Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ին Մասնակցութիւնը Սառեցուած Է»

Փետրուար 24, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակցութիւնը այս պահուս սառեցուած է: Այս մասին «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մեր կարծիքով` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը Հայաստանի նկատմամբ կեանքի չէ կոչուած, յատկապէս` 2021-2022 թուականներուն: Ասիկա չէր կրնար վրիպիլ մեր ուշադրութենէն: Մենք «սառեցուցած» ենք այս պայմանագիրին մեր մասնակցութիւնը: Տեսնենք` յետոյ ինչ կ՛ըլլայ», ըսած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ «կը գերակայէ Մոսկուան»:

Պատասխանելով Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի հաւանական փակման մասին հարցումին` Հայաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ «այս պահուս ատիկա չի քննարկուիր»:

«2023 թուականի սեպտեմբերեան իրադարձութիւններուն ժամանակ եւ հոկտեմբերին Ռուսիոյ ամէնէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէին` դուրս գալու փողոցներ եւ տապալելու Հայաստանի ընտրուած, օրինական կառավարութիւնը: Ռուսական պատկերասփիւռի կայանները վեց տարի շարունակ համակարգուած, հետեւողական եւ նպատակամղուած հակաքարոզչութիւն կ՛ընեն Հայաստանի ընտրուած իշխանութեան եւ անձամբ ինծի դէմ: Ալ ուրիշ ի՞նչ հետեւութիւն ընելու տեղ կը մնայ», ըսած է Փաշինեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները «հաստատութենական աւանդութիւններու» շարունակութիւն են:

«Մեզ յատկապէս կ՛անհանգստացնէ ռուս զինուորներու կողմէ Հայաստանի մէջ ռուս դասալիք Տմիթրի Սեթրաքովի առեւանգումը», նշած է ան:

Հայաստանի վարչապետը այս ծիրին մէջ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ նման ապօրինի գործողութիւնները անթոյլատրելի են: Հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ Երեւանի պահանջները չկատարուին:

Փաշինեան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը շատ հաւանական է:

Ըստ անոր, իրենք խնդիր կ՛ունենան խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ արտայայտելու երեք սկզբունքները, որ յայտարարուած ու հրապարակուած են միջազգային հարթակներու վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ: Վերլուծելով այս խնդիրներն ու Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները` կու գան այն եզրակացութեան, որ այո՛, Հայաստանի վրայ յարձակումը շատ հաւանական է:

Ան մանրամասնած է, թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նկատի կ՛առնուի, որ Հայաստանի տարածքին մեծ մասը ազրպէյճանական է: Բացի ատկէ ըստ Փաշինեանի, Ազրպէյճան գործնականին մէջ առանց տարընթերցումներու չի ճանչնար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը, հակառակ անոր որ «դիւանագիտական մակարդակի վրայ Ազրպէյճանը կը հաւաստէ, թէ յարձակելու ոչ մէկ մտադրութիւն ունի»:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռք բերած զէնքին վերաբերեալ Ազրպէյճանի մեղադրական յայտարարութիւններուն մասին Փաշինեան ըսած է. «Ազրպէյճանը ամէն անգամ աղմուկ կը բարձրացնէ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ մեր որեւէ նոր պայմանագիրի համաձայնագիրի, սակայն չ՛ըսեր իր միլիառաւոր տոլարներու զէնքի գնումներուն մասին, ասիկա կարեւոր փաստ է»:

«Ինչո՞ւ Ազրպէյճանը մտահոգուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու բարեփոխումներով, երբ ան բռնագրաւուած կը պահէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքները, երբ մենք կ՛առաջարկենք վերջնականապէս սահմանազատել մեր սահմանները եւ հայելային տարբերակով դուրս բերել զօրքերը: Մենք փոխադարձաբար ետ պիտի քաշէինք մեր զօրքերը սահմանէն, ինչ որ կրնար դէպի խաղաղութիւն քայլ ըլլալ», նշած է ան:

ՀԱՊԿ–ի Քարտուղարութեան Արձագանգը

ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը Երեւանի կողմէ անդամակցութեան դադրեցման դիմում չէ ստացած, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թեզը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը վերաբերի հանրապետութեան` կազմակերպութեան շարք մը միջոցառումներուն չմասնակցելուն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութենէն:

«ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը այս պահու դրութեամբ Երեւանի կողմէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը դադրեցնելու մասին որեւէ դիմում չէ ստացած: Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան սառեցման մասին թեզին, ամենայն հաւանականութեամբ, խօսքը կը վերաբերի վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան կազմակերպութեան կողմէ կատարուող շարք մը միջոցառումներուն չմասնակցելուն», յայտնած են ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութենէն:

Փեսքով. «Փութին Հայաստանի`
ՀԱՊԿ–ի Անդամակցութեան Հարցը
Փաշինեանի Հետ Տակաւին Չէ Քննարկած»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տակաւին չէ քննարկած Երեւանի` ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը դադրեցնելու նիւթը: Եւ առայժմ նման հաղորդակցութիւններ չեն նախատեսուիր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Փութին Փաշինեանի հետ հաղորդակցութիւններու մէջ չի՞ պատրաստուիր յստակացնել Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ի անդամակցութեան հարցը, թէ առայժմ ոչ մէկ հաղորդակցութեան ծրագիր կայ, Փեսքով ըսած է. «Ո՛չ, այս պահուս որեւէ հաղորդակցութիւն չկայ եւ չէ եղած: Սակայն աշխատանքային հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ, ի հարկէ, մենք նկատի ունինք մեր հայ բարեկամներէն յստակացնել, թէ ի՛նչ նկատի ունին, եւ ինչպէ՛ս են գործերը. այդ պատճառով մենք պիտի շարունակենք Երեւանի հետ մեր երկխօսութիւնը»:

Ազրպէյճանի Արձագանգը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Փաշինեանը` պնդելով, որ ան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին «անհիմն» մեղադրանքներ հնչեցուցած է Ազրպէյճանի հասցէին:

Ըստ Պաքուի, անոնք միտումնաւոր լարուածութիւն կը ստեղծեն շրջանին մէջ եւ նպատակ ունին անգամ մը եւս խաթարել խաղաղ հոլովոյթը:

«Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք Հայաստանի նման յայտարարութիւնները եւ զանոնք հնչեցնելու վայրը Ֆրանսան ընտրելը Հայաստանի կողմէ Գերմանիոյ ջանքերուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք է: Անիկա կը վկայէ խաղաղ հոլովոյթի վրայ Ֆրանսայի շարունակուող բացասական ազդեցութեան մասին», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ նախարարութեան, յայտարարութիւնները, թէ Ազրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի վրայ յարձակելու եւ չի պահպաներ միջազգային օրէնքի սկզբունքները` գոյութիւն ունեցող փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրում են եւ նպատակ ունին մոլորեցնել միջազգային ընտանիքը:

«Այն յայտարարութիւնները, թէ Ազրպէյճանը կը պատրաստուի պատերազմի, վերջին շրջանին զանգուածային ռազմականացում իրականացնող եւ 5 ամիս շրջանի կացութիւնը ապակայունացնող Հայաստանի կողմէ, բացարձակապէս անհիմն են», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Քլաար Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախագիծի Հեռանկարները

Յաջորդը

«Եթէ Հայաստան Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Կարիք Ունենայ, Անոնք Եւս Պիտի Տրամադրուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ  Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ  Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»
Հայկական

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»

Յունիս 13, 2025
«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի  Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին  Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն»  Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը
Հայկական

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն» Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը

Յունիս 13, 2025
Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է  Փութինին Եւ Միշուսթինին`  Ռուսիոյ Օրուան Առիթով
Հայկական

Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է Փութինին Եւ Միշուսթինին` Ռուսիոյ Օրուան Առիթով

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?