Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարէ Քիւրքճեանի Եւ Միշել Զալուայի «Էխըր Խարթուշէ» Թատերախաղը «Մոնօ»-ի Մէջ

January 12, 2024
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

18-21 յունուար 2024-ին, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի «Էխըր խարթուշէ» («Վերջին փամփուշտը») թատերախաղը, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Նարէ Քիւրքճեանի եւ Միշել Զալուայի, մասնակցութեամբ դերասաններ Կայէլ Աիլէի եւ Թէրէզա Սալէհի:

Սոյն ներկայացման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, «Ազդակ» կարճ զրոյց ունեցաւ Նարէ Քիւրքճեանին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ անցեալ տարի ամրան ընթացքին ինք հետեւած էր  «Պէյրութ ամառնային դպրոց» ծրագիրին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին լիբանանցի դերասաններ եւ բեմադրիչներ, եւ հոն ծանօթացած էր Միշել Զալուայի, որ իր իսկ վկայութեամբ, նոյնանման գաղափարներով եւ միտքերով օժտուած են եւ համաձայնած են, որ միասին ծրագիր մը մշակեն: Նշեալ դպրոցը առիթ ընծայած է մասնակիցներուն, որ ծրագիր մը ներկայացնեն, եւ եթէ ընդունուի, երկու ամսուան տեւողութեամբ թատրոն մը գրեն եւ ներկայացնեն` իբրեւ բեմադրութիւն: Նարէ եւ Միշել ներկայացուցած են այս նիւթը, որ ընդունուած է եւ պիտի բեմադրուի:

Անդրադառնալով նիւթին` Ն. Քիւրքճեան յայտնեց, որ թատրոնը կը խօսի իգական սեռին պատկանող երկու սենեկակիցներու մասին, որոնք կ՛ապրին Լիբանանի մէջ եւ կը դիմագրաւեն լիբանանցիի մը ապրած բոլոր դժուարութիւնները` ջուրի, ելեկտրականութեան տագնապ, եւ այլն, եւ այս իրարանցումին մէջ կ՛որոշեն թատրոն մը գրել, որովհետեւ իրենց ժամկէտը կ՛աւարտի տասը օրէն: Հետեւաբար, մէկ կողմ դնելով իրենց ապրած դժուար կեանքը, կը ձեռնարկեն թատրոնի գրութեան: Կը սկսին ամէնէն մակերեսային նիւթերէն եւ կը հասնին մինչեւ այն դէպքերուն, որոնք նեղութիւն պատճառած են իրենց կեանքին ընթացքին եւ ի վերջոյ կ՛աւարտեն թատրոնը: Հեղինակ եւ բեմադրիչ Նարէ Քիւրքճեան նշեց, որ հիմնականին մէջ իրենց զգացումներն ու ապրումներն են, թէ իրենք հոգեպէս ինչ-ինչ դժուարութիւններէ կ՛անցնին: Ան բացատրեց, որ թատրոնը գրեթէ իր եւ Միշելին կեանքն է, թէ Լիբանանի մէջ դերասան մը կամ բեմադրիչ մը ի՛նչ դժուարութիւններ եւ հարցեր կը դիմագրաւէ, եւ թէ ինչպէ՛ս միտքերը տեղէ տեղ ցատկելով մէկ բանի վրայ կը կեդրոնանայ: Ան դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր դժուար է խորունկ նիւթեր արծարծել, որովհետեւ անոնք կը ցաւցնեն, հետեւաբար սոյն թատրոնին հետաքրքրական բաժինը այն է, որ կ՛անդրադառնայ ամէնէն մակերեսային նիւթերուն, եւ զայն մեծցնելով «ապուշ»-ի դեր կ՛առնեն, որովհետեւ չեն ուզեր խօսիլ լուրջ հարցերու մասին: Քիւրքճեան հաստատեց, որ լիբանանցին անշուշտ ունի իր դժուարութիւնները օրուան ընթացքին, իսկ իրենց համար այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան դերասանի մտահոգութիւնները, որոնք նման են լիբանանցիին մտահոգութիւններուն, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ միշտ կասկածի մէջ են եւ ունին այդ զգացումը, որ բաւարարուած չեն, իրենց գրութիւնները կամ աշխատանքները բաւարար չեն եւ այս բոլորը կ՛արտացոլան թատրոնին մէջ, երբ երկու աղջիկները անընդհատ կը մեղադրեն երկրի կացութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ իրենք չեն ուզեր խօսիլ այդ նիւթին մասին եւ ձեւով մը իրենք իրենց ճամբուն վրայ կեցած են:

Նախորդը

«Եռաբլուրը Հրամայում Է» Շարքից. Յիշեցում

Յաջորդը

Չարիքը Չի Կարող Անվերջ Ձգուել

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.