Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան` պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին:
«ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած են ոչ պաշտօնական հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ: Քննարկուած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Քննարկումները եղած են երկկողմանի ձեւաչափով», նշած է Բաղդասարեան:


