Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

January 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

3) Զահլէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Պատմական ակնարկ

1927 թուականին եգիպտահայ բարերար Բարսեղ Պալըգճեանի նուիրատուութեամբ կարելի կը դառնայ ապահովել եկեղեցւոյ հողամասը: Իսկ յաջորդ տարի` 1928-ին, մեծասիրտ բարերարը ասպետական նուիրատուութեամբ կը ստանձնէ քարաշէն եկեղեցւոյ կառուցման ծախսերը` իր ննջեցեալ հօր Գրիգորի յիշատակին: Եւ այսպէս, եկեղեցին կը մկրտուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով:

Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները

– Հոգեւոր հովիւը Եզեկիէլ աբղ. Սելլումեան:

–  Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Յակոբ Քիւրիւմեան:

– Անցեալին Զահլէի շրջանը եղած է բաւական կայտառ եւ կենսունակ: Ունեցած է 40 անդամներէ բաղկացած դպրաց դաս` Գրիգոր սրկ. Փամպուքեանի երկար տարիներու դպրապետութեամբ: Դժբախտաբար Զահլէի գաղութը, բնականաբար նաեւ` եկեղեցին, այժմ անգործունեայ է մարդուժի խիստ պակասին եւ օտարախտ ամուսնութեանց պատճառով: Ուստի երիտասարդ հոգեւոր հովիւին ջանքերով ծուխը կը բոլորէ վերակազմակերպման շրջան մը:

4) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Դպրեվանքի Դպրաց Դաս Եւ «Արմաշ» Երգչախումբ

Պատմական ակնարկ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը հիմնադրուած է 1930-ին, Սահակ Բ. կաթողիկոսին եւ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին ջանքերով: 1956-ին դպրեվանքի ուսանողները Զարեհ Ա. կաթողիկոսին օրով փոխադրուեցան Պիքֆայայի բարձրունք, ապա` 1983-ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրով նոր շէնքով մը օժտուեցաւ, որպէսզի դպրեվանքին համար նոր կարելիութիւններ ստեղծուին: Այժմ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ջանքերով դպրեվանքը դարձած է վանական համալիր, որուն մաս կը կազմեն` Ս. Աստուածածին մատուռը, Եղեռնի յուշահամալիրը` արուեստի քանդակներով եւ արդիական կառոյցներով շրջապատուած եւ վերանուանուած` «Սուրբ Աստուածածին վանք»: Դպրեվանքը ունի իր երգչախումբը` ուսանողութեան մասնակցութեամբ: Ան երանաշնորհ երեք «արմաշական» հոգեւորականներուն` Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեանի, Բաբգէն Ա. կաթողիկոս Կիւլեսերեանի եւ Շահէ արք. Գասպարեանի յիշատակը յաւերժացնող «Արմաշ» անունը կը կրէ, 2013-էն ի վեր:

– 2021 թուականէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչն է Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը:

–  Դպրաց դասը կ՛ընդգրկէ դպրեվանքի բոլոր սաները, ընդհանրապէս` 12-24 տարեկան: Այժմու թիւը` 47:

–  «Արմաշ» երգչախումբը կազմուած է երգեցողութեան յարմար ձայն ունեցող դպրեվանքի սաներէն: Այժմու թիւը` 25:

–  Դպրապետները ամէն տարի յաջորդաբար կը փոխարինեն զիրար: Դպրաց դասին այժմու դպրապետը եւ «Արմաշ» երգչախումբին ղեկավարն է դպրեվանքի հսկիչներէն Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանը:

– Բոլոր աշակերտները իրենց կրթական ծրագիրին մէջ ունին մշակուած ձայնագրութեան եւ երաժշտական նոթագրութեան պահը: Փափաքողներուն համար ստեղծուած է դաշնամուրի դասընթացքներու հնարաւորութիւն:

– Դպրաց դասը կիրակի օրերը կը ծառայէ նաեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` միաբաններուն կողքին:

– Անթիլիասի մայրավանքին մէջ դպրաց դասին եւ երգչախումբին կ՛ընկերակցի երգեհոնահար  Յասմիկ Գասպարեանը:

– Դպրեվանքի լուսարարպետն է Օշին վրդ. Չուալերթանեանը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սարկաւագաց դասին եւ «Արմաշ» երգչախումբին անուանացանկը

Ազատ աբղ. Ֆիլիկեանը (դպրաց դասի դպրապետ եւ երգչախումբի ղեկավար)

Դրօ սրկ. Կիւլեսերեան
Հրակ սրկ. Թաշճեան
Սերժ սրկ. Քիւշերեան
Սուրէն սրկ. Եղիայեան
Վահէ սրկ. Ֆիլիքեան
Վարդան սրկ. Ասայեան
Աբրահամ կիս. Պայտունեան
Մինաս կիս. Ճանսզեան
Յակոբ կիս. Սրապոնեան
Յովհաննէս կիս. Պայտունեան
Ալպեր Տիեպ
Անթոնի Թումայեան
Արմէն Մովսէսեան
Արմէն Չափարեան
Գաբրիէլ Թահանեան
Գարլօ Մարտիրոսեան
Գրիգոր Իսքենեան
Զոհրապ Ճուռեան
Զոհրապ Պչաքճեան
Ժան Օգչաօղլեան
Լեւոն Սեդրակեան
Համբիկ Գալըպճեան
Հրակ Պոյաճեան
Հրաչ Պէրպէրեան
Ճորճ Սաղրեան
Յակոբ Դանիէլեան
Յակոբ Պուճիքեան
Յակոբ Սիսանեան
Յարութ Գամայեան
Յովիկ Խաչիկեան
Յովհաննէս Յովհաննէսեան
Յովհաննէս Սաղիրեան
Յովսէփ Գալըպճեան
Յովսէփ Մովսէսեան
Նարեկ Պոյաճեան
Ներսէս Պաճաքեան
Ներսիկ Պարսումեան
Նշան Ասդուրեան
Նորիկ Վարդանեան
Պետրոս Պետրոսեան
Սարգիս Մովսէսեան
Սարգիս Նահապետեան
Սարգիս Պալապանեան
Սարգիս Փալասեան
Սերժիօ Թումայեան
Քրիստափոր Գայէշեան:

5) Ֆանարի Սուրբ Երրորդութիւն Մատուռ

Պատմական ակնարկ

Քարանթինայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հրկիզումէն ետք, անոր անուանումը 1972-էն մինչեւ օրս կը պահպանուի` իբրեւ մատուռ ծառայեցնելով Ֆանարի նախկին Ազգային Խանամիրեան քոլեճի սրահը: Սկզբնական շրջանին սուրբ պատարագները կը մատուցուէին յատուկ շարժական խորանով, որ հետագային` 4 դեկտեմբեր 2016-ին, դարձաւ անշարժ ու մնայուն: Այժմու Թաղական խորհուրդը կ՛աշխատի ապահովել բարերարներ` խորանը քարաշէն տեսքի վերածելու համար: Մկրտարանի օրհնութիւնը կատարուած է 22 հոկտեմբեր 2017-ին, իսկ մատրան անուանակոչութիւնն ու նորակառոյց տախտակէ դրան օրհնութիւն կատարուած է 2 դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ձեռամբ:

Հետաքրքրական է հաստատել, որ Ֆանարի Սուրբ Երրորդութեան մատրան կողքին զետեղուած է նախկին` տախտակաշէն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ զանգակը, որ իր կարգին սրտցաւ հաւատացեալներու կողմէ բերուած է պատմական Ատանայէն:

Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները

– Հոգեւոր հովիւը` Առաքել քհնյ. Տմտըմեան:

– Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Րաֆֆի Նագգաշեան:

– 2020 թուականէն եկեղեցւոյ դպրապետն է Գրիգոր սրկ. Օհանեանը:

– Դպրաց դասը կը բաղկանայ մօտաւորապէս 19 անդամներէ, որոնցմէ 5-ը դպիրներ կամ սարկաւագներ եւ 14 դպրուհիներ են, ընդհանրապէս` արհեստաւորներ, տնային տնտեսուհիներ եւ ուսանողներ:

– Երգեհոնահարը` Մարիա Գրաճեան:

– Եկեղեցւոյ նախկին դպրապետերն են` Ներսէս սրկ. Օհանեան, Վազգէն Կենտիմեան, Սահակ սրկ. Խաչատուրեան, Յակոբ սրկ. Մենեշեան, Նազարէթ սրկ. Սթիլեան եւ Սիմոն սրկ. Հովիւեան:

Դպրաց դասին անուանացանկը

Գրիգոր սրկ. Օհանեան (դպրապետ)
Աւետիս սրկ. Էօրտեճեան
Միսաք կիս. Սրաճեան
Գաբրիէլ Գաբրիէլեան (լուսարար)
Շանթ Օհանեան
Անի Հեճինեան
Անի Մարտիրոսեան
Արփիկ Յակոբեան
Քլոէ Նալպանտեան
Գոհար Քէօսէեան
Զարուկ Տեմիրճեան
Թինա Պապիկեան
Լին Ժտրեան
Լինտա Թաշճեան
Ծովիկ Թնկրեան
Մարիա Սրաճեան
Մարի-Կրէյս Թաշճեան
Շողեր Ժտրեան
Սելլա Չափարեան:

(Շար. 2)

 

 

Նախորդը

Ձմրան Հրապոյրն Անզուգական

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան Արժանի Հայ Բժշկուհիներ Պատմութեան Ընթացքին» Հատորը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.