Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփիրքին. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Ամրութեան Քննութենէ Կ՛անցնին»

February 14, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները ամրութեան քննութենէ կ՛անցնին, անցեալ տարին բարդ էր: «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

«Ողբերգական իրադարձութիւնները` հայ բնակչութեան Լեռնային Ղարաբաղէն արտագաղթը, չէր կրնար չազդել նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կացութեան վրայ:

«Գաղտնիք չէ, որ տեղի ունեցածին համար պատասխանատուութեան զգալի մասը կը նախընտրեն բարդել նաեւ Ռուսիոյ վրայ: Ատիկա անդրադարձած է մեր քաղաքական երկխօսութեան վրայ», նշած է Քոփիրքին:

Դիւանագէտին կարծիքով` յայտնի է, որ հայկական ղեկավարութիւնը հիմա հարցականի տակ դրած է անվտանգութեան ապահովման այն բանաձեւը, որ կը գործէր մինչեւ օրս, եւ այդ ոլորտին մէջ բազմազանացման ուղղութիւն առած է:

«Այս ամէնը չէր կրնար չանդրադառնալ մեր յարաբերութիւններու մթնոլորտին վրայ: Ուղղակի պէտք է ըսեմ, որ հիմա այդ յարաբերութիւնները իւրատեսակ ամրութեան փորձութիւններ կը դիմագրաւեն», նշած է դեսպանը:

Ռուսիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ իր մօտեցումը չէ փոխած: Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը, անոր համաձայն, բազմիցս ըսած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները իբրեւ դաշնակցային դիտարկել:

Երկկողմանի յարաբերութիւններու իրաւապայմանագրային հիմքը շուրջ 200 փաստաթուղթ է, ներառեալ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն վերաբերող: Եւ ռուսական կողմը կ՛ընէ առաւելագոյնը, որպէսզի տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու աշխուժութիւնը պիտի չնուազի:

Քոփիրքինի կարծիքով` հակառակ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն` երկկողմանի յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամուր մնալ:

Նոյն ժամանակ, անոր համաձայն, կայ գործօն մը, որ չի կրնար չմտահոգել. վերջին շրջանին շրջան բերուած է բան մը, որ կարելի է կոչել աշխարհաքաղաքական ճակատում:

«Արեւմտեան երկիրները, որոնք կը փորձեն օգտագործել շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները, գրաւ դրած են այն բանին վրայ, որ այստեղ թուլացնեն Ռուսիոյ դերը, թերեւս նոյնիսկ զայն դուրս մղելու նպատակով, եւ, ի հարկէ, ճեղքեր ստեղծեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

Այդ նպատակը չեն թաքցներ: Ամերիկացի պաշտօնական ներկայացուցիչները Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ուղղակիօրէն կը դնեն Ռուսիոյ, Իրանի դէմ պայքարի ծիրին մէջ: Այս ամէնը լուրջ մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ», ըսած է Քոփիրքին:

Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւններու հիմքն ու առարկայական շահերը բաւականաչափ ամուր են ներկայ փորձութիւնները յաղթահարելու համար:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Դիմադրութեան Կատարածը Ազգային Պատասխանատուութիւն Է»

Յաջորդը

Փանքին. «ՀԱՊԿ-ի Մէջ Հայաստանի Աշխատանքը Կը Համապատասխանէ Երեւանի Անվտանգային Շահերուն Եւ Կը Ծառայէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.