Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ–ի Պատգամաւորները Այցելեցին Դիրքեր
29 դեկտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Արմենուհի Կիւրեղեան եւ Արփինէ Վարդանեան այցելեցին սահման` դիրքեր:
«Այնտեղ` թշնամին դէմ յանդիման, մէկ մարդահասակ ձիւնի մէջ մեր ազգի պատիւը կը պաշտպանեն փորձառու սպաներն ու երիտասարդ զինուորները: Թերեւս միայն անոնք կրնան բաց ճակատով Նոր տարի նշել:
«Կը շնորհաւորեմ մեր բոլոր զինուորներուն ու սպաներուն Նոր տարին, կը մաղթեմ անփորձանք ու յաղթական ծառայութիւն: Իսկ տունը անոնց անհամբեր ու սրտատրոփ սպասողներուն համբերութիւն ու կորով կը մաղթեմ: Տղոց քէֆով բանակ ճամբած են, թող քէֆով դիմաւորեն: Տղաքը արժանի են», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:
«Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» Եռալեզու Պատկերագիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ
27 դեկտեմբերին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ: Պատկերագիրքը կազմած է Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրման հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:
Պատկերագիրքը հրատարակուած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան (այսուհետեւ` ԿԳՄՄ) «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար: Գիրք-ալպոմի կազմութեան օժանդակած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը:
Անիկա կը ներառէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Ազրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ մնացած հայկական պատմաճարտարապետական ժառանգութիւնը:
Ասիկա առաջին հատորն է, երկրորդ հատորը, որ դեռ կը պատրաստուի, պիտի ներառէ սեպտեմբերի վերջին բռնի տեղահանութեան պատճառով Արցախի մնացեալ տարածքներու պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Պատկերագիրքը եռալեզու է: Հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուած են եկեղեցիներուն եւ յուշարձաններուն ստեղծման պատմութիւնը, անոնց կարեւորութիւնն ու սպառնացող վտանգները:
Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, կազմողը` Րաֆֆի Քորթոշեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, յուշարձանագէտ Սլաւա Սարգսեան, Արցախ ԿԳՄՄ նախկին նախարար Լուսինէ Ղարախանեան:
Ներկաները կարեւոր նկատեցին գիրքին հրատարակութիւնը` իբրեւ թշնամիին կողմէ կատարուող կեղծ քարոզչութեան հակադարձող միջոց:
«Մեզի կը թուէր, թէ ապահոված ենք թէ՛ մեր ժողովուրդին խաղաղ կեանքը իր հայրենի հողին վրայ եւ թէ՛ այդ ժողովուրդին միջոցով յուշարձաններու պահպանութիւնը: Ցաւօ՛ք այսօր այս իրավիճակին մէջ ենք», յայտնեց Րաֆֆի Քորթոշեան:
Ան ընդգծեց, որ ոչ միայն թուղթի վրայ, այլ նաեւ գիրքի միջոցով պէտք է փորձենք պահել Արցախի յուշարձանները Արցախի մէջ:
Ըստ Արտաշէս Շահբազեանի, պայքարը պէտք է շարունակուի, հաւանաբար` կրկին սկիզբէն, հաւանաբար` նոր փուլէն, բայց, այո՛, նաեւ այսպէս պէտք է պայքարը շարունակենք մեր հայրենիքին վերատիրանալու, արդարութիւնը եւ մեր իրաւունքը վերահաստատելու համար:
Շնորհաւորելով գիրքին հրատարակութիւնը` Շահբազեան յոյս յայտնեց, որ անիկա պիտի յայտնուի դիւանագիտական սեղաններու վրայ: Ան ընդգծեց, որ ընելիքներ դեռ շատ կան:
Ռուզան Առաքելեանի խօսքով, գիրքը փաստաթուղթ է մեր ձեռքին: Ուստի յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցենք, որ ոչ թէ Արցախը իր պատմամշակութային տարածքով ընդամէնը յիշողութիւն դառնայ, այլ զգօն պահէ զիրենք, որպէսզի մտապահեն Արցախը վերադարձնելու երազանքը:
«Տեսնելով` ի՛նչ ձգած ենք թշնամիին, մարդու ներաշխարհը տակնուվրայ կ՛ըլլայ: Համոզուած եմ, որ այս գիրքը սերունդներ զօրաշարժի պիտի ենթարկէ: Եթէ մենք այսօր ըսենք, որ Արցախը կորսնցուցած ենք` վաղակատարով, կը նշանակէ` որպէս ազգ արժանի չենք մեր նախորդներուն, որոնք ահռելի ու հզօր քաղաքակրթութիւն ստեղծած են: Եթէ մենք մէկ անգամ ապացուցեցինք, որ կարելի է աշխարհը շուռ տալ եւ Արցախը ազատագրել, ուրեմն մենք այս գաղափարը կրնանք փոխանցել մեր սերունդներուն եւ օր մը արժանանալ Արցախի լիակատար ազատագրման: Կը յորդորեմ չվհատի՛լ», իր խօսքին մէջ ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:
«Հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածի ժառանգութիւնը պարզապէս եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, յուշարձաններ չեն, այլ` մեր ինքնութեան կարեւորագոյն գրաւականը: Այս պատկերագրքով կը փորձենք կանգնեցնել մոռացութեան տրուելու մարտահրաւէրը», իր կարգին ընդգծեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Ան յոյս յայտնեց, որ մենք դեռ առիթ պիտի ունենանք կրկին Ստեփանակերտի, Հադրութի ու Շուշիի մէջ այլ շնորհահանդէսներ կազմակերպելու:
Կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատկերագիրքի լոյս ընծայման առիթով իրենց հովանաւորութիւնը ցուցաբերած անձերուն` Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին, բժիշկ Անտրէ Էլիասեանին, ուսուցչուհի Մեքքի Քաւարեանին:
Խորհրդաժողով Եւ Երդման Արարողութիւն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ
ՀՅԴ Երեւանի «Ոստան» Քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ կոմիտէի աշխատանքներու ամփոփումի եւ կատարուելիք աշխատանքներու ծրագրումին նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները:
Նախաձեռնութեան ընթացքին Քաղաքային կոմիտէի անդամները ներկայացուցին նախընթաց շրջանի գործունէութեան մասին հաշուետուութիւն:
Նախաձեռնութիւնը սկսաւ Երեւանէն եւ Արցախէն 8 նորագիրներու երդման արարողութեամբ:
Երդումի կնքահայրեր` Իշխան Սաղաթէլեան եւ Արթուր Մոսիյեան իրենց խօսքերուն մէջ յատկապէս կարեւոր նկատեցին պատմական այսպիսի բարդ եւ պատասխանատու ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ին դերն ու առաքելութիւնը, նոր անդամներով շարքերը համալրելու եւ միասնական ջանքերով առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ Երիտասարդականին Մասնակցութիւնը Սեւծովեան Տարածաշրջանի Յանձնախումբի Տարեկան Ժողովին
ՀՅԴ երիտասարդականը առցանց մասնակցութիւն ունեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին:
12-13 դեկտեմբերին ՀՅԴ երիտասարդականէն 6 հոգինոց պատուիրակութիւն մը` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Եւրոպայէն, մասնակցութիւն ունեցաւ ժողովին: Անոնք ներկայացուցին Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ամիսներու արհաւիրքները, ցեղային զտումն ու ներկայիս բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակը:
Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-քննարկում` «Սեւծովեան տարածաշրջանը համաշխարհային ճգնաժամերու մէջ» խորագիրով, որուն բանախօսներն էին` Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեանը:
«Ճանչցէք Հայաստանը». Կեանքի Կոչուեցաւ Հյդ Արցախի Պատանեկան Միութեան Հերթական Ծրագիրը
ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան երկօրեայ ծրագիրով նախատեսուած է աւելի քան 80 պատանիներու այցելութիւն Հայաստանի տեսարժան վայրեր, դասախօսութիւններ, ուրախ ժամանցի պահեր:
23 դեկտեմբերին ՀՅԴ Արցախի պատանեկան եւ միութեան անդամները կարելիութիւն ունեցան այցելելու եւ տեսնելու Սարդարապատի յուշահամալիրը, Հայոց ազգագրութեան թանգարանը, Դրոյի գերեզմանը:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար, ՀՅԴ ԲԷԳ երիտասարդական խորհուրդի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան դասախօսութեամբ մը անդրադարձաւ մայիսեան հերոսամարտերուն անոնց` արցախցիներուն մասնակցութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման եւ այդ օրերուն հայ ժողովուրդը առաջնորդող հերոսական դէմքերուն:
Երեկոյեան պատանիները առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու Համբիկ Սասունեանին եւ ուղղակի զրուցելու անոր հետ: Պատանիները լսեցին նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանին եւ այլ կուսակցական ընկերներուն:
Օրուան աւարտին պատանիները երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, նուագեցին իրենց հոգեհարազատ ստեղծագործութիւնները, որոնք բոլորը կապուած էին Արցախի հետ:
Ծրագիրի 2-րդ օրը պատանիները անցուցին ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ եւ հրաւիրուած երգիչներուն հետ լաւ ժամանակ անցուցին, միասին երգեցին ու ճաշեցին: «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութիւնը պատանիներուն համար պատրաստած էր նաեւ նուէրներ:
Ծրագիրին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ:
Վազգէն Սարգսեանի Շուշիի Արձանին Կրկնօրինակը Ջերմուկի Մէջ
Արդէն նախապէս հաղորդած էինք, որ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին Շուշիի մէջ տեղադրուած արձանը քանդուած էր ազրպէյճանցիներու կողմէ: Սպարապետին տուն-թանգարանը Դիմատետրի իր էջին միջոցով կը հաղորդէ, որ անոր կրկնօրինակը վերջերս տեղադրուած է Ջերմուկ քաղաքին մէջ: