Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Հիւպատոսը Այցելեց Սրբազան Հօր
11 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին Բաբգէն Պատալեան շնորհաւորեց սրբազան հայրը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` առաւել ուժ եւ կորով մաղթելով անոր: Այս առիթով ան փոխանցեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեանի շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով` քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց հիւպատոսին, անոր ընտանիքի պարագաներուն, դեսպանին եւ ողջ հայութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն մաղթեց մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին:
Հանդիպումին արծարծուեցան զանազան նիւթեր:
Միացեալ Նահանգներ
Ռապըրթ Քենետի Վերահաստատեց Արցախը Հայութեան Վերադարձի Ջանքերուն Զօրակցելու Իր Պատրաստակամութիւնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ազգային բարերար Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլին եւ հայ համայնքի այլ ղեկավարներու կողմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահի անկախ թեկնածու Ռապըրթ Քենետի Կրտսեր անգամ մը եւս վստահեցուց, որ պիտի զօրակցի Արցախը հայութեան վերադարձնելու եւ հայկական հողերը վերամիացնելու ջանքերուն` յիշեցնելով, որ Արցախը առնուազն ՆՔ 200 թուականէն ի վեր հայկական եղած է: Ան «ցնցիչ» որակեց այն իրողութիւնը, որ աշխարհը լուռ կը մնայ Արցախի մէջ գործուած ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Նախապէս ան տեսանիւթով մը խոստացած էր, որ իր վարչակազմը միջազգային համայնքը պիտի մղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի դէմ` ապահովելու համար հայերու ապահով վերադարձը Արցախ եւ աջակցելու արցախահայերու ինքնորոշման իրաւունքին:
Նշենք, որ Ռապըրթ Քենետի Կրտսերը անցեալ աշնան հեռացաւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին անկախ թեկնածու է: Ան Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` Ռապըրթին որդին է:
Թենի Մելիտոնեան Նշանակուեցաւ «Օսքար»-ներու Գլխաւոր Պաշտօնատար
Միացեալ Նահանգներու Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիան (The Academy of Motion Pictures Arts and Sciences, AMPAS) հաղորդեց, որ Թենի Մելիտոնեան նշանակուած է նոր հաստատուած «Օսքար»-ներու գլխաւոր պաշտօնատարի (Chief Oscars Officer) դիրքին:
Իր այս նոր պաշտօնին մէջ Մելիտոնեան պիտի առաջնորդէ «Օսքար»-ներու մրցանակաբաշխութեան ռազմավարութիւնը սահմանելու ջանքերը, պիտի համակարգէ արուեստագէտներուն հետ յարաբերութիւնները եւ կազմակերպէ յատուկ ձեռնարկներ:
Նշանակումը պաշտօնի բարձրացում մըն է Մելիտոնեանին համար, որ նախապէս «Օսքար»-ներու ռազմավարական հարցերու փոխնախագահ էր, իսկ անկէ առաջ ծանուցումներու, շուկայական հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն էր:
Մելիտոնեան Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիային միացած էր 2005-ին, իսկ անկէ առաջ պաշտօնավարած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ:
Քանատա
Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպած Ամանորի Հաւաքին Ներկայ Գտնուեցաւ Օնթարիոյի Քաղաքական Պաշօնատարներ
Կիրակի, 14 յունուար 2024-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ամանորի տարեկան հանդիպումը «Հայ կեդրոն»-ին մէջ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Օնթարիօ նահանգի շուրջ 40 պետական եւ շրջանային մակարդակի պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` գաղութի պատասխանատուներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բազմութիւն:
Վարդան վրդ. Թաշճեանի աղօթքէն ետք Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրակ Տէտէեան վարեց օրուան հանդիսութիւնը եւ իր բացման խօսքին մէջ թուեց հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները` անդրադառնալով մասնաւորաբար հարիւր հազար արցախցիներու բռնագաղթին իրենց բնօրրանէն: Ապա ան թուեց Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարուան ծրագիրները` շեշտը դնելով Քանատայի կառավարութեան հետ գործակցութեան բնագաւառներուն վրայ: Ասոր վերաբերեալ, ան թուեց առաջնահերթութիւն նկատուածները, որոնցմէ գլխաւորներն են` քանատական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զէնքի մատակարարման կտրականապէս արգելում, քարիւղի ներածման դադրեցում, բռնագաղթած արցախցիներու մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն, Պաքուի կողմէ ռազմագերիներու եւ ապօրինի կերպով ձերբակալուած անձերու ազատ արձակում, մշակութային արժէքներու պահպանման համար` Քանատայի կառավարութեան աշխուժ միջամտութիւն մշակութային ցեղասպանութեան առաջքը առնելու եւ, այս առումով, ուղղակի գործակցութիւն միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:
Ձեռնարկը յատկապէս առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու Քանատայի դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի տարբեր կուսակցութեանց պատկանող քաղաքական գործիչները: Ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի, Մարքամի, Ռիչմոնտ Հիլի եւ Եորք շրջանի դպրոցներու հոգաբարձական խորհուրդները, որոնք խօսք առին այս առիթով: Անոնք մասնաւորաբար շեշտեցին հայ համայնքին հետ իրենց ջերմ բարեկամութիւնը եւ յայտնեցին սերտ գործակցութեան եւ արգասաբեր տարուան մը բարեմաղթութիւնները:
Հաւաքը վեր առաւ միասնականութեան եւ գործակցութեան ոգին, հայ համայնքին պինդ կապերը Քանատայի զանազան շրջանակներուն հետ, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդը յուզող զանազան հարցերու գծով անոնց զօրակցութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին շեշտադրուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան կարեւորութիւնը:
Իրան
Թեհրան 12-րդ Շրջանի Քաղաքապետին Այցը` Ս. Աստուածածին Եկեղեցի Եւ Անոր Շրջափակին Մէջ Գտնուող Կեդրոններ
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, 2 յունուարին Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելեց Թեհրանի 12-րդ շրջանի քաղաքապետ Վահիտրեզա Անարաքի Մոհամմատի` իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ:
Անոնք նախ այցելեցին եկեղեցի եւ եկեղեցւոյ տարածքը, ինչպէս նաեւ` «Ա. Մանուկեան» թանգարան, ուր թանգարանին տնօրէնը բացատրութիւններ տուաւ իրանահայ համայնքի մասին:
Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետը նշելով իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններու միջեւ առկայ ընդհանրութիւնները` յայտնեց, որ միաստուածութեան տարբեր հետեւորդները Իրանի մէջ երկար տարիներ միասին ապրած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան մէջ, եւ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս բարեկամական կապերը տակաւին ամուր են:
Եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Քէշիշեան իր կարգին բարձր գնահատեց քաղաքապետին ներկայութիւնը եւ յայտնեց, որ նման այցելութիւնները բարի կամեցողութեան եւ համագործակցութեան խորհրդանիշ են, որ միշտ վայելած է իրանահայ համայնքը:
Ատրպատականին Հայոց Թեմի Առաջնորդը Ուրմիոյ Մէջ Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ Սարդար Սոլէյմանի Յուշահանդէսին
4 յունուարին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեանի, ներկայ գտնուեցաւ Ուրմիոյ պետական համալիրի սրահին մէջ կայացած զօր. Սուլէյմանիի նահատակութեան չորրորդ տարելիցի յիշատակի հանդիսութեան:
Օրուան բանախօսներն էին շիա եւ սիւննի համայնքապետերը, իսկ քրիստոնեայ համայնքի անունով խօսք առաւ սրբազան հայրը: Ան անդրադարձաւ նահատակութեան սրբացնող գաղափարին` շեշտելով, որ ազգ մը կամ ժողովուրդ մը, եթէ խորապէս չէ զգացած ցաւը, չէ կրած վիշտը եւ մանաւանդ չէ ունեցած հայրենիքի կորուստ, չի կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ է նահատակութիւնը, կամ ինչո՛ւ կը նահատակուին մարդիկ, եւ թէ` որքա՜ն մեծ հարստութիւն է նահատակներով հարուստ պատմութիւն ունենալը: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու կրած տանջանքներուն 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ընթացքին: Ան վեր առաւ զօր. Սուլէյմանիի նման մեծ հրամանատարի եւ ղեկավարի շնորհքը, որով ան կրցած էր կայունութիւն ստեղծել տառապող ժողովուրդներու կեանքին մէջ եւ կասեցնել թշնամիի առաջխաղացքը: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հովանիին ներքեւ, տարբեր կրօններու ունեցած նահատակներու միջեւ խտրութիւն չկայ, քրիստոնեայ կամ իսլամ, անոնք կը սրբանան նահատակութեան խորհուրդով եւ կ՛արժանանան բոլորին յարգանքին:
Հոգեհանգստեան Կարգ` Իրան–Իրաք Պարտադրեալ Պատերազմի Նահատակներու Հոգիներուն Համար
13 յունուարին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ, Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներ` Վարդան Աբրահամեանի, Ռայմոնդ Խաթուննեժադի, Վրէժ Բաղումեանի, Հենրիկ Տէր Յովհաննիսեանի, Հրաչ Յակոբեանի եւ Մկրտիչ Թովմասեանի յիշատակին կառուցուած յուշահամալիրին մօտ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից ու դպրաց դասերուն, Ամանորի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ պարտադրեալ պատերազմի բոլոր նահատակներուն` ի մասնաւորի վերոնշեալ վեց հայ նահատակներու հոգիներուն համար:
Սպահանի նահանգապետ Սէյէտ Ռեզա Մորթազաւի բնաբան ունենալով Մոհամէտ մարգարէի խօսքը` նահատակութիւնը Աստուծոյ ընտիր պարգեւ համարելու, յայտնեց, որ Իրանի ժողովուրդը երախտապարտ է իր նահատակներուն: Այնուհետեւ ան ծաղկեպսակներ տեղադրեց յուշաքարերուն դիմաց եւ նուէրներ յանձնեց նահատակներու ընտանիքներուն:
Ֆրանսա
«Լեռնային Ղարաբաղ` Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» Բացօթեայ Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Փարիզի քաղաքապետարանին եւ «L՛oeuvre d՛Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան, 14 դեկտեմբերին Փարիզի Պասթիյ հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ` վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան «L՛oeuvre d՛Orient» Փարիզի փոխքաղաքապետներ Առնօ Նկաչան եւ Քարին Ռոլան, կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իվ Տոլօ, նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, Փասքալ Կոլնիշ, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: Ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմեն Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկարներ:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընթացքին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքապետութեան եւ «L՛oeuvre d՛Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան` միշտ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալնուն համար եւ նշեց, որ ցուցահանդէսին կազմակերպումը այդ համերաշխութեան դրսեւորումներէն է: Տոլմաճեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ցեղային զտում իրականացնելէ ետք, այժմ Ազրպէյճան քայլերու կը ձեռնարկէ` ջնջելու այնտեղ հայկական բազմահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողները եւ յուշարձանները: Այս ծիրին մէջ ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքեր թափելը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը երկարեցաւ մինչեւ 15 յունուար:
Կիպրոս
Հոգեհանգիստ` Մելգոնեան Բարերարներու Յիշատակին
Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին մօտիկ կիրակին, տարիներու սովորութեան համաձայն, նախաձեռնութեամբ «Կիպրոսի Մելգոնեանցի բարեկամներ»-ու խումբին, 14 յունուարին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մելգոնեան անմահ բարերարներու յիշատակին: Ապա բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի Մելգոնեան կրթական Հաստատութիւն, որուն մուտքին գտնուող Մելգոնեան բարերարներու դամբանին առջեւ արտասանուեցան «Հայր Մեր» եւ «Հոգւոց» աղօթքները, նաեւ` Մելգոնեանի քայլերգը, որմէ ետք ծաղիկներ զետեղուեցան դամբանին առջեւ: