Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին |
Պատգամ` | ժամը 11:30-ին |
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագին, հաղորդուելու Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԾԱՆՕԹ.-
. Ս. պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ մինչեւ ժամը 1:30 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00, իսկ յաջորդ օր` կիրակի, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00:
. Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑի Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Ժամերգութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տնօրհնէք պիտի կատարուի վեհարանին մէջ:
. Կիրակի, 7 յունուար 2024-ին, ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿի Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթ, 6 յունուար 2024
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Սուրբ Նշան մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:30-ին |
Պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ ` | ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը սպասենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար հռչակենք Ս. Ծննդեան աւետիսը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրբ Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին, առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00: Այնուհետեւ, ժամը 4:00-6:00, շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի
—————————————
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան օրհնեալ տօնի շնորհաւորական ընդունելութեան փոխարէն, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը պիտի կատարէ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂԱՉԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ առ Աստուած, նուիրուած` Արցախի մեր հայրենակիցներուն, Պաղեստինի քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ ժողովուրդի խաղաղութեան եւ Լիբանանի կայունութեան, Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ի ճիշդ ժամը 12:30-ին:
—————————————
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
* ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. Ծննդեան`
Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին
Մարգարէական ընթերցումներ` երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Սուրբ պատարագ` երեկոյեան ժամը 5:00-ին
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով`
Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյս տիկնանց յանձնախումբին կողմէ տեղի պիտի ունենայ շնորհաւորանք եւ հիւրասիրութիւն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
* ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին
Մարգարէական ընթերցումներ` երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Ս. պատարագ` երեկոյեան ժամը 5:00-ին
* ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին
Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ շնորհաւորանք եւ հիւրասիրութիւն:
* ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Կազմակերպութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին:
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, Ճիւնի:
* Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՓՈՔՐԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Կազմակերպութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կատարողութեամբ` «Փոքրերու Աշխարհ» խումբին:
Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. պատարագէն ետք, երգեր, խաղեր, անակնկալներ եւ նուէրներ:
Եկէ՛ք միասնաբար դիմաւորենք Կաղանդ պապուկը:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՊԱՐՏԱԳՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Մանսուրիէ շրջանին մէջ, կարիքը ունի լիբանանցի հայ պաշտօնեաներու: Դիմել 03-982055
—————————————
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի`
– Վկայեալ հիւանդապահուհիի մը,
– Ընկերային ծառայողի մը,
– Կեդրոնի մուտքին հսկող երիտասարդի մը,
– Նախազգուշական բաժինի պատասխանատուի մը:
Հետաքրքրուողները կրնան անձամբ ներկայանալ կեդրոն Ա. յարկ եւ կամ իրենց դիմումնագիրները յղել հետեւեալ հասցէին`
arcl-absmc@hotmail.com
—————————————
ԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
Ընտանիքի հայր մը ինքնաշարժի վարորդութեան գործ կը փնտռէ անձնական` ընտանիքի մը քով կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռաձայնի 76-600684 թիւին: