Մոսկուայի «Տոմտոյետովօ» օդակայանին մէջ Հայաստանի դիմումին հիմամբ ձերբակալուած ազրպէյճանցի ֆիզիքական պատրաստութեան մարզիչ Քամիլ Զէյնալլին ազատ արձակուած է եւ վերադարձած Պաքու:
Ան ազրպէյճանական «ԱԶԱԼ» օդանաւային ընկերութեան թռիչքով Մոսկուայի «Վնուքովօ» օդակայանէն մեկնած է Պաքու, ինչի մասին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:
Ըստ վերջինիս, Ազրպէյճանի դեսպանատունը հսկայական ջանքերու եւ աշխուժ բանակցութիւններու գնով կրցած է ռուսական կողմը համոզել Հայաստանի քննչական մարմիններուն կողմէ ներկայացուած մեղադրանքի «անհիմն» ըլլալուն եւ հասած Ազրպէյճանի քաղաքացիի ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձին:
Նշենք, որ Զէյնալլին 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Արցախի մէջ «Ալլա Աքպար» բացագանչելով դանակով կտրած է հայ ծերունիի մը կոկորդը: Հայաստանի իշխանութիւնները անոր նկատմամբ սպանութեան մեղադրանքով միջազգային հետախուզում յայտարարած են:
Զէյնալլի պէտք էր երէկ Ռուսիոյ մէջ դատարանի առջեւ կանգնէր:


