Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Կրթական Մարզին Վերաբերող Նիստի Մը

December 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կաթողիկէ դպրոցներուն յայտարարած բաց դասադուլին տուն տուող պատճառներուն լուծում գտնելու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի:

Հանդիպումին աւարտին Հալապի յայտնեց, որ իր գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը կազմուած է` աւելցնելով, որ այդ յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:

Հալապի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին պիտի մշակուին առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին սեփական դպրոցներուն յատկացուելիք գումարներուն մասին խորհրդարանին կողմէ վերջերս հրապարակուած օրէնքին:

Հալապի նշեց, որ այդ օրէնքին մասին կարծիք փոխանակած են, որովհետեւ անիկա պատճառ էր դասադուլի յայտարարութեան:

Մաուլաուի Եւ Սալամ Կ՛այցելեն Պքերքէ

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որ Ս. Ծնունդի առիթով Ռայի պատրիարքին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները եւ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին մօտ շօշափած է մտահոգութիւն` Լիբանանի եւ հանրապետութեան նախագահութեան ճակատագիրին վերաբերեալ:

Քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու եւ անոր պիւտճէ յատկացնելու մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Մաուլաուի ըսաւ. «Խորհրդարանը եւ քաղաքական անձնաւորութիւնները քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգեցին մէկ տարիով, այսինքն` 31 մայիս 2024, իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ պիւտճէ տրամադրելու, որպէսզի այդ ընտրութիւնները կատարուին: Մենք կը պնդենք օրէնքի գործադրութեան կարեւորութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը փափաքինք, որ լիբանանցիները իրենց իրաւունքներուն հասնին` քուէատուփերուն ընդմէջէն եւ կատարեն ընտրութիւնները, որովհետեւ բոլոր քաղաքապետութիւնները եւ լիբանանցիները կարիքը ունին այդ ընտրութիւններուն»:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ, որ նոյնպէս իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին:

Սալամ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի փրկութեան ճամբուն վրայ առնուելիք նախաքայլը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

Սալամ նկատել տուաւ, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձերու յաւելումներուն հարցը յաջորդ նիստին պիտի վաւերացուի:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մեծ Թիւով Նախարարութիւններու Պիւտճէները Վաւերացուեցան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.