Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան Արժանի Հայ Բժշկուհիներ Պատմութեան Ընթացքին» Հատորը

January 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Յիշատակութեան արժանի են ա՛յն հայ բժշկուհիները, որոնք իրենց հետքը ձգած են իրենց կատարած գիտական-բժշկական իրագործումներով ո՛չ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ` միջազգային բեմերու եւ հարթակներու վրայ: Անոնք եղած են գիւտարարներ եւ միջազգային բժշկութեան ու առողջապահութեան ռահվիրաներ: Անոնք բերած են իրենց բժշկական մասնագիտական եւ մարդասիրական անսակարկ օժանդակութիւնը` Հայաստանին եւ Արցախին, խաղաղ  եւ պատերազմական օրերուն:

Յիշատակութեան արժանի են մասնաւորաբար այն բժշկուհիները, որոնք խորհրդային տարիներուն անարդարաբար ենթարկուած են  իշխանութիւններուն բռնադատումներուն, իրաւունքի ոտնակոխման,  բանտարկութեան եւ աքսորի:

Վերոյիշեալ տուեալները մղեցին զիս` պատրաստելու «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» համեստ հատորը: Անիկա արդիւնքն է երկար տարիներու ուսումնասիրութեան: Անիկա ոչ ամբողջական ծաղկաքաղ մըն է` մարդու առողջութեան ծառայող եւ յիշատակութեան արժանի 56 հայ նուիրեալներու:

Հատորը կազմուած է երկու գլուխներէ. առաջին գլուխը կ՛ընդգրկէ 43 անուանի հայ բժշկուհիներու  կենսագրական-պատմագրութիւնը, երկրորդ գլուխը կ՛ընդգրկէ 13    բռնադատուած հայ բժշկուհիներու  կենսագրական-պատմագրութիւնը:

Այս համեստ ուսումնասիրութիւնս թող նկատուի  յարգանքի նուազագոյն տուրք մը` հանդէպ  յիշատակութեան արժանի մասնագէտ,  միջազգային ճանաչում վայելող,   ծառայասէր, հայրենասէր, բռնադատուած,  նուիրեալ  հայ բժշկուհիներուն:

Երբեք յաւակնութիւնը չունիմ անթերի գործ մը կատարած ըլլալու: Քա՛ւ լիցի: Արդեօք չկա՞ն «մեծ բացականեր»: Այո՛, անշո՛ւշտ, կան: Այս 56 հերոսուհիներուն կողքին, կան այլ բազո՜ւմ բազում անմոռանալիներ եւս, ձիր ու ցան` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին: Այս աշխատանքը թող ընդունուի իբրեւ սկիզբ մը միայն, որովհետեւ կան մեզի անծանօթ քանի՜ քանի հայ բժշկուհիներ, որոնք կը կարօտին լայնածաւալ ուսումնասիրութեան:

«Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» հատորը դրած եմ ՀՕՄ-ի Քանատայի  Շրջանային վարչութեան տրամադրութեան տակ:

Այս աշխատասիրութիւնը  նուիրած եմ Քանատայի ՀՕՄ-ին` նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան  եւ  հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններու  եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին:

Յատուկ շնորհակալութիւն ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան` որ  յանձն առաւ այս համեստ աշխատասիրութեանս հրատարակութիւնը: Անիկա լոյս տեսաւ 2023-ի վերջաւորութեան:

Այս հատորը հարստացաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան «Մեր խօսքը»-ով: Ահաւասիկ` այդ խօսքը.

Մեր Խօսքը

Հայ օգնութեան միութիւնը, որ ծնունդ առած է եւ ներշնչուած` Միջազգային կարմիր խաչի մարդասիրական եւ բարեսիրական սկզբունքներէն, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, քաջ գիտակից ու հաւատարիմ` իր խորիմաստ կոչումին, եղած է յոյսի ու լոյսի փարոս` առաջնորդելու մեր ազգի խոշտանգուած եւ տառապագին զաւակները դէպի անվտանգ ու ապահով ապաստաններ:

Այս վսեմ միութեան աշխարհասփիւռ անդամները ճիգ չեն խնայեր` տալու իրենց լաւագոյնը, ուր որ կարիքը կայ` նիւթական թէ բարոյական օժանդակութեամբ: Կ՛աշխատին անխոնջ ու կազմակերպ բանակայինի մը կարգապահութեամբ` նպատակ ունենալով ծառայել իրենց գաղութի եւ հայրենիքի պէտքերուն եւ լայնատարած ծրագիրներուն: Հոն են անոնք, ուր կայ հայ կեդրոն, դպրոց, հիւանդանոց, ծերանոց, պատսպարան: Մէկ խօսքով, հոն են, ուր որ կարիքը կայ: Ազգային այս մեծ պարտականութեան ի խնդիր` «անկարելի» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի իրենց համար: Իւրաքանչիւր անդամ իր ունեցած արժանիքները կամ համեստ լուման ի սպաս կը դնէ` շարունակելու այն ազգօգուտ եւ նուիրական գործը, զոր սկսած են իր նախնիները` հայոց պատմութեան մշուշէն մեզի ներկայացող գթութեան եւ անձնազոհութեան ռահվիրաները, որոնցմէ է Աղուիթան: Այս մեր առաջին հայ բժշկուհին` Սուրէն Իշխանի, կինը դարձած է Գէորգ Կառվարենցի ներշնչման, ոգեւորութեան եւ հպարտութեան աղբիւրը: Ան ծանօթանալով այս բժշկուհիին օրինակելի բարեգործութեան` յիշած է զայն ՀՕՄ-ի առաջին քայլերգին առաջին համարին մէջ, որպէսզի ան ընդմիշտ մնայ մեր առաջնորդը (mentor):

«Կու գաս անցեալի ոսկուն մշուշէն,
Մեծ անձնուրացման գուպար ազգաշէն,
«Ով հայ սրտերու գորով աղուական,
Որուն մենտուհին եղաւ Աղուիթան»

Այս տողերը մինչեւ օրս մեզ կը մղեն հաւատարիմ մնալու մեր մարդկային եւ ազգային առաքելութեան, եւ այդ պատճառով ալ ստանձնեցինք այս գիրքին հովանաւորութիւնը:

Այս առթիւ կ՛ողջունենք ու բարձր կը գնահատենք հայ բժշկուհիներուն նուիրուած այսքան ծաւալուն աշխատութեան ետին կանգնած տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը: Վստահ ենք, որ մեզի նման` դուք ալ հպարտութեամբ պիտի ծանօթանաք հեղինակին պրպտող մտքին եւ եռանդուն ոգիին արգասիքը հանդիսացող այս գիրքին հրաշալի հայ բժշկուհիներուն կեանքին ու գործին: Պատկերներով եւ կենսագրականներով հարուստ այս գիրքը լոյս կը սփռէ ոչ միայն մեծաթիւ հայ  բժշկուհիներու մարդասիրական ու ազգասիրական ծառայութեան վրայ, այլեւ վեր կը հանէ հայ կնոջ թափած ջանքերը եւ ձեռքբերումները բժշկութեան պատմութեան, յառաջդիմութեան ու զարգացման ի խնդիր:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ բոլորին:

ՀՕՄ-Ի ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

Մոնրէալ, 26 դեկտեմբեր 2023

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Բարի Յիշելով Գրող-Մտաւորական Ստեփան Ալաճաճեանը 1924 -2010

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.