«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն երէկ Լէյքըրզ 136-105 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլանթա Հոքսի դէմ:
Լըպրոն Ճէյմս 25 կէտ, 10 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տ՛Անճելօ Ռասըլ նշանակեց 27 կէտ` հաւասարելով Լէյքըրզի 3 կէտերու մրցանիշին:
Ռասըլի 6 յաջող 3 կէտնոց կողովները հասցուցին 183-ի, այս եղանակին, թիւ մը, որ Քոպի Պրայընթի 2005-2006 տարեշրջանի 180-էն աւելի էր, եւ Նիք Վան, Էսքըլի մրցանիշին հաւասար, որ արձանագրած էր 1994-1995 տարեշրջանին:
Ռասըլ աւելցուց 10 էսիսթ, մինչ Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 22 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 2 պարտութիւններէ ետք յաղթանակ մը արձանագրեց: Պոսթըն Սելթիքս իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 10 մրցումներուն, հակառակ անոր որ խումբին թիւ 1 աստղ Ճէյսըն Թէյթըմ բացակայ էր աջ ոտքի ցաւի պատճառով:
Ճէյլըն Պրաուն 31 կէտ նշանակեց 3 մասերու ընթացքին, մինչ Տերեք Ուայթ ձեռք ձգեց իր ասպարէզի առաջին թրիփըլ տապըլը: Ուայթ 22 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 114-104 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Եութա Ճեզի դաշտին` Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ:
Անթոնի Էտուըրտծ 32 կէտ նշանակեց եւ եղաւ մրցումին աստղը, մինչ Լաուրի Մարքանէն 22 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Քլիվլենտ Քեւերլիրզ 103-108
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մայեմի Հիթ 98-91
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 119-94
Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-107
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 104-114
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 121-111
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 112-119
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Աթլանթա Հոքս 136-105