ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս 1846-ին կազմաւորուեցաւ Շամախիի նահանգը, որ կ՛ընդգրկէր Շամախի, Նուխի (Շաքի), Շուշի, Պաքու եւ Լենքորան գաւառները:
Շամախի 11 յունիս 1859-ի երկրաշարժին աւերուեցաւ, որմէ ետք նահանգային կեդրոնը Պաքու փոխադրուեցաւ եւ Շամախիի նահանգը վերակոչուեցաւ իբրեւ Պաքուի նահանգ:
Պաքուի առաջին նահանգապետը եղաւ Կոստանդին Թարխանով-Մուրաւով: 1863-ին զայն փոխարինեց Միխայիլ Քոլիուպաքին:
Շուշիի եւ Նուխիի գաւառները 1868-ին Ելիզաւետպոլի նահանգին կցուեցան, իսկ Պաքուի նահանգը վեց գաւառներու բաժնուեցաւ. Պաքու, Գէոքչայ, Ջաւադ, Ղուբա, Լենքորան եւ Շամախի:
Պաքուի նահանգին բնակչութիւնը խայտաբղէտ էր` թաթար, թաթ, հայ, ռուս, լեզգի, թալիշ, հրեայ եւ պարսիկ: Թաթարներուն մէկ մասը քոչուոր ցեղախումբեր էին:
Պաքուի նաւահանգիստը Ռուսական կայսրութեան հարաւային ամենամեծ նաւահանգիստն էր եւ ռազմավարական ու տնտեսական բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր` իբրեւ ջրային հանգոյց եւ տարանցիկ կեդրոն, պետութեան տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս` Կեդրոնական Ասիոյ հետ:
Պաքուի զարգացման մէջ մեծ դեր ունեցաւ նահանգապետ զօրավար Դմիտրի Սթարոսելսքի: Ան մասնակցած էր լեռնականներու դէմ պատերազմին, լաւ յարաբերութիւններ հաստատած էր վրացի եւ թաթար ազդեցիկ դէմքերու հետ եւ 1872-ին Պաքուի նահանգապետը եղաւ: Ան ձեռնարկեց ճանապարհներու կառուցման, դպրոցներ բացաւ եւ վարչական բարեփոխումներ կատարեց, «Պաքինսքի Իզվեսթիա» թերթը հիմնեց եւ աջակցեցաւ Հասան պէյ Զարտապիի` հիմնելու թաթարերէն լեզուով առաջին թերթը` «Աքինչի»:
Պաքուի գլխաւոր հարստութիւնը քարիւղն էր, որուն շնորհիւ ալ քաղաքը արագօրէն զարգացաւ:
* * *
Հում քարիւղը անցեալին շատ նեղ կիրառում ունէր, եւ անհրաժեշտ էր զայն վերամշակել:
Պաքուի մօտ գտնուող Սուրախանի աւանը անուանի է իր քարիւղի եւ կազի հանքավայրերով, ուր գետնէն սպիտակ բոցավառ քարիւղ կը բռնկի: 1832-ին գրուած յիշատակարանի մը մէջ արձանագրուած է. «Այս գիւղում կայ կրակաշունչ վայր, որտեղ հնդիկները գալիս են երկրպագելու եւ մի քանի տարի ապրելու… կան նաեւ սպիտակ իւղով հորեր»:
Պարսկաստանի մէջ Շուէտի դեսպանատան քարտուղար Էլնարտ Քեմփֆէր «Պաքուի թերակղզիի եօթը հրաշալիքները», իր գիրքին մէջ կը գրէ. «Յաւերժական հրդեհներէն հիւսիս-արեւմուտք կայ եւս հիանալի բան մը` սպիտակ իւղի աղբիւրները: … Սպիտակ քարիւղի հանքերէն երկու ժամ դէպի արեւմուտք կայ հրաշալի կէտ մը, որ կ՛արտադրէ կեղտոտ, գրեթէ սեւ գոյնով սեւ իւղ: Քարիւղի արդիւնահանման համար բազմաթիւ նեղ ուղղահայեաց հորեր փորուած են, որոնցմէ քարիւղի հոսքը առատ է եւ մնայուն»:
Հում քարիւղի վերամշակման առաջին փորձը կատարեց ռուս արդիւնաբերող Վասիլի Կոկորեւ: Ան 1857-ին Սուրախանիի մէջ զտարան հիմնեց եւ 1863-ին ստացաւ «սպիտակ լուսաւորող նիւթ»` կերոսին: Կոկորեւ 1869-ին Սուրախանիի մէջ կերոսինի արտադրութեան երկրորդ գործարան բացաւ:

Կոկորեւի օրինակին անմիջապէս հետեւեցան հայերը: 1863-ին կերոսինի գործարան հիմնեցին Վերմիշեանները եւ Մելիքեանները, 1865-ին` Թաթոսեանները, 1869-ին` Տէր Յակոբեանները եւ Շարաբանեանները, 1870-ին` Քալանթարեանները, 1871-ին` Դիլդարեանները եւ Թառայեանները:
Ապշերոնի թերակղզիի բնակչութեան մեծ մասը տարուած էր քարիւղ գտնելու գաղափարով: Քարիւղ գտնելու համար Ապշերոնի գիւղերու գրեթէ ամէն ընտանիք իր բակին մէջ հոր կը փորէր. ոմանց հորերէն քարիւղ կը ցայտէր եւ անոնք կը հարստանային:
* * *
Պաքուի մէջ քարիւղի հորերու հայ առաջին սեփականատէրը եղաւ Յովհաննէս Միրզոյեան: Ծնած` Թիֆլիս, ան սկիզբը մետաքսի առեւտուրով կը զբաղէր եւ 1853-ին չիթի խանութ բացաւ: Հետագային ան Շաքիի մէջ մետաքսի գործարան բացաւ եւ մեծ հարստութեան տէր դարձաւ:
Յովհաննէս Միրզոյեան 1855-էն 1863, տարեկան 312 հազար ռուբլի վճարելով վարձակալեց Կուր գետի Կասպից ծով թափելու վայրին մէջ գտնուող Սալիանսկի ծկնորսարանները, ուր երկու հազար հինգ հարիւր գործաւոր կ՛աշխատէր: 1865-ին, տարեկան 13.250 ռուբլի վճարելով Կրոզնիի մէջ վարձակալեց քարիւղի երկու հանքեր, որոնց արտադրութիւնը 66.500 փութի հասցուց եւ կերոսինի գործարան հիմնեց, ուր գլխաւորաբար հայեր կ՛աշխատէին:

Միրզոյեան 1868-ին Սուրախանիի մէջ կերոսինի երկու գործարան կառուցեց եւ ստացաւ 160 հազար փութ կերոսին` 260 հազար ռուբլի արժողութեամբ: Ան դարձաւ կերոսինի առաջին արտահանողը: 1871 ապրիլին Պաքուի եւ Ապշերոնի թերակղզիին մէջ աւարտեց ամերիկեան հորատման առաջին կայանքը: Նոր կերպերով հորատուած քարիւղի քանակը քանի մը անգամ գերազանցեց հորերէն ստացուած հումքը:
Քարիւղի հորերը 25-էն 30 մեթր խորութեամբ ձագարաձեւ փոսեր էին, որոնք կը սկսէին խորացնել: Քարիւղը ջուրի հետ դուրս կու գար, բայց աւելի թեթեւ ըլլալով` երեսի վրայ կը նստէր: Զայն կը հաւաքէին, տիկերու մէջ կը լեցնէին եւ եզներուն լծուած սայլերով, էշերով կամ ուղտերով կը փոխադրէին: Երբեմն կազի հետ միախառնուած քարիւղը շատրուանի տեսքով կը ժայթքէր` արագօրէն հարստացնելով սեփականատէրը: 1877-ին այսպիսի շատրուան ժայթքեցաւ Միրզոյեանի պատկանող քարիւղի հորէն, որ տեւեց ամբողջ եօթը տարի:
Յովհաննէս Միրզոյեան եղբայրներուն` Ալեքսանդրի, Մելքոնի եւ Գրիգորի հետ հիմնեց «Միրզոյեան եղբայրների ընկերակցութիւն» բաժնետիրական ընկերութիւնը: Մահացաւ 1885-ին, Թիֆլիսի մէջ:
* * *
Ղուկասեանները Շուշիի անուանի ընտանիքներէն էին, տորոնի ու հիւսուածեղէնի առեւտուրով կը զբաղէին եւ գործառնութիւններ հաստատած էին Մոսկուայի, Շաքիի ու Ղուբայի մէջ:
Ղուկասեան եղբայրներէն Աւետիս, ծնած` 1837-ին, Շուշի, Պաքու տեղափոխուելով ներգրաւուեցաւ քարիւղի արդիւնաբերութեան մէջ եւ դարձաւ սեփականատէր «Արգօ» եւ «Թամարա» քարիւղատար շոգենաւերուն: Ան մեծ բարեգործութիւններ կատարեց, Պաքուի հայոց Մարդասիրական ընկերութեան շէնքը կառուցեց, Թիֆլիսի Վանքի եկեղեցիի գաւիթին մէջ թանգարան հիմնեց եւ կրթաթոշակ հաստատեց: Ամուսնացած էր Աննա Խունունցի հետ. անոնց միակ դուստրը` Թամարա մահացաւ տասնհինգ տարեկանին: Աւետիս Ղուկասեան մահացաւ 1902-ին:
Աւետիս Ղուկասեանի Յովսէփ եղբօր որդիներն էին Պօղոս, Արշակ, Յակոբ եւ Աբրահամ:

Պօղոս Ղուկասեան ծնած էր 1858-ին, Շուշի: Մոսկուայի եւ Տրեզտընի համալսարանները աւարտելէն ետք 1878-ին Պաքու փոխադրուեցաւ եւ ներգրաւուեցաւ քարիւղի արդիւնաբերութեան մէջ: Եղաւ Կասպիական քարիւղի արդիւնաբերութեան գործարանի տնօրէն: 1890-ին Պաքուի քարիւղ արդիւնահանողներու խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ, 1897-ին մէկ միլիոն ռուբլի դրամագլուխով «Կասպից խողովամուղ»-ը հիմնեց, 1899-ին Կասպիական ընկերութեան նախագահը եղաւ:
Պաքուի Ստարօ Պոլիցէյսկայա փողոցին վրայ գտնուող Պօղոս Ղուկասեանի վաճառատունը առաջիններէն մէկը եղաւ, որ քարիւղի արդիւնաբերութեան համար սկսաւ տարատեսակ արտասահմանեան սարքաւորումներ, խողովակներ, երկաթեղէն, շարժիչներ եւ ելեկտրական գործիքներ վաճառել:
Պօղոս Ղուկասեան Մայքոփի «Կոլխիդա» քարիւղի արդիւնաբերական եւ առեւտրական ընկերութեան տնօրէններէն մէկը եղաւ եւ ըստ էութեան առաջին հայը, որ դարձաւ համառուսական չափանիշով արդիւնաբերող:
Ռուսաստանի պետական խորհուրդը կազմուեցաւ 1906-ին: Այդ խորհուրդին մէջ տասներկու տեղ յատկացուեցաւ երկրի արդիւնաբերական եւ առեւտրական վերնախաւին: Պօղոս Ղուկասեանի հեղինակութիւնը եւ ներդրումը այնքան մեծ էին, որ ան այդ բարձրագոյն մարմինի անդամ ընտրուեցաւ եւ մայրաքաղաք Պետերբուրգ տեղափոխուեցաւ: 1916-ին ան Ռուսաստանի առեւտրաարդիւնաբերական դրամատան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ:
Ռուսաստանի մէջ 1917-ին բոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք Պօղոս Ղուկասեան Ֆինլանտա տեղափոխուեցաւ եւ յետոյ ալ Ֆրանսա հաստատուեցաւ: Մահացաւ 1937-ին, Փարիզի մէջ:
Արշակ Ղուկասեան, որ եղբօր աջակիցն էր, 1896-ին փոխարինեց զայն իբրեւ Պաքուի քարիւղ արդիւնահանողներու խորհուրդի նախագահ: Ան մեծագոյն հմտութեամբ այդ կազմակերպութիւնը ղեկավարեց մինչեւ 1917: Արշակ իր ամբողջ հարստութիւնը` 8 միլիոն ռուբլի, ազգին կտակեց: Ան փոխանցիկ հիւանդութենէ վարակուելով մահացաւ 1917-ին:
Յակոբ Ղուկասեան Պաքուի հայոց ազգային խորհուրդի նախագահը եղաւ: Մահացաւ 3 յունուար 1919-ին:
Աբրահամ Ղուկասեան ծնած էր 23 նոյեմբեր 1872-ին, Շուշի: 1890-ին աւարտեց Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի Արեւելեան լեզուներու բաժանմունքը: Օտեսայի մէջ յաճախեց Նովոռոսիյսկի կայսերական համալսարանի ուսողական-թուաբանական բաժանմունքը, որմէ ետք, 1894-ին մտաւ Լայփցիկի համալսարանը: Վկայուեցաւ իբրեւ բնական եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր:
Աբրահամ Ղուկասեան 1899-ին Լոնտոն փոխադրուեցաւ, ներկայացնելով ընտանիքին քարիւղի արդիւնաբերական շահերը, եւ շինարարական ընկերութիւն հիմնեց: Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն Պետերբուրգի մէջ ղեկավարեց «Պելլա» գործարանը: Բոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք Փարիզ փոխադրուեցաւ, ուր «Լէ Փեթրոլ տ՛Ութրը-Մէր» քարիւղատարական-նաւաշինական ընկերութիւնը հիմնեց: Իր միջոցներով հրատարակեց «Վերածնունդ» թերթը (1925-էն 1940. 1949-էն 1969` ամսագիր): Ստեղծեց «Աւետիս Ղուկասեան» հիմնադրամը: Մահացաւ 27 ապրիլ 1969-ին, Ժընեւի մէջ:
* * *

Առաքել Ծատուրեան Սիւնիքի Քարահունջ գիւղէն էր, ծնած` 1830-ին: Պատանի տարիքին Շուշի փոխադրուեցաւ եւ իբրեւ ծառայ աշխատանքի մտաւ Գասպար Հախումեանի տան մէջ: 1850-ական տարիներուն Պաքու տեղափոխուեցաւ եւ վաճառականի մը մօտ աշխատանքի մտաւ: Վաճառականի մահէն ետք անոր ամբողջ հարստութիւնը Առաքելին անցաւ:
Առաքել որոշեց հացահատիկի մշակութեամբ զբաղիլ եւ այդ նպատակով Պաքուի մօտ երկու հողակտոր գնեց: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ այդ հողերու ընդերքին մէջ քարիւղ կայ, եւ Առաքել որոշեց քարիւղի արդիւնաբերութեամբ զբաղիլ:
Առաքել Ծատուրեան կարճ ժամանակի մը մէջ մեծ հարստութեան տէր դարձաւ: Շիրվանզադէ անոր մասին կը վկայէ ըսելով. «Կարճահասակ մի մարդ էր` ծուռ ոտներով: Նա միշտ շրջում էր երկու` թէյի պնակի չափ մեդալներ վզին քարշ արած, մէկը` ոսկեայ, միւսը` արծաթեայ»:
Առաքել Պաքուի մէջ ձեռնարկատէրեր Գերասիմ Թումայեանի, Գրիգոր եւ Նիկոլայ Առաֆելեան եղբայրներուն եւ Միքայէլ Արամեանցի հետ 1884-ին «Առաքել Ծատուրեան եւ միւսներ» ընկերութիւնը հիմնեց: Ընկերութիւնը 130 հազար ռուբլիով գնեց Առաֆելեան եղբայրներուն եւ Գերասիմ Թումայեանի քարիւղի վերամշակման գործարանը:
Ծատուրեան ընտանիքը նաեւ էական ներդրում ունեցաւ Կրոզնիի մէջ քարիւղի արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ:
Առաքել Ծատուրեան իր նպաստը բերաւ ազգային ազատագրական շարժման եւ այդ նպատակով 1891-ին Փարիզ եւ Լոնտոն ուղեւորուեցաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ ազդեցիկ դէմքերու հետ: Ան նաեւ բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարեց, եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն գործունէութիւն ծաւալեց եւ հեղինակներու մեկենաս եղաւ:
Ծատուրեանի Եւրոպա ուղեւորութեան ընթացքին զայն կողոպտեցին իր անձնական գործերու վարիչը եւ առեւտրական ընկերները, որուն պատճառով ան վաճառեց իր բաժնետոմսերը: Ան հետզհետէ պարտքերու տակ ինկաւ եւ յուսահատած` 30 մայիս 1903-ին անձնասպան եղաւ Արզական գիւղի իր կալուածին մէջ: Թաղուեցաւ իր ծննդավայր Քարահունջ գիւղի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ բակին մէջ: