Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փանքին. «ՀԱՊԿ-ի Մէջ Հայաստանի Աշխատանքը Կը Համապատասխանէ Երեւանի Անվտանգային Շահերուն Եւ Կը Ծառայէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման»

Փետրուար 14, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` հրապարակային յարձակումներու եւ քննադատութեան փոխարէն սկսելու ՀԱՊԿ-ի մէջ տիրող վիճակի քննարկումին: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին:

«Մենք բոլորս շահագրգռուած ենք ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան հետագայ բարելաւումով եւ իբրեւ ռազմաքաղաքական միաւորում` ատոր արդիւնաւէտութեամբ: Անշուշտ, ատոր պիտի նպաստէր Հայաստանի շուտափոյթ վերադարձը կազմակերպութեան շրջանակին մէջ բնականոն եւ լիարժէք աշխատանքի: Ցաւօք, մեր հայ դաշնակիցները առայժմ իսկապէս հեռացած են անկէ: Երեւանի մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք` կազմակերպութեան հասցէին հրապարակային զգացական յարձակումներու եւ քննադատութեան փոխարէն սկսելու հասունցած հարցերու քննարկումի` քաղաքական եւ փորձագիտական մակարդակներու վրայ», ըսած է դիւանագէտը:

«Մոսկուան կը մեկնի անկէ, որ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան շարունակութիւնը կը համապատասխանէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Երեւանի շահերուն եւ կը ծառայէ եւրասիական տարածքին մէջ, ներառեալ հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման», ըսաւ Փանքին:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն հրաժարիլը Հայաստանի համար ձեռնտու պիտի չըլլար, պիտի հակասէր անոր շահերուն», յայտնեց ան:

Ըստ դիւանագէտին, ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է Հայաստանի համար, վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին երկիրը միութեան ծիրին մէջ յառաջատար դարձած է այնպիսի ցուցանիշներով, ինչպիսիք են համախառն ներքին արտադրութեան աճը, հիմնական դրամագլուխի մէջ ներդրումները, կատարուած շինարարական աշխատանքներու ծաւալը եւ այլն:

«Այս ամէնը մեծապէս կարելի դարձաւ միութեան մէջ միասնական շուկայի, աշխատանքային ներուժի տեղաշարժի ազատութեան, ձեռնարկութիւններու բացման ընթացակարգի պարզութեան, ուժանիւթի մատակարարման արտօնեալ պայմաններու եւ այլնի շնորհիւ: Այսպիսով, տնտեսական տեսանկիւնէն միութեան անդամակցութիւնը, անշուշտ, ձեռնտու է Երեւանին, եւ ատկէ հրաժարիլը, մեր կարծիքով, պիտի հակասէ երկրի շահերուն», ըսած է դիւանագէտը:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած առաջնահերթութիւնները համահունչ են համարկման զարգացման ոլորտին մէջ մեր մօտեցումներուն, մենք հաւատարիմ ենք արդիւնաւէտ համագործակցութեան», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Ամրութեան Քննութենէ Կ՛անցնին»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Մեկնաբանէ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Ժամկէտի Հարցը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?