ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման (Տեառնընդառաջի) նախատօնակի արարողութիւնը:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու Ս. Խորանի ընծայումը` Քրիստոսի օրինակով: Յետ եկեղեցական արարողութեան, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն, մասնակցելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, որպէսզի իրենց մանուկները Աստուծոյ ընծայեն եւ հայցեն Ամենակալին շնորհներն ու պաշտպանութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երեքշաբթի 13 փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Յետ եկեղեցական արարողութեան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահի կամ հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` 25-էն 40 տարեկան: Դիմել` հեռ. 76-506463: