Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ֆրանսա
Ռենսի «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ` Մելինէ Մանուշեանի Յուշատախտակին Բացման Հանդիսութիւնը
27 յունուարին փարիզեան արուարձաններէն Ռենսի մէջ գտնուող «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժումի հերոս, 1926-1931 տարիներուն վարժարանի աշակերտ Մելինէ Մանուշեանին անունը կրող յուշատախտակին:
Ելոյթներով հանդէս եկան` դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Ռենսիի, Լիվրի-Կարկանի, Կանեիի քաղաքապետներ` Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէ, Փիեռ-Իվ Մարթեն, Ռոլեն Կրանոլի եւ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աղաւնի Սարիքայա:
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի դեսպանը խորհրդանշական համարեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակին բացումը Ֆրանսայի ամէնէն հին հայկական կրթական հաստատութեան մէջ, որ 1920-էն ի վեր, ֆրանսական իշխանութիւններու հոգածութեամբ Կոստանդնուպոլսէն Ֆրանսա փոխադրուելէ ետք, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է բազմաթիւ հայորդիներ կրթելու գործին մէջ, որոնց մէջ նաեւ` Մելինէ Մանուշեանը:
Յուշատախտակի բացման արարողութեան յաջորդեց Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն յիշատակը ոգեկոչող հանդիսութիւն` «Դպրոցասէր»-ի աշակերտներուն մասնակցութեամբ, որմէ ետք պատմաբան Քլեր Մուրատեան ներկայացուց իր հեղինակած «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած երկու որբեր` ընդգրկուած Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժումին մէջ» հատորը:
Սուրիա
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հովուական Այցելութիւնը Թարթուսի Եւ Պանիասի Հայութեան
26 յունուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Թարթուս` ընկերակցութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի:
Սրբազան հայրը յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Տանիալ եկեղեցիէն ներս նախագահեց սուրբ պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ Առաջաւորաց պահքի եռեակ կարեւոր երեւոյթներուն եւ հրաւիրեց հաւատացեալները` որպէս Աստուծոյ կողմէ յատուկ առաքելութեան եւ կոչումի տէր անձեր, ապրելու, գործելու եւ վկայելու այն շրջագիծին մէջ, ուր կը գտնուինք, միշտ մեր կեանքը աստուածահաճ հասկացողութեամբ ապրելով:
Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը եկեղեցւոյ սրահին մէջ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ: Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ արտասանուեցան երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսքեր:
Խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանը, որմէ ետք սրբազան հայրը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն` խրախուսելով, գօտեպնդելով եւ քաջալերելով, որ նոյն ոգիով եւ նոյն կառչածութեամբ` մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ, առաւել մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ շարունակեն իրենց կեանքը, վստահեցնելով, որ ամէն իմաստով ինք պատրաստ է օգտակար դառնալու եւ նեցուկ կանգնելու թարթուսահայութեան եւ պանիասահայութեան:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը այցելեց Թարթուսի «Հայ կեդրոն», ուր յատուկ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն թաղականութեան հետ` լսելու անոնց առաջարկները, մօտէն ծանօթանալու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յարմար լուծումներու մասին խորհրդակցելու:
Երկար Տարիներու Ազգանուէր Ծառայութիւն Ունեցող Սարգիս Աբրահամեան Պարգեւատրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան» Շքանշանով
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընդառաջելով Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի եւ Տէրիքի Թաղական խորհուրդի փափաքին, Բերիոյ հայոց թեմի ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանը շնորհեց Տէրիքի մէջ երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութիւն ունեցող Սարգիս Աբրահամեանին:
Արդարեւ, առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, 27 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան մեկնեցաւ Տէրիք` ընկերակցութեամբ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչին` ներկայ գտնուելու պաշտօնական հանդիսութեան եւ յանձնելու շքանշանը:
Տէրիքի «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Արազ Խորոզեանը, որ հրաւիրեց Թաղական խորհուրդի ատենապետ Սերոբ Սուսանին արտասանելու իր խօսքը: Սուսանի անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին, որմէ ետք ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Թաղական խորհուրդին գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքներուն` յիշելով Սարգիս Աբրահամեանին բերած գործօն մասնակցութիւնը եւ նուիրեալ ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան գիրը, որուն համաձայն, սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» բարձրագոյն շքանշանը կը շնորհէ Սարգիս Աբրահամեանին` առ ի գնահատանք Տէրիքի ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս երկար տարիներու անոր անսակարկ ծառայութեան: Ապա Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը շքանշանը յանձնեց Սարգիս Աբրահամեանին:
Հայր սուրբը իր սրտի խօսքին մէջ վեր առաւ ծառայութեան գաղափարը ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս, ապա անդրադարձաւ Սարգիս Աբրահամեանի ծառայական կեանքին եւ մաղթեց, որ երիտասարդ սերունդը օրինակ քաղելով երէցներու ծառայութեան ոգիէն եւ փորձառութենէն` ամբողջական նուիրումով եւ գիտակցութեամբ իր ներդրումը բերէ` մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքի վերելքին ի նպաստ:
Հայր սուրբը Սարգիս Աբրահամեանին փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները` յայտնելով, որ այս շքանշանը Սարգիս Աբրահամեանին ճամբով կը տրուի Տէրիքի բոլոր ուսուցիչներուն եւ ծառայողներուն, որոնք մեծ նուիրումով այսօր կը գործեն ազգային վարժարանին եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ:
Շքանշանակիրը յուզումնախառն զգացումներով իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր` մեծարանքի այս արտայայտութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին եւ Տէրիքի Թաղական խորհուրդին` իրենց մտայղացումին համար:
Ազգային վարժարանի տնօրէն Ատիպա Սուսանի խօսք առնելով` շնորհաւորեց Սարգիս Աբրահամեանը եւ ուսուցչական կազմին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց անոր:
Միացեալ Նահանգներ
Հրանդ Տինքի Յիշատակի Ձեռնարկին Անոր Անուան Շքանշանը Յանձնուեցաւ «Արաս» Հրատարակչատան
21 յունուարին Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան առիթով աւանդութիւն դարձած յիշատակի ձեռնարկը:
Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան իր բացման խօսքին մէջ ամփոփեց Հրանդ Տինքի առաքելութիւնը եւ ընդգծեց անոր գործին նշանակութիւնը:
Այնուհետեւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմէն Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն Գէորգ քհնյ. Աբեան մատուցեցին հոգեհանգստեան կարգ:
Գէորգ քհնյ. Աբեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ ամէն մարդ մեծ խոնարհութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յիշէ մեծ հայը` Հրանդ Տինքը, որովհետեւ ան իր կեանքը տուաւ յանուն գաղափարի, առանձին դէմ յանդիման կանգնելով պետութեան, կայսրութեան առջեւ եւ բարձրացնելով հայ ժողովուրդի արդարացի խօսքն ու պահանջը: Որպէս արդիւնք` ան իր կեանքով հատուցեց, որ մեծ հերոսութիւն է:
Ձեռնարկի հանդիսավար Ռոզալին Մատոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 19 յունուար 2007-ի Տինքի սպանութեան դժոխային օրէն ետք կ՛ապրինք այն գիտակցութեամբ, որ հայ ազգը, յատկապէս` պոլսահայ համայնքը, յաւիտեան կորսնցուցած է արժէքաւոր եւ վստահելի թիկունք մը: Օրուան բանախօս, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան հաստատեց, որ թրքական հայատեաց ուժերը որոշեցին վերջ տալ Հրանդի կեանքին, որովհետեւ ան իր հիմնած «Ակօս» թերթին մէջ կը խօսէր հայ համայնքի իրաւունքներու մասին եւ հանդէս կու գար անկէ բխող պահանջներով, կ՛արտայայտէր իր տեսակէտը պատմութեան մասին, եւ այս բոլորը կը հակասէին թրքական պաշտօնական, պետական հայեցակարգին:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն, հասարակական գործիչ Զաւէն Խանճեան պատմեց դրուագ մը Տինքի պատանեկութենէն, ուր կը յայտնաբերուէր անոր ունեցած ազգային մեծ ոգին, որ եղաւ անոր առաքելութեան համար անհրաժեշտ աղբիւր:
Ձեռնարկին յաջորդ բանախօսն էր կրթական, հասարակական գործիչ, Բլէր աւագ դպրոցի հայկական ակադեմիայի տնօրէն եւ ուսուցիչ, Տինքի հիմնած «Ակօս» թերթի սիւնակագիր եւ Հրանդ Տինքի համահիմնադրած «Արաս» հրատարակչատան աշխատակից Նորայր Տատուրեան: Ան հանդէս եկաւ «Հայ տպագիր գիրքի ոդիսական» խորագրով բանախօսութեամբ` սկսելով 1512 թուականին Վենետիկի մէջ տպագրուած հայալեզու առաջին` «Ուրբաթագիրք»-ի պատմութենէն մինչեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ, Շուշիի, Վանի եւ Երեւանի մէջ տպագրուած գիրքերու եւ հրատարակչատուներու գործունէութենէն:
Պոլսահայ միութիւնը իր ամէնամեայ «Հրանդ Տինքի հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան շքանշան»-ը այս տարի յանձնեց «Արաս» հրատարակչատան եւ տեսակապով միացաւ համահիմնադիր Էդուարդ Թովմասեանին: Երախտագիտութիւն յայտնելով պարգեւին համար` Թովմասեանը ներկայացուց «Արաս»-ի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը:
Երուանդ Քոչարի Տարածանկարը` Փարիզի Փիքասոյի Թանգարանին Մէջ
Վերջերս Փարիզի Փիքասոյի թանգարանին մէջ ներկայացուեցաւ Լեոնս Ռոզենպերկի բնակարանի ձեւաւորման նուիրուած «Dans l’appartement de Léonce Rosenberg: De Chirico, Ernst, Léger, Picabia…» ցուցադրութիւնը, ուր ցուցադրուած է նաեւ Երուանդ Քոչարի 1934 թուականին ստեղծած տարածանկարը:
Հանդիսանալով ժամանակի գեղարուեստական յառաջապահի առաջնորդ, Ռոզենպերկ վերափոխեց իր փարիզեան տունը` ի պատիւ այն արուեստագէտներուն, զորս շատ կը սիրէր: Այդ բնակարանին մէջ, ուր կ՛ապրէր իր կնոջ եւ դուստրերուն հետ, իւրաքանչիւր սենեակ ձեւաւորեց մէկ նկարիչի աշխատանքներով: Ընդհանուր 12 նկարիչներ եւ քանդակագործներ արժանացան այդ պատիւին, եւ անոնց ստեղծագործութիւնները ցուցադրուեցան ննջասենեակներուն, հիւրասենեակին, ճաշասենեակին մէջ: Այս աշխատանքները զուգակցելով նաեւ կահոյքի հետ` Լեոնս Ռոզենպերկ ստեղծեց ժանրերու անսովոր խառնուրդ:
Ընտրեալ արուեստագէտներու շարքին էր նաեւ Երուանդ Քոչարը, որուն 1934 թուականին ստեղծած տարածանկարը, որ այժմ կը պատկանի Փարիզի Փոմփիտու կեդրոնի հաւաքածոյին, նոյնպէս ներառուած է այս հաւաքածոյին մէջ:
Ցուցադրուած են նաեւ Քոչարի արուեստին նուիրուած այլ յիշատակութիւններ:
Ցուցահանդէսը բաց է 30 յունուարէն 19 մայիս:
Ցուցահանդէսի կազմակերպման մէջ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը:
Կիպրոս
Կաթողիկոսական Փոխանորդը Ներկայ Գտնուեցաւ Վատիկանի Նոր Դեսպանատան Բացման Արարողութեան
26 յունուարին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Վատիկանի պապական պատուիրակ Ճիովանի Փիեթրօ Տալ Թոսօ արքեպիսկոպոսի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ դեսպանութեան նոր շէնքի բացման արարողութեան եւ կազմակերպուած ընդունելութիւն-հիւրասիրութեան:
Կիպրոսի ու Վատիկանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ու բարի գալուստի խօսքէն ետք, հերթաբար հրաւիրուեցան կարտինալ Էտկար Պենա Փարրան ու պետութեան ներկայացուցիչ նախարարը, որպէսզի արտասանեն իրենց խօսքը: Ապա տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւն, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն:
Հանդիսութեան եւ ընդունելութեան ընթացքին սրբազան հայրը կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւններ կատարեց կարտինալներուն, նաեւ ան առիթ ունեցաւ զրուցելու նախարարին, կրօնապետներու, դեսպաններու եւ այլ պաշտօնական անձերու հետ:
Գերմանիա
Սերգէյ Սմբատեան Նշանակուեցաւ Պերլինի Սիմֆոնիկ Նուագախումբի Գլխաւոր Հրաւիրեալ Ղեկավար
29 յունուարին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական եւ գլխաւոր ղեկավար Սերգէյ Սմբատեան նշանակուեցաւ Պերլինի սիմֆոնիկ նուագախումբի` Berliner Symphoniker-ի գլխաւոր հրաւիրեալ ղեկավար: Ան 2019-էն ի վեր գլխաւոր ղեկավարն է նաեւ Մալթայի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին: Յայտնենք, որ Սերգէյ Սմբատեան իր անդրանիկ ելոյթը պիտի ունենայ 10 մարտին` ղեկավարելով Պերլինի Herbert von Karajan Straße 1 սիմֆոնիկը: Համերգային ծրագրին պիտի հնչեն Պախի, Փականինիի, Կերշվինի ստեղծագործութիւնները:


