ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Լեւոն Միսիրեան
Տիար Սարգիս Միսիրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Միսիրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Թամար Միսիրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պերճ եւ Մարալ Մինասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լենա Միւյէսէրեան եւ զաւակունք
Միսիրեան եւ Եահնիեան ընտանիքներ
Շապաֆալուվա եւ Չամիչեան ընտանիքներ
Քիճիճի եւ Մինասեան ընտանիքներ
Միւյէսէրեան եւ Պըրպերի ընտանիքներ
Ապի Ֆրամ եւ Առաքելեան ընտանիքներ
Սէմէրճեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ
Պարսումեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, կեսրոջ, զոքանչին եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՆՇԱՆ ՄԻՍԻՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵԱՀՆԻԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 մարտ 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 9 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպես հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 10 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ կիրակի, 10 մարտ 2024-ին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Պիտի հանդիսապետէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն:
Սրբազան հայրը առաւօտեան ժամը 9:15-ին պիտի հասնի Արաքս թաղի մուտքին, պիտի արժանանայ ժողովրդային ընդունելեութեան, ապա թափօրով պիտի առաջնորդուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին դիմաւորելու սրբազան հայրը եւ ներկայ ըլլալու սուրբ եւ անմահ պատարագին ու հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ԾԱՆՕԹ.- Շաբաթ, 9 մարտ 2024-ին կրպակներու զետեղում, փոքրերու յատուկ յայտագիր եւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳՐԻԳՈՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 մարտ 2024-ին, Նոր Սիս թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՐԻ ԹԱՊԱԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 մարտ 2024-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԽԱԺԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 մարտ 2024-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները 10 յունուարէն 29 փետրուար 2024-ի ընթացքին.
– Սալբի Ագըլեան 100 $
– CLLO (Քալիֆորնիոյ լիբանանցի կիներու կազմակերպութիւն) 1.000$
– Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիւզան Պարսումեան 500$
– AMA (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն) 2.500$
– ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ 200$
– Պրն. Եսայի Հաւաթեան 115$
(Փոխան ծառերու սրսկումներու դեղերու)
– Պրն. Յակոբ Լուսարարեան 1.000$
– Տոքթ. Լեւոն Պոյաճեան 350$
(Փոխան օրուան ճաշի` իր մօր մահուան քառասունքին յիշատակին)
– Արսլանեան ընտանիք 200$
Յարութիւն Արսլանեանի մահուան առիթով
– ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ
Պանան 14 քիլօ
Քլէմանթին 14 քիլօ
Պրիոշ 120 հատ
Սիրըմի փոշի 120 հատ
– Պրն. Սարգիս Պուտագեան (հիւանդապահուհիներու եւ պաշտօնեաներու 52 համազգեստներ)
– Սարգիս Սարգիս, Թորոս Հելվաճեան եւ Սոնա Պօղոսեան Այնճարէն 50 կապ հաց
– Երգիչ Յովիկ Թաֆրապեան (Սիրայօժար եւ անվճար իր երգերով ուրախացուց եւ ճոխացուց բուժարանի պատսպարեալները` տիկնանց կազմակերպած Բարեկենդանի ձեռնարկին, 17 փետրուար 2024-ին)
– Զարմիկ Քիչըն Տոնաթս պատսպարեալներուն համար
– Ազգային մը Քուքիզ
– Պրն. Արա Պատիրեան տարբեր չափերու նայլըն տոպրակներ
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ