Ինչպէս աւանդութիւն դարձած է 15 տարիներէ ի վեր, «Christmas by the lake»-ի հիմնադիր Ռիմա Ֆրանժիէ այս տարի եւս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի, 14 յունուար 2024-ին հիւրընկալեց Թրիփոլիէն 40 հայ մանուկներ եւ պատանիներ` միասնաբար նշելու հայ համայնքի Սուրբ Ծնունդը Պնաշիի լիճին շրջակայքը գտնուող ճաշարանին մէջ:
Այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան, շրջանի պատասխանատուներէն Էլի Սրապոնեան, Պեթի Սրապոնեան, Ազգ. Նուպարեան Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան, ինչպէս նաեւ այլ հայ ու տեղացի հիւրեր:
Կազմակերպուեցան խաղեր, մանուկներն ու պատանիները ճաշեցին, իսկ Կաղանդ պապուկի ներկայութիւնը իսկական խանդավառութիւն պարգեւեց անոնց: Աւարտին կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում: