Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Օրեր առաջ ուսանող ԼԵՄ-ական ընկեր մը յիշեցուց, որ արդէն ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին յիսնամեակն է: Լուրը, այսպէս, ապշեցուցիչ էր, պարզապէս որովհետեւ չորս տասնամեակ անցած էր մեր կեանքէն, երբ օրին մուտք գործած էինք ԼԵՄ-ի շարքերը եւ ամբողջ երիտասարդականի տարիք մը անցուցած` միութենական աշխատանքներու մասնակից ըլլալով:

Նորահաս ԼԵՄ-ականը աւետելով լուրը` վստահաբար կը միտէր շրջապատին փոխանցել իր եւ ընկերներուն ուրախութիւնը, հպարտութիւնը, նախանձախնդիր պահուածքը, մտասեւեռումը` ըստ արժանւոյն յիշելու եւ տօնելու երիտասարդականի այս միաւորին պատուաբեր յոբելեանը:

Յայտնապէս արդար եւ գօտեպնդիչ ակնկալութիւն մըն է երիտասարդականի մեր ընկեր-ընկերուհիներու կողմէ, որոնք, իրենց հերթին, նուիրումով կը ծառայեն ԼԵՄ-ի այս միաւորին` շարունակելու առաքելութիւնը, երթը` գաղափարական հիմք ունեցող այս կառոյցին, որուն կենսագրութիւնը կէս դարու պատմութիւն ունի:

Այո՛, երիտասարդականի կառոյց մը, որ տակաւին կը շնչէ ու կը շնչաւորէ, կ՛ապրի ու կը գործէ: Աւելի՛ն. միութիւն մը, որ ունի քաղաքական եւ գաղափարական կենսափորձ, որ վաստակած է` շնորհիւ ջամբուած դաստիարակութեան, կենդանի աշխատանքին եւ ազգային ըմբռնումներուն հանդէպ ցուցաբերուած լրջութեան:

Փաստօրէն, եթէ երբեք «Արաբօ»-ին անդամագրուած են հարիւրաւոր տղաք ու աղջիկներ, որոնք եղած են թաղեցի համեստ ընտանիքներու զաւակներ, անոնք առաջին հերթին ծանօթացած են ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութեան, սխրանքին, գաղափարական աշխարհին եւ երդուած` ծառայելու հայութեան ու հայրենիքին:

Միւս կողմէ, ԼԵՄ-ի կառոյցը ընդհանրապէս եւ այս մասնաճիւղը` ի մասնաւորի, եթէ կրցած է տասնամեակներ գոյատեւել, տոկալ եւ շրջապատ մը ամբողջ սնուցանել, ապա ատիկա կը պարտի իր դաստիարակչական միաւորի հանգամանքին, այլապէս ալ` ազգային պարունակին մէջ գործուն դերակատարութիւն ունենալու անոր բարձր գիտակցութեան եւ անմնացորդ նուիրումին:

Մէկ խօսքով, ԼԵՄ-ը երիտասարդական տարիքի ու կազմաւորումի նպաստող հսկայ աշխատանքի կենսափորձ մը ունի, որով կերտած է իր սեփական նկարագիրը, տեսակն ու անով նետուած պայքարի դաշտ` յանուն ազգային տենչերու իրականացման, գաղութահայ կեանքի անվտանգութեան ապահովման ու հայրենիքի պաշտպանութեան:

Ասոնք լոկ ինքնահաճոյ արտայայտութիւններ չեն, այլ` իրական, ճշմարիտ եւ ապրուած կեանքի կենդանի յարացոյցներ, որոնք արձանագրուած են նախ ԼԵՄ-ի կենսագրութեան մէջ, ապա` գաղութահայ կեանքի պատմագրութեան էջերուն:

Իրօք` կենսափորձ, որ արդարօրէն շաղախուած է մեր արդի պատմութեան, Հայ դատի աշխատանքներուն ու Արցախի գոյամարտին:

Ուրեմն,

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը յիսուն տարիներու շալակը ետին` դեռ չէ «ծերացած» ու կը շարունակէ իր սրբազան երթը` հակառակ դժուար պայմաններու, ժամանակներու փոփոխութեան, կեանքի սրընթաց զարգացումին եւ նոր օրերու` այս կամ այն սահմռկեցուցիչ պարտադրանքներու:

Այո՛, կեանքի պարտադրանքներ, որոնք ներկայ են իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ, եւ առհասարակ կարելի չէ շրջանցել կամ անտեսել զանոնք, որովհետեւ արդի օրերու գերյագեցած նիւթականութիւնը, զեխութիւնը, անտարբերութիւնը մանաւանդ երիտասարդ սերունդներէ կը պահանջեն` աչալրջութիւն, խոհուն կեցուածք, աննկուն կամք եւ ինքնազարգացումի աներեր պատրաստակամութիւն:

Ահա` մեր օրերու մեծագոյն մարտահրաւէրին ամբողջ պարունակը:

***

Անդարձ տարիներ:

Ինչպէս շա՜տ շատերու նման, ԼԵՄ-ի մեր անդամակցութիւնը` պատանեկանի տարիքէն ետք, զուգադիպեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ տարիներուն, երբ լիբանանահայութիւնը, իր կարգին, նետուած էր գոյապայքարի մէջ` պաշտպանելու իր ազգային կառոյցները, ինքնութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Եւ ահա, յիսնամեակի մը լուրին աւետումով, զարմանքի զգացողութիւն մը պատեց հոգիս, որովհետեւ կեանքի թաւալքը շատ արագ է ընթացեր ու հասեր մեր օրերը:

Աւելի՛ն. լուրը ոչ միայն այլազան տիպի մտորումներու տեղիք տուաւ, այլեւ յիշատակներու շքերթ մը սկսաւ տողանցել մտքիս մէջ. ապրուած ուրախ եւ տխուր տարիներու, լաւ ու վատ պայմաններու, բայց մանաւանդ` ԼԵՄ-ի կեանքին առնչուող     անմոռանալի յիշատակներու, որոնք թէեւ «լռութեան» մատնուած էին, ձեւով մը յուզաշխարհիդ շտեմարանին մէջ յանկարծ բոցավառեցին միտքդ ու յիշողութիւնդ:

Փաստօրէն, եթէ երբեք երիտասարդականի տարիքը բնորոշուած է իբրեւ եռանդի, յանդգնութեան, քաջութեան, համարձակութեան, սկզբունքայնութեան եւ անդուլ աշխատանքի հարթակ, այլապէս ալ նման արժեհամակարգի վրայ աւելցնելով գաղափարական աշխարհի աշտարակումն ու կենդանի գործի նուիրումը` յստակ կը դառնայ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ ԼԵՄ-ի դաստիարակութիւնը կը մնայ անփոխարինելի ու հրամայական պահանջ բոլոր ժամանակներուն:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ նման կառոյցներ ու միութիւններ զերծ են տարբեր տեսակի թերութիւններէ, սխալականութենէ եւ բացթողումներէ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ԼԵՄ-ականներու յանձնուած միութենական թէ կուսակցական աշխատանքները ապացոյց էին, թէ որքա՜ն վստահութիւն ու յարգանք կը վայելէին մեր ընկեր-ընկերուհիները, որոնք իրենց ուսման եւ աշխատանքին կողքին` չէին խնայեր ո՛չ ժամանակ, ո՛չ քրտինք եւ ո՛չ ալ զոհողութիւն: Շրջաններու բնակիչ հայութիւնը հպարտութեամբ կ՛արձագանգէր ԼԵՄ-ի տղոց նուիրումին եւ տարբեր տեսակի աշխատանքներուն:

ԼԵՄ-ականը ամէնուրեք ներկայ էր, իսկ անոր ձայնը` բոլորին լսելի:

Կը յիշենք, թէ ահաւոր պայմաններու մէջ իսկ ԼԵՄ-ականը անմասն չէր մնար ընկերական խրախճանքէ, պտոյտէ, բանակումէ, սեմինարէ, այցելութենէ եւ այլն:

Այդ ընկերականութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը ընկերասիրութիւնն ու իրերօգնութիւնն էին, որոնցմով յատկանշուեցան ԼԵՄ-ի շարքերը:

Շրջանի երկու կոմիտէութիւն` Արագածի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն եւ Սիսի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն, որոնց շրջանին մէջ կը գործէր ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, կը վայելէր անոնց գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը:

ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն առընթեր, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը վաստակած էր շրջանի բոլոր ընկերներուն յարգանքը, որովհետեւ իր ներկայութեամբ ուժ ու կորով կը ներշնչէր երէց սերունդին` շարունակելու ՀՅ Դաշնակցութեան հայանուէր գործը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով` ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր ակումբները վերածուած էին ամրոցներու, ուր ամէն շրջանի կոմիտէութիւն կը կատարէր պարտն ու պատշաճը` պահպանելու ազգային կառոյցներն ու հայութեան անվտանգութիւնը:

Ու այս սրբազան աշխատանքին մէջ իրենց անկրկնելի ներդրումը ունեցան ԼԵՄ-ական ընկերներ եւ ընկերուհիներ, որոնք շնորհիւ իրենց դաստիարակութեան եւ զոհողութեան` կրցան բոլորին ուշադրութեան արժանանալ, բարձր պահելով ԼԵՄ-ին ու ԼԵՄ-ականին անունը:

Փաստօրէն, «Արաբօ»-ի ընկեր-ընկերուհիները քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան գտնուեցան պատնէշի վրայ ու հերոսաբար արժանացան արեան մկրտութեան:

Ու պարտականութեան ճամբուն վրայ չզլացան իրենց թանկագինը` կեանքը, զոհել, որպէսզի խաղաղ ու անվտանգ ապրի շրջանի հայութիւնը:

Անոնք իրենց արիութեամբ թիկունք հանդիսացան կոմիտէներուն, սիրեցին ու սիրուեցան շրջանի հայութեան կողմէ, ուրախացան` խնճոյքներ կազմակերպելով, տխրեցան, երբ նահատակ ընկերներ ունեցան, սակայն ոչ մէկ ատեն ընկրկումի եւ յուսալքութեան վիճակներու մատնուեցան, որովհետեւ հաւատացած էին իրենց սրբազան գործին ու ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատամքին:

Սքանչելի վերյիշումներ:

Կրնայ առարկուիլ, թէ կարելի՞ է պատերազմական կեանքի մէջ ըլլալ, գրեթէ ամէնօրեայ մահուան սարսուռը ապրիլ, քանդումներու ականատես ըլլալ, ռումբերու պայթումներու հետ «բարեկամանալ», եւ սքանչանալ այդ օրերու վերյիշումներով…

Իրօք, տարօրինակը այն էր մեր սերունդին համար, որ հազիւ պատանեկանի տարիքը թեւակոխած` արդէն պարտադրաբար ծանօթանալու սկսած էինք պատերազմ կոչուած իրականութեան ու անոր պատճառած արհաւիրքին:

Երիտասարդականի մեր տարիքին փորձեցինք ու յաջողեցանք շրջանցել այն, ինչ որ ցաւ ու տխրութիւն կը պատճառէր մեզի, եւ ապրիլ կեանքի ամենագեղեցիկ փուլը` երիտասարդութիւնը:

Եւ բարեբախտաբար այդ անցումային փուլին, ԼԵՄ-ի անդամակցութեամբ, մենք յաջողած էինք կազմաւորել մենք մեզ ու չտարուիլ յոռի երեւոյթներէն, որոնք առկայ էին այդ տարիներուն, ինչպէս` թմրամոլութիւն, աւազակութիւն, հիփփիական արտառոց շարժումներու յարում, միասեռականութիւն եւ այլն:

Այո՛, շնորհիւ գաղափարական դաստիարակութեան եւ կենդանի գործին` հայ երիտասարդական հսկայ փաղանգներ զերծ մնացին ինքնութեան կորուստէ, ինքզինք փճացնելու փորձութենէ եւ վատ սովորութենէ:

Այսպէս, տարիները անցան, դաժան ու աննպատակ պատերազմը իր լրումին հասաւ, ռումբերը կասեցան, ու գափարական երիտասարդութիւնը պատուով դուրս եկաւ իրեն պարտադրուած բազում տեսակի պատերազմէ:

Այսօր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը կը գտնուի խաչմերուկի վրայ` որոշելու այն ուղին, որով պիտի կարենայ ապահովել հետագայ տասնամեակներու իր երթը:

Սրբազան երթ, որ կ՛ենթադրէ` առաւել տոկունութիւն, ինքնավստահութիւն,  վերանորոգում եւ վերաիմաստաւորում:

Ու յայտնապէս այս բոլորի կենսագործումին հէնքին են` ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնը, գիր-գրականութիւնը, հաւատամքն ու կենդանի գործը:

Արցախի ազատագրական պայքարի եւ պետականութեան շիջումով առաւել բազմապատկուեցաւ դաշնակցական երիտասարդութեան ընելիքը:

Արդ, մեր նահատակ ընկերներուն պատգամին ու կտակին արժանի ժառանգորդն ու տէրը ըլլալու համար պարտաւոր ենք, բոլոր ժամանակներուն անոնց շունչով զրահաւորուիլ  ու սխրանքով արիանալ:

13-10-2026

Նախորդը

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

RelatedPosts

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.