«Արարատ 73»-ի ֆութպոլիստ Նիքոլայ Ղազարեան երէկ մահացաւ ծանր հիւանդութենէ ետք: Նիքոլայ Ղազարեան ծնած էր 1947-ին, 1966-էն սկսաւ մասնակցիլ Խորհրդային Միութեան առաջին դասակարգի ախոյեանութեան Արարատի հետ: 1971-ին ան դարձած է Խորհրդային Միութեան արծաթէ մետալակիր, իսկ 1973-ին ախոյեան եւ բաժակակիր: Ան եղած է Խորհրդային Միութեան պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային խումբերու անդամ:
Ձախ կողմի յարձակող (ուինկ) Նիքոլայ Ղազարեան արագավազ ու աշխատասէր ֆութպոլիստ մըն էր եւ դիպուկ հարուածներու դէմ: Ան մասնակցած է 295 մրցումներու` նշանակելով 67 կոլ: Ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտելէ ետք 1976-ին անցած է մարզչական աշխատանքի, նաեւ ըլլալով Արարատի գլխաւոր մարզիչ: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան ֆութպոլի ֆետերասիոնի առաջին նախագահը եղած է 1992-1994 տարիներուն: