Բարի եկար սիրուն ձմեռ
Հարսնացու սարերը մեր
Սպասեցին քեզ անհամբեր
Հագնելու սպիտակ շորն արգասաբեր,
Սնուցանելու արտերն ու դաշտեր
Որ դիմաւորեն ամառն` պտղաբեր:
Ձմրան խորհրդաւոր եղանակն` աներեր
Կը տեղան յորդառատ անձրեւներ,
Իսկ ձիւնի հրապուրիչ փաթիլներ
Ու գեղարուեստական սառոյցներ,
Եւ այսպիսի յատուկ ու գրաւիչ տեսարաններ
Կը փոխադրեն դէպի կախարդական երազանքներ:
Կը տիրեն ցուրտ, բուք ու բորան,
Որոտումն ու փոթորիկը կը սոսկանան,
Երկինքն` խորհրդաւոր ու զարհուրելի
Դիւթիչ պատկեր մը զմայլելի:
Խստաբարոյ ամպերն դառնաշունչ
Կը փչեն մրրիկն ցրտաշունչ
Որ կը բերէ ջինջ ու անապական օդն` ոգեշունչ:
Անձրեւի կաթիլներն ապակեայ
Ձիւնի փաթիլներն բիւրեղեայ
Արեւն` ամչկոտ թաքուն կը մնայ
Երբեմն ամպերու ետին կը ժպտայ:
Իսկ տօներն ամանորեայ ու Ծննդեան
Ձմեռնամուտի տօներն են անզուգական
Ամէնուրեք շլացնող զարդարանք,
Կը տիրէ ճոխ մթնոլորտ ու խրախճանք:



