Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պնաշհիի Մէջ. Ֆրենժիէ Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը

Դեկտեմբեր 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, բանակի սպայակոյտի պետի նշանակումին հարցն ու Կազայի զարգացումները:

Ժոմպլաթի ընկերակցեցան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ Թէյմուր Ժոմպլաթի խորհրդականներ Հուսամ Հարպ եւ Ճոուի Տահեր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է Լիբանանը դուրս բերել իր դիմագրաւած ներկայ դժուար կացութենէն:

Շեհայէպ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրենժիէին, որ միշտ ալ կը հսկէ բանակի հրամանատարութեան կարգաւորումին` աւելցնելով, որ բանակն է երկիրը պաշտպանողը:

Ան նշեց, որ եթէ իրենց եւ Մարատա հոսանքին կողմէ որոշ հարցի մը շուրջ տարբեր կեցուածքներ կան, անիկա չի նշանակեր, որ անոնց միջեւ յարգանք եւ մտերմութիւն գոյութիւն չունի: «Մեր միջեւ յարաբերութիւնը պատմական է», ըսաւ Շեհայէպ:

Իր կարգին, երեսփոխան Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը հաւատան երկխօսութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան իր գտնուած մութ փապուղիէն դուրս պիտի չկարենայ գալ առանց հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համաձայն գտնուեցան, որովհետեւ այլընտրանքը երկիրը անորոշութեան մատնել էր` ընդգծելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մօտ յանձնառութիւն կը շօշափեն Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն վերաբերեալ: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով պիտի շարունակենք երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները բոլոր պատասխանատուներուն հետ` երաշխաւորելու համար բանակին առաքելութեան դրական ընթացքը», ըսաւ ան` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանան ունենայ հանրապետութեան իր նախագահը:

 

Նախորդը

Մեծ Թիւով Նախարարութիւններու Պիւտճէները Վաւերացուեցան

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Արձանագրուեցան Երեք Զոհեր. Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?