Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ կը վտարէ` հակադարձելով Պաքուի կողմէ նոյնպիսի քայլին:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ «անցանկալի անձ» են` «անոնց դիւանագիտական կարգավիճակին անյարիր վարմունքին» պատճառով:
Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած էր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, եւ ֆրանսացի դիւանագէտներուն 48 ժամ տրուած էր լքելու Ազրպէյճանը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «կտրուկ կերպով կը մերժէ» այդ պնդումները` նշելով, որ «իր կեցուածքին փոխանցման համար» իր մօտ կանչած է Ազրպէյճանի դեսպանը:


