ 11 յաջորդական տարիներ ախոյեանութիւնը շահելէ ետք ըստ երեւոյթին այս տարի պիտի ձախողի 12-րդ ախոյեանութիւնը շահիլ, ոչ թէ որովհետեւ լաւ խումբ չէ, այլ որովհետեւ Լեւերքուզըն կէտ չի կորսնցներ այս տարի, եւ շատ դժուար է 10 կէտ հեռու գտնուելով կայուն խումբի մը մօտենալ:

Պայերն Միւնիխ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տարմշթատը: Տարմշթատ իր դաշտին վրայ բացաւ մրցումին հաշիւը 28-րդ վայրկեանին, սակայն 8 վայրկեան ետք, շատ լաւ վիճակի մէջ գտնուող Ժամալ Մուսիալա, օգտուելով Հերի Քէյնի փոխանցումէն, նշանակեց Պայերնի հաւասարութեան կոլը: 46-րդ վայրկեանին, Քիմիչի փոխանցումէն օգտուելով Հերի Քէյն նշանակեց Պայերնի 2-րդ կոլը: Քէյն դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան առաջին մարզիկը, որ իր առաջին տարեշրջանին 31 կոլ կը նշանակէ 26 մրցումներու ընթացքին:

64-րդ վայրկեանին Մուսիալա նշանակեց 3-րդ կոլը, Սերժ Կնապրի 74-րդ վայրկեանին` 4-1, իսկ Մաթիս Թել 93-րդ վայրկեանին` 5-1:

95-րդ վայրկեանին Օսքար Վիլհելմսոն նշանակեց Տարմշթատի եւ մրցումի վերջին կոլը: Արդիւնք` 2-5: Սարգիս Ադամեան նշանակեց Քէօլնի միակ կոլը, մինչ Լայփցիկ 5 անգամ պատասխանեց:

Ստորեւ` 26-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Քէօլն – Լայփցիկ 1-5
Մայնց – Պոխում 2-0
Վոլֆսպուրկ – Աուկզպուրկ 1-3
Հայտընհայմ – Մէօնշընկլատպախ 1-1
Ունիոն Պերլին – Վերտըր Պրեմըն 2-1
Տարմշթատ – Պայերն Միւնիխ 2-5
Հոֆենհայմ – Շթութկարթ 0-3
Ֆրայպուրկ – Լեւերքուզըն 2-3
Տորթմունտ – Ֆրանքֆորթ 3-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

1.- Լեւերքուզըն 70 (66-18)
2.- Պայերն Միւնիխ 60 (78-31)
3.- Շթութկարթ 56 (60-31)
4.- Տորթմունտ 50 (53-32)
5.- Լայփցիկ 49 (60-32)
………………………………………
16.- Մայնց 19 (22-46)
17.- Քէօլն 18 (20-47)
18.- Տարմշթատ 13 (26-65)

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Յաջորդը

Ժիրոնա Հետաքրքրուած Է Սփիրձեանով

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.