Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերահաստատեց Կազայի մէջ «երկարատեւ զինադադար» հաստատելու իր կոչը: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը:
Ըստ պալատին, «Ֆրանսան յառաջիկայ օրերուն, Յորդանանի հետ գործակցաբար, Կազայի մէջ մարդասիրական գործողութիւններ պիտի կատարէ»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Օն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Պաղեստինեան իշխանութեան Կազայի կառավարումը ստանձնելու համար երեք պայման դրած է:
Այդ պայմաններն են` կրակոցի լիակատար դադրեցում, մարդասիրական օգնութեան տրամադրում, Կազայի բնակիչները պապենական հողերէն տեղահանելու փորձերու դադրեցում:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի յայտնեց. «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը ամբողջովին պաղեստինեան գործողութիւն մըն էր, եւ գործադրուեցաւ ինքնին պաղեստինցիներու կողմէ, առանց արտաքին որեւէ աջակցութեան, եւ անիկա 75-ամեայ անիրաւութեան հակադարձութիւն է»:
Ան շեշտեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս ջոկատ»-ի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութեան վրիժառութիւն չէր, «որովհետեւ մենք է, որ անոր վրէժը պիտի լուծենք»:
«Կազայի մէջ սիոնական գոյացութեան վնասները օրըստօրէ կը մեծնան, եւ ան չի կրնար պատերազմին երկար ժամանակ տոկալ», նշեց Սալամի:
«Մեր զաւակներուն սպանութեան նկատմամբ լուռ պիտի չմնանք եւ անոնց վրէժը խիստ կերպով պիտի լուծենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր զաւակներու վրէժը լուծելը միայն սիոնական գոյացութեան գոյութեան վերջ տալով պիտի ըլլայ»:
«Հըզպալլայի որոշումը անկախ է, եւ կուսակցութիւնը զայն կու տայ պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն համաձայն», յայտնեց Սալամի:
«Մենք ուժեղ կազմակերպութիւն ենք, կը յայտարարենք այն, ինչ որ կ՛ընենք եւ որեւէ թշնամիէ չենք վախնար», ըսաւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 27 դեկտեմբերի յայտարարութեան, որուն մէջ Էրտողան Նեթանիահուն քննադատած էր եւ զինք հերթական անգամ համեմատած Ատոլֆ Հիթլերի հետ:
«Էրտողան, որ քիւրտերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործած է եւ մրցանիշ արձանագրած իր վարչակարգին դէմ արտայայտուող լրագրողները ձերբակալելու թիւով, վերջինն է, որ կրնայ մեզի խրատ տալ», ըսաւ Նեթանիահու:
Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը կը պայքարի Համասի դէմ, որուն «կը փառաբանէ» Էրտողան եւ բազմիցս իր մօտ ընդունած է:
Էրտողան Նեթանիահուին «դահիճ» եւ «մարդասպան» կոչած էր, յայտարարած, որ ան Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կազմակերպած է իր քաղաքական ասպարէզը երկարելու եւ Իսրայէլի մէջ իր դէմ սկսած դատական հոլովոյթէն խուսափելու համար: Բացի ատկէ, Անգարան կը մերժէ Համասը իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալ:


