 Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձախումբի նիստին, շեշտեց, որ յանձնախումբը վաւերացուց արդարութեան, կենսոլորտի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութիւններուն պիւտճէները:
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձախումբի նիստին, շեշտեց, որ յանձնախումբը վաւերացուց արդարութեան, կենսոլորտի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութիւններուն պիւտճէները:
Յանձնախումբի նիստին ներկայ էին նաեւ պաշտպանութեան, կենսոլորտի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Հանրի Խուրի, Նասեր Եասին եւ Ժորժ Քալլաս:
Յանձնախումբը արձանագրեց նաեւ կարգ մը դիտողութիւններ, ինչպէս նաեւ զարմանք յայտնեց կառավարութիւնը բաղկացնող տարրերուն եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ համադրումի եւ համագործակցութեան պակասին նկատմամբ:
Յանձնախումբը հարց տուաւ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ Պէյրութի Արդարութեան պալատին տրամադրուած 8 միլիոն տոլարին մասին, եւ ի յայտ եկաւ, որ աշխատանքը սկսած է այդ օժանդակութեամբ, սակայն Արդարութեան պալատը ելեկտրականութեան հարց կը դիմագրաւէ եւ այդ իմաստով Եւրոպական Միութեան հետ կը գործակցի արեւային վահանակներ զետեղելու միջոցով ելեկտրականութիւն ապահովելու ծրագիրին շուրջ:
Յանձնախումբը այս իմաստով հրապարակեց երեք յանձնարարականներ, որոնք կը վերաբերին արդարութեան պալատներուն, կենսոլորտի ֆոնտին օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ մարզական կառոյցներու եւ համալիրներու նորոգութեան:
Քանաան նախագահեց նաեւ յանձնախումբի մէկ այլ նիստին, որուն ընթացքին սերտուեցաւ ընկերային հարցերու, երկրագործութեան, մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւններուն տրամադրուելիք պիւտճէները:
Քանաան յայտնեց, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը որոշած է պետական ամավարկի քննարկումը աւարտել սահմանադրական ժամկէտէն, այսինքն` յունուարի աւարտէն առաջ:
Քանաան նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարներն ու երեսփոխանները յանձնառու մնան յանձնախումբին ճշդած նիստերու թուականներուն, ապա յունուարի առաջին շաբթուան ընթացքին ամավարկի քննարկումը կարելի կ՛ըլլայ աւարտել:
 
			

