Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուլերը Կարմիր Գոյն Չեն Սիրեր

February 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ    

Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյցի մը ընթացքին պատկերաւոր ձեւով մէջբերեց երեւոյթ մը, որ` «մենք կարմիր շորերով ճամբու մը վրայ ենք, ուր երկու կողմերը ցուլեր կեցած են: Կարմիր շորերը, հակառակ անոր որ տատիկին կողմէ կարուած են եւ արժէք ունին մեզի համար, սակայն պէտք է վերցնենք, պահարանը դնենք եւ նոր շորերով ցուլերուն մէջէն անցնինք»:

Խաղաղութեան խաչմերուկին մասին է այս խօսքը: «Կարմիր շորեր»-ն ալ մեր պատմութիւնն է: Ըստ Փաշինեանի, «ուրիշ ելք չկայ»-ի հաստատումով` պէտք է, որ մեր պատմութիւնը մէկ կողմ դնենք: Այսինքն` Սահմանադրութիւնը փոխենք: Քայլերգ փոխենք: Հայոց բանակը` Հայաստանի բանակ  վերանուանենք: Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեան վերածենք եւ այսպէս մենք բոլորս կը սկսինք «նոր, ապահով ուղի ունենալ»: Սփիւռքի հետ կապի խզումն ալ այս կողովին մէջ է: Երեք միլիոն հայութիւնը հայրենիքի մէջ խաղաղ ապրելու եւ եօթը միլիոն հայեր սփիւռքի մէջ անհայրենիք զգալու օրակարգը այսպիսով կը վերջանայ:

Ա՛յս է ուզուածը ոչ թէ ամէն բան լեկիդիմ չէ` ըստ Փաշինեանի: Այսինքն` ամէն բան անօրինական է: Նոյն այդ անօրինական սահմանադրութեամբ ընտրուած են եւ կը գործեն այսօրուան իշխանութիւնները:

Վարպետութիւնը, աւելի ճիշդը խելացի քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ ըլլալը «կարմիր շորերով» ցուլերու մէջէն անցնելու ճկունութիւնը գտնելն է: Շորերը փոխելը եւ պահարանը պահելը ինչի՞ կը ծառայեն, եթէ ոչ ինքնութիւնը կորսնցնելու:

Պիտի չերկարեմ նիւթը, ոչ ալ պիտի մտնեմ ըսի ըսաւի մէջ: Սակայն վստահաբար տարբերակներուն մէջ կայ այն տարբերակը, որ «կարմիր շորերով» կարելի է անցնիլ ցուլերուն ընդմէջէն, երբ ցուլերուն սահմանը դրուած ըլլայ, եւ մեր «կարմիր շորեր»-ն ալ զիրենք չգրգռէ` գիտնալով, որ մեր տատիկներուն յիշատակը կայ այդ «շորերուն» մէջ: Ամէն բան զիջումով  կատարելը եւ դիւրին ճանապարհով երթալը նոր զիջումներու կը տանին, փաստը մէջտեղն է:

Բանակի, պատմութեան թէ վաղը այլ սրբութիւններու անունները փոխելով միայն երեւոյթը, տեսքը, ձեւական անունները կը փոխուին: Ընդհակառակը` աւելի կը զօրանայ կամքը եւ պայքարը` հայոց ժողովուրդ, հայոց բանակ եւ հայոց պատմութիւն կերտելու:

 

Նախորդը

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 4. Հինի-Նորի «Տեսութեան» Լուսաւորուող Ծալքերը

Յաջորդը

Ռաֆահի Դէմ Ծրագրուող Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն Զգուշացնող Կեցուածքներ

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.