Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Մենք Կը Տեսնենք Ուժերու` Երեւանը Ալ Աւելի Վտանգաւոր Աշխարհաքաղաքական Խաղերու Մէջ Ներքաշելու Փորձերը»

Դեկտեմբեր 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող տարին դիւրին չէր Հայաստանի եւ մեզի բարեկամ հայ ժողովուրդին համար: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք կը տեսնենք արտաքին ուժերու` Երեւանը ալ աւելի վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ ներքաշելու փորձերը: Մենք կը տեսնենք, որ Արեւմուտքը շատ անտարբեր է հայ ժողովուրդի ճակատագիրին նկատմամբ: Անոնք կ՛օգտագործեն հայերու զգացումները, անոնց պատմական յիշողութիւնը, ցաւն ու տառապանքը` բացառապէս մեկնելով սեփական շահերէ», ըսած է Զախարովա:

«Հաշուի առնելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը` Մոսկուան պատրաստ է ամէն կերպ աջակցելու Հայաստանի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման», յայտնած է ան:

«Մեզի համար ատիկա իսկապէս կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի շարք մը պատճառներով` մեր ընդհանուր պատմութիւնը, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու փոխներթափանցումը,  շրջանային մակարդակի կայունութիւնը, հասարակաց մարտահրաւէրները, հասարակաց խնդիրները, որոնք միասին աւելի դիւրին է լուծել», ըսած է Զախարովա:

Ան ըսած է, որ Մոսկուան լաւ հեռանկարներ կը տեսնէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններուն հիման վրայ:

«Նախադրեալներ կան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Ընդհանուր առմամբ մենք հետաքրքրուած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտական մակարդակի նուազումով եւ այդ շրջանի ամէնէն հարուստ ներուժի բացայայտումով», ըսած է Զախարովա` այս ծիրին մէջ ընդգծելով «3+3» հարթակի կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական Հանդիպումներ

Յաջորդը

Լաւրովի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ձեռքբերման Բանակցութիւններու Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?