Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 25, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ռուսիա

Հանդիպում` Համազգայինի Ռուսիոյ Կառոյցին Հետ

12-16 յունուար, Մոսկուա այցելեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը եւ անդամ Արտաշէս Շահբազեանը: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ ռուսահայ համայնքներուն մէջ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու տարածման եւ զարգացման հնարաւորութիւններուն:

13 յունուարին Համազգայինի գրասենեակին մէջ կայացաւ կառոյցի հաշուետու-ընտրական ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ընթացաւարտ վարչութեան երկու տարուան գործունէութիւնը, անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ ձեռնարկներու մասին: Ներկայացուած առաջարկները ձեւակերպուեցան որպէս ժողովի բանաձեւումներ, որոնք կը լրացնեն եւ կ’ամբողջացնեն յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութիւնը:

Ժողովը ընտրեց Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի վարչութիւն` հետեւեալ կազմով.

Աշոտ Մկրտիչեան, Բալիկ Գալեմքերեան, Արթուր Փայտեան, Ծաղիկ Մկրտիչեան, Շուշանիկ Դաշեան:

14 յունուարին Զաքար Քէշիշեան եւ Արտաշէս Շահբազեան, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի ատենապետ Արթուր Փայտեանի, այցելեցին Համազգայինի կիրակնօրեայ դպրոցներէն Համօ Օհանջանեանի, Սօս Սարգսեանի եւ Լեւոն Շանթի անուան դպրոցները, ուր ծանօթացան ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան դասաւանդուող նիւթերու, դասագիրքերու, ուսուցման մեթոտներու, տարիքային խումբերու, դպրոցներու թեքնիք միջոցներուն մասին, լսեցին երեխաները, հանդիպում ունեցան ծնողներուն հետ եւ իւրաքանչիւր դպրոցին մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն` ուսուցչակազմին հետ:

Յատկանշական էր Արտաշէս Շահբազեանի անմիջական ու ոգեւորող խօսքը, նաեւ` Զաքար Քէշիշեանի սրտառուչ ու զուլալ կատարումները շուիով, ինչ որ Ռուսիոյ մէջ ապրող հայ երեխաներուն համար հաճելի անակնկալ էր: Անոնք առաջին անգամ կը տեսնէին շուի եւ կը լսէին շուիով կենդանի կատարումներ, հետեւաբար շատ տպաւորուած էին:

15 յունուարին Մոսկուայի Ս. Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ տարածքին տեղի ունեցաւ հանդիպում` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ համալսարաններու ուսանողներուն, համայնքային եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ռուսիոյ մէջ հայապահպանութեան, հայոց լեզուին եւ հայ մշակոյթին առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի` աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան` սփիւռքի մէջ կրթութեան եւ մշակոյթի միջոցով հայու ինքնութիւնը եւ ազգային հոգեկերտուածքը, մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ արժէքները պահպանելու 95-ամեայ փորձառութեան:

Ֆրանսա

Կլոր Սեղան` «Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքը Եւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը» Խորագիրով

8 յունուարին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին յատկացուած կլոր սեղան մը` «Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ խաղաղութեան պայմանագիրը» խորագիրով, մասնակցութեամբ Էտկար Էլպաքեանի, Րաֆֆի Գալֆայեանի  եւ Տիգրան Եկաւեանի, որ տեսերիզով մասնակցեցաւ սեղանին:  Կլոր սեղանը վարեց Փարիզի «Արմէն Գարօ» կոմիտէն:

Առաջին հերթին կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը Նոր տարուան առիթով, որուն մէջ վեհափառը կը թելադրէ, որ դիմաւորենք Նոր տարին համահայկական նոր ռազմավարութեամբ եւ ամուր յանձնառութեամբ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Էտկար Էլպաքեան, որ ընդգծեց, թէ Նախիջեւանի եւ Արցախի  ներկայ իրավիճակները քաղաքական եւ իրատեսական անջատ հարցեր չեն` նկատել տալով, որ Արցախի հարցը Հայ դատի հարց է, բայց նկատուած` իբրեւ Հայաստանի ներքին հարց:

Էլպաքեան ընդգծեց, որ Արցախի հարցը մինչեւ վերջերս ինքնորոշման շուրջ էր, իսկ հիմա ան միայն վերադարձի շուրջ կը դառնայ, երբ Հայաստանի մէջ հարցը լուծողներ չկան, եւ երբ Ազրպէյճան Արցախի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի զուգահեռ, կը ներկայացնէ թաթարներու Հայաստան վերադարձի իրաւունքը:

Րաֆֆի Գալֆայեան շեշտեց,  թէ պէտք է նախ նշել, որ ներկայ միջազգային հասկացողութեամբ մարդկային իրաւունքները անհատական  են եւ ոչ թէ` հաւաքական, եւ այդ պատճառով կարելի չէ ունենալ խմբային քաղաքական իրաւունք, ինչպէս` բնակչութեան մը վերադարձը: Ան դիտել տուաւ, որ այս հարցը ներքին քաղաքական հարց է, հասկնալի չէ Հայաստանի կառավարութեան կեցուածքը արցախցիներու նկատմամբ, երբ կարգ մը կառավարական ներկայացուցիչներ կ՛ըսեն, որ արցախեան հարցը փակ է ու չի վերաբերիր Հայաստանին, եւ այսօր պէտք է ապահովենք Հայաստանի անվտանգութիւնը: Այս նկատողութիւնը կրնայ հետեւանքներ ունենալ արցախցիներուն համար:

Էլպաքեան ներկայացուց ծրագիր մը, թէ ինչպէ՛ս փանթրքական հորիզոնական յառաջացման դէմ Հայաստան կրնայ ներկայացնել ուղղահայեաց ուժ մը` Իրանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի հետ, աւելցնելով, որ այս հակաթրքական մտածելակերպը եւ կեցուածքը, որ մեր հայկական ազգային պայքարն է, կրնայ ըլլալ ա՛յն դաշտը, ուր Հայաստանը մեծ դեր կրնայ խաղալ, իսկ եթէ Հայաստան շարունակէ` ըսելով, որ Ցեղասպանութիւնը հարց մը չէ, ինչպէս` որ Արցախը, եւ պէտք է ընկերային կապեր հաստատել Թուրքիոյ հետ, այն ատեն Հայաստան որեւէ դաշնակից չ՛ունենար, եւ որեւէ երկիր ներդրում չ՛ունենար, եթէ Հայաստանը ըլլայ Թուրքիոյ արբանեակ մը:

Գալֆայեան դիտել տուաւ, որ ինք համոզուած չէ, որ Թուրքիան կ՛ուզէ վերացնել Հայաստանը, այլ տիրապետել տնտեսական գետնի վրայ, աւելցնելով, որ ան իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերաւ Ազրպէյճանին` Արցախը գրաւելու համար, բայց` ոչ աւելին: Թուրքիոյ հետաքրքրութիւնն է արեւելք-արեւմուտք կապը հաստատել Հայաստանի հարաւէն, իսկ մենք եթէ ազգային քաղաքականութիւն չունենանք, գաղութի կը վերածուինք, որովհետեւ Ռուսիան աւելի հեռու է, քան` Թուրքիան, եւ թրքական ներդրումները աւելի մեծ պիտի ըլլան:

Իր կարգին, Էլպաքեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները` Թուրքիոյ նպատակը Հայաստանի ոչնչացումն է, իսկ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը միջնաժամկէտ նպատակը եւ հեռանկարն է, երբ Հայաստանը ունենայ ազգային իշխանութիւն, Թուրքիան կարելիութիւնը պիտի ունենայ այդ իշխանութիւնը նկատել վրէժխնդրական եւ դիւրութեամբ յարձակիլ, իսկ երբ նպատակը այն է, որ Հայաստան վերադառնան ազերիները,  պարզապէս Հայաստանի ժողովրդային պատկերը փոխելու համար է:

«Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Տեսերիզի Ցուցադրութիւն

11 յունուարին Փարիզի մէջ ցուցադրուեցաւ Իսամ Նակիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական տեսերիզը, որ կրկին պիտի ցուցադրուի Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ, 26 յունուարին: Իսամ Նակի շատ հետաքրքրական հանդիպում մըն ալ ունեցաւ «Ռատիօ Այբ»-ի հետ:

«Արմէն Գարօ» կոմիտէն հրաւիրեց Իսամ Նակին, որ հաստատուած է Երեւան, եւ կազմակերպեց սոյն տեսերիզի ցուցադրութիւնը Ֆրանսայի կարգ մը  քաղաքներուն մէջ եւս, ինչպէս` Ալֆորվիլ, Տեսին-Լիոն, Վալանս, նաեւ` Պրիւքսել եւ Ալմելօ:

Իսամ Նակին  նուիրուած անձնաւորութիւն մըն է իր անձնազոհութեամբ եւ պայքարով` Հայաստանի եւ Արցախի համար: Իր նկատողութիւնները եւ զգացումները կը շեշտեն հայ մշակոյթի եւ մեր հայրենիքի կարեւորութիւնը` ընդհանուր մարդկութեան պատմութեան համար:

Յայտնենք, որ բոլոր ցուցադրութիւններուն ընթացքին Կապոյտ խաչը ներկայացուց իր աշխատանքը եւ տրամադրած օժանդակութիւնը Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած ժողովուրդին համար:

Կիպրոս

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

10 յունուարին Կիպրոսի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճուլի Ֆիշըր, ընկերակցութեամբ իր առաջին քարտուղարուհիին, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնեճեանի եւ Ազգային վարչութեան գանձապահ Վիգէն Քեսթերլեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի եւ կիպրահայութեան հետ առնչուած հարցեր: Խօսք առին սրբազան հայրը եւ պետական ներկայացուցիչը, ապա Երեսփոխանական ժողովի ատենապետը, բարի գալուստ մաղթելէ ետք դեսպանին, բացատրեց հանդիպումին նպատակը, որ կապուած է Նիկոսիոյ գրաւեալ բաժինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կղզիի գրաւող վարչակարգին կողմէ վերջերս կատարուած բացման արարողութեան հետ:

Դեսպանը, իր կարգին, շեշտեց իր դեսպանութեան եւ նախկին դեսպաններու երկարամեայ կապը Ազգային առաջնորդարանին հետ` յիշեցնելով, որ իր ասպարէզին պատճառով այցելած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան եւ լաւապէս տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս դիմագրաւած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծ ջանքեր կը թափէ, որ հարցին վերջնական ու խաղաղ լուծում մը գտնուի, միաժամանակ գնահատելով, որ այս հարցը կիպրահայ համայնքին համար մնայուն տանջալից եւ զգայուն հարց մըն է:

Կիպրական հարցին վերաբերեալ, ան յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին կողմէ նոր պատուիրակի մը նշանակումը էական յառաջդիմութիւն արձանագրէ կիպրական հարցի բանակցութիւններուն մէջ, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները ներկայիս լարուած վիճակի մէջ կը գտնուին: Դեսպանը ակնարկելով  հանդիպումի ընթացքին քննարկուած հարցերուն` ստանձնեց յանձնառութիւն, որ արծարծէ զանոնք արտաքին գործոց նախարարութեան հետ:

Հանդիպումի աւարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր բացատրութիւններ տրուեցան շինութեան ու կառուցուածքին մասին: Դեսպանը խնդրեց սրբազան հօր աղօթքները` աշխարհի ու յատկապէս Պաղեստինի համար: Աւարտին սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց դեսպանին:

Նոր Ջուղա

 «Խաչքար» Խորագիրով Գիրքի Ներկայացում

Վերջերս Նոր Ջուղայի Հայոց երաժշտական թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ նոյն թանգարանի տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ «Խաչքար. խաչքարի արուեստը. համատեքստ եւ կառուցուածքային քննութիւն, Սպահան եւ Երուսաղէմ» գիրքի ներկայացումը` հեղինակութեամբ Յարութիւն Խաչատուրեանի եւ Միշէլ Պասմաճեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց Վանանդ Իսաղուլեան, որ նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքի հեղինակներէն Յարութիւն Խաչատուրեանը, որ ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած բնաբաններէն հատուածներ: Խաչատուրեան բացատրեց, որ խաչքարը յօրինուածք է, երբեմն օծուած, յաճախ` օրհնուած, որ քանդակուած է քարի վրայ` հարթաքանդակի տեսքով. կազմուած է խաչէ, զարդաքանդակներէ եւ սովորաբար արձանագրութիւններէ, որոնք կը պարունակեն «Սուրբ խաչ» կամ «Սուրբ նշան» բառերը:

Շարունակելով իր խօսքը` Խաչատուրեան համապատասխան լուսանկարներով բացատրութիւններ տուաւ խաչքարերու դիրքերու եւ բաղադրիչներու մասին, համեմատութիւններ կատարեց Երուսաղէմի եւ Նոր Ջուղայի խաչքարերուն միջեւ, ապա անդրադարձաւ Նոր Ջուղայի խաչքարերու յատկութիւններուն` ընդգծելով, որ Նոր Ջուղայի եկեղեցիներուն մէջ տեղադրուած խաչքարերը հիմնականին մէջ կը գտնուին խորանին, մուտքին կամ մկրտութեան աւազանին հատուածներուն մէջ:

Խաչատուրեանը ժամանակագրական իմաստով եւս համեմատութիւն կատարեց Նոր Ջուղայի եւ Երուսաղէմի խաչքարերուն միջեւ` շեշտելով, որ Նոր Ջուղայի մէջ անոնք քանդակուած են 1602 թուականէն եւ շարունակուած են շուրջ 90 տարի, իսկ Երուսաղէմի մէջ քանդակի գործը սկիզբ առած է աւելի շուտ` 1000 թուականէն սկսեալ եւ շարունակուած է մինչեւ 1824 թուական: Ան ընդգծեց նաեւ, որ թէեւ Նոր Ջուղայի մէջ խաչքարի քանդակագործութիւնը Հին Ջուղայի քանդակագործութեան արուեստի շարունակութիւնն է, սակայն որոշ տարբերութիւններ կը նկատուին անոնց միջեւ, ինչպէս` չափերը, որոնք Նոր Ջուղայի քանդակներու պարագային շատ աւելի փոքր են, նաեւ զարդաքանդակներուն մէջ նկատելի են բազմազանութիւններ:

Աւարտին համահեղինակը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ան նաեւ գիրքէն մէկական օրինակ նուիրեց Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի», Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Յովհաննէս Թումանեան» եւ Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան «Մ. Նալպանտեան» գրադարաններուն:

 

 

Նախորդը

Մարիա Մոնթեսորիի Ոսկեայ Պատուիրանները

Յաջորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?