«Լաւ քննարկում ունեցանք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին»: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:
«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ», գրած է Միշել: