ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Լիբանանի բոլոր մզկիթներու իմամներուն եւ քարոզիչներուն կոչ ուղղեց ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին իրենց քարոզն ու պատգամը յատկացնելու Պաղեստինեան դատին: Միւֆթի Տըրիան ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի նշեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ համաձայնած են Տար Ֆաթուայի մէջ հոգեւորականներուն համար առողջապահական ֆոնտ մը հիմնել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Զօր. Աուն Շիայի փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` անոր ստանձնելիք դիւանագիտական յաջորդ առաքելութեան վերաբերեալ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Ս. Ծնունդին առիթով փոխանցեց շնորհաւորութիւններ: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը գտնուի հակակշիռի տակ` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատերազմէն հեռու պէտք է պահել:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ զէնք կրելու արտօնագիրները այսօր` հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2023-ի կէս գիշերէն սկսեալ ցնոր տնօրինում պիտի սառեցուին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ պետութեան կողմէ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն հատուցման սնտուկին չօժանդակելը խիստ մերժելի է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նշեց, որ իւրաքանչիւր փուլի համար իրենք ծրագիրներ մշակած են, եւ իւրաքանչիւր ճակատումի համար զէնքերն ու հրթիռները ճշդուած են: Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը նոր տարազներ պիտի հաստատէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ դիւանագիտական ճիգերն ու քաղաքական հաղորդակցութիւնները, որոնք մեծ պետութիւններուն կողմէ կը կատարուին, կը շուկայադրեն իսրայէլեան պահանջներն ու նպատակները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Պեքաայի շէյխերու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուիի: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց բանակի հրամանատարը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը ձերբակալեցին Թրիփոլիի Զահիրիէ շրջանին մէջ տօնածառը հրկիզող քաղաքացին եւ զայն յանձնեցին համապատասխան դատական ատեանին:


