Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Զուարթնոց» Պատմական Մշակութային Արգելոց-Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուած Է «Մունք. Քաշաթաղ» Խորագիրով Ցուցահանդէսին
«Զուարթնոց» պատմական մշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մունք. Քաշաթաղ» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան Քաշաթաղի (Լաչին) շրջանի պատմական մշակութային յուշարձաններու` հնամեայ կամուրջներու, եկեղեցիներու, խաչքարերու, ամրոցներու եւ բերդերու լուսանկարներ, որոնք հեղինակած է շրջանային վարչական կազմի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր, լուսանկարիչ Զոհրապ Ըռքոյեանը:
Ցուցահանդէսի բացման Քաշաթաղի վարչական կազմի նախկին ղեկավար Ալեքսան Յակոբեան նախ նշեց, որ այս տարի կը լրանայ շրջանի ստեղծման 30-ամեակը, համոզմունք յայտնելով, որ անիկա արցախեան շարժման ծնունդ էր:
«Այն, ինչ կորսնցուցինք, մնացին մեր հոգիներուն եւ յիշողութեան մէջ: Թարմ է, տարիներ ալ անցնին, միեւնոյնն է, պիտի մնայ մարդոց յիշողութեան, հոգիին մէջ եւ պիտի յարատեւէ պատմութեան մէջ», նշեց ան:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի տեղակալ Արտաւազդ Զաքեան, անդրադառնալով ցուցահանդէսի մտայղացման, կառոյցին` տարիներ շարունակ համագործակցելով տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ, հանրահռչակեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս գտնուող հայկական պատմական մշակութային յուշարձանները:
Անոր խօսքով, Զոհրապ Ըռքոյեանին հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` բացայայտեցին Լեռնային Ղարաբաղի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը, յատկապէս` Քաշաթաղի շրջանին մէջ:
«Նկատի առնելով շրջանային վարչական կազմի ստեղծման 30-ամեակին լրանալը, մանաւանդ որ հանրութեան մէջ շատ քիչերը ծանօթ են այդ յուշարձաններուն եւ պատմական մշակութային ժառանգութեան, որոշեցինք ցուցահանդէսներու շարք ստեղծել եւ իրականացնել` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի այս կամ այն շրջանին: Առաջինը որոշեցինք Քաշաթաղէն սկսիլ, որովհետեւ նիւթերը ունէինք եւ կրնայինք աւելի արագ կատարել: Ասոր նպատակը կը հանդիսանայ հանրահռչակել պատմական մշակութային այն ժառանգութիւնը, որ մենք ունինք», ներկայացուց Զաքեան` տեղեկացնելով, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է 138 լուսանկար:
Ան մանրամասնեց, որ ցուցահանդէսը նախաձեռնութեան առաջին փուլն է, այնուհետեւ կը նախատեսուի ցուցադրութիւնը աւելի ներառական դարձնել` «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի համացանցային հարթակին մէջ տեղադրելով այն լուսանկարները, որոնք ուղարկուած են:
Լուսանկարներու հեղինակ Զոհրապ Ըռքոյեանի խօսքով, ցուցադրութեան ներկայացուած է իր արխիւին մէկ մասը:
Ըստ անոր, Քաշաթաղի հայկական պատմական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող լուսանկարները ընտրուած են նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ այցելուները կարելի եղածին չափ լայն պատկերացում կազմեն շրջանին մասին:
Հեղինակին տեղեկատուութեամբ, արտացոլուած նմուշներէն ամէնէն հինը նախաքրիստոնէական շրջանի յուշարձաններն են` ժայռապատկեր, վիշապաքար, ամրոցներ:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ երկու ամիս եւ անոր ծիրին մէջ, կազմակերպիչներուն հաղորդմամբ, կը նախատեսուին նաեւ կրթական ծրագիրներ, բաց դասեր` յուշարձաններու, աւանդազրոյցներու եւ պատմութեան վերաբերեալ:
Երեւանի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ Նիզար Քապպանիի Ծննդեան 100-Ամեակը
Երեւանի պետական համալսարանի արեւելեան գիտութիւններու ճիւղի արաբական ուսումնասիրութիւններու բաժինին հետ գործակցաբար, Հայաստանի մէջ սուրիական դեսպանատունը ուսանողական մշակութային ձեռնարկ մը կազմակերպեց սուրիացի մեծ բանաստեղծ Նիզար Քապպանիի ծննդեան 100-ամեակին առիթով:
Արեւելեան գիտութիւններու համալսարանի սուրիական սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական ուսումնասիրութիւններու բաժինի դասաւանդող կազմին եւ ուսանողներուն, որոնք Քապպանիի կարգ մը բանաստեղծութիւններու հայերէնի թարգմանութիւնը կատարեցին: Ան անդրադարձաւ Նիզար Քապպանիի բանաստեղծութիւններու կարեւորութեան, ապա յայտնեց, որ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը այս առիթով հանդիսութիւններ կը կազմակերպէ սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Իյատ Մուրշետի Նիզար Քապպանիի մասին պատրաստած տեսերիզը եւ հրատարակած գիրքը:
Այնուհետեւ ուսանողները ասմունքեցին Քապպանիի հայերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւններէն:
Հայաստանին Առնչուող Եւ ՄԱԿ–ի Արխիւին Մէջ Պահուող Փաստաթուղթերը Նոր Լոյս Կը Սփռեն Պատմական Իրադարձութիւններու Վրայ
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ կայացաւ ՄԱԿ-ի արխիւին մէջ պահուող Հայաստանի Հանրապետութեան 1919-1920 թուականներու նորայայտ փաստաթուղթերու ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսին ակադեմիկոս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան տեղեկացուց, որ ժողովածուն բաղկացած է 320 էջէ, փաստաթուղթերը ներկայացուած են լուսապատճէններու տեսքով եւ անոնց վերեւը կան համապատասխան գրութիւններ: Բացառութիւն չէ, որ հետագային կ՛ըլլայ նաեւ ժողովածուի ելեկտրոնային տարբերակը, որպէսզի լայն հասարակայնութիւնն ու մասնաւորապէս գիտական շրջանակները ծանօթանան նոր իրողութիւններու, առաւել եւս այն, որ փաստաթուղթերուն զգալի մէկ մասը նոր գաղտնազերծուած է:
«Երբ կ՛անդրադառնանք 20-րդ դարուն մեր պետականութեան առնչուող հարցերուն, նախ պէտք է խօսինք Ա. հանրապետութեան մասին, մանաւանդ որ անիկա ծնաւ 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերու բովին մէջ: Հետագայ տարիներուն ընդհատուած պետականութիւնը վերականգնուեցաւ եւ ունեցաւ շարունակութիւն` խորհրդային ժամանակաշրջանին: Ակունքին մէջ այն իրողութիւնը կայ, որ Ա. հանրապետութեան գոյութեան երկուքուկէս տարիներու ընթացքին պետականութեան զգացողութիւնը այնքան ամրապնդուեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ, որ նոյնիսկ հայ համայնավարներու մէկ զգալի մասը հակելով դէպի ընկերվարութիւն` հետագային նպաստեց Բ. հանրապետութեան զարգացման: Եւ եթէ չըլլար Ա. հանրապետութիւնը, մեր երկիրը 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք չէր վերագտներ իր անկախութիւնը», նշեց Մելքոնեան:
Անոր խօսքով, ժողովածուին փաստաթուղթերը հիմնականօրէն կը ներառեն 1918 թուականի Փարիզի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներէն մինչեւ 1920 թուականի խորհրդայնացման ժամանակաշրջանը: Կան նաեւ յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին 1920-ական թուականներու սկիզբին: Փաստաթուղթերը հիմնականօրէն ֆրանսերէն են: Այդ լեզուին փայլուն իմացութիւնը Աւետիս Ահարոնեանին կարելիութիւն տուաւ Փարիզի վեհաժողովին միջազգային հանրութեան ներկայացնել բոլոր կարեւոր փաստաթուղթերը, ուստի պատահական չէ, որ ժողովածուին մէջ ներառուած է նաեւ հայկական պատկան մարմիններու եւ միջազգային ատեաններու, գերտէրութիւններու իշխանութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի միջազգային ճանաչման գործընթացին վերաբերող մեծածաւալ նամակագրութիւնը:
Փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը լիարժէքօրէն կը համապատասխանէր անկախ պետականութիւն ունենալու բոլոր չափանիշներուն: Իբրեւ արդիւնք` Ազգերու լիկային կողմէ մեկնարկեց Հայաստանի անկախութեան ճանաչման գործընթացը, որ խորհրդանշուեցաւ Երեւանի մէջ թնդանօթի 101 համազարկով: Հայկական կողմը այդպէս ողջունեց Ազգերու լիկային որոշումը եւ այդ պատմական իրադարձութիւնը:
«Ժողովածուին յատկապէս երրորդ մասը գիտական- քաղաքական իմաստով շատ կարեւոր է, որովհետեւ կը ներառէ Ազգերու լիկայի 1920 թուականի փաստաթուղթերն ու մամուլի հրապարակումները` անոնց կապակցութեամբ: Կան բազմաթիւ համարակալուած փաստաթուղթեր, որոնց մէջ յստակօրէն նշուած են հայկական պատուիրակութեան քայլերը` Հայաստանի անդամակցութեան ուղղութեամբ: Նշուած է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հայ-թրքական ճակատամարտերը խոչընդոտեցին եւ թոյլ չտուին աւելի խորացնել հայկական պետականութեան ճանաչման գործընթացը: Արդէն խորհրդայնացուած Հայաստանը Արեւմուտքի համար դաշնակից չէր ընկալուեր, ինչպէս նախապէս, երբ մեր երկիրը Հարաւային Կովկասի մէջ կը դիտարկուէր իբրեւ յենարան, եւ անոր նկատմամբ Ազգերու լիկային վերաբերմունքը արմատապէս չէր փոխուեր», ըսաւ ակադեմիկոսը:
Մելքոնեանի կարծիքով, մեր իրաւական դատը համապատասխան կառոյցներուն հասցնելու համար պէտք է շարունակել աշխատանքը, որպէսզի փաստաթուղթերը դառնան աւելի խօսուն, եւ շահագրգիռ անձինք` պատմաբաններն ու գիտնականները, աւելի դիւրութեամբ օգտուին անոնցմէ:
Շնորհահանդէսին ներկայ էր նաեւ ակադեմիկոս Լենսեր Աղալովեանը: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ փաստաթուղթերու առկայութիւնը եւս մէկ անգամ կը փաստէ այն իրողութիւնը, որ ճշմարտութիւնը երբեք չի մահանար, հետեւաբար հայկական կողմը պէտք է անընդհատ զանոնք օգտագործէ` ամբողջ աշխարհին ներկայացնելով Թուրքիոյ նենգ քաղաքականութիւնը, որուն աւելցած է 1920 թուականին ձեւաւորուած Ազրպէյճանի ոճրագործ քաղաքականութիւնը:
«Այսօր Պաքուն ամբողջ Հայաստանը արդէն կը համարէ, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան», որուն պէտք է արձագանգել պետական մակարդակով, առաւել եւս, որ ունինք բոլոր հիմքերը` պնդելու, թե իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է տասնամեակներ առաջ, եւ ի՛նչ կը կատարուի այսօր: Ժողովածուի հրատարակութիւնը եւս մէկ ապացոյց է, որ մեր իրաւասութեան եւ Հայ դատին առնչուող հարցը մեռած չենք համարեր: Միջազգային հանրութիւնը ի վերջոյ պէտք է հասկնայ, որ Թուրքիան աւելի սանձարձակ դարձած է եւ ցայսօր կը շարունակէ իր նենգ վարքագիծը, իսկ Ազրպէյճանը անոր աջակցութեամբ եւ զայն ընդօրինակելով` անմիջականօրէն կ՛իրականացնէ ցեղասպան քաղաքականութիւն», ըսաւ Աղալովեանը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ժողովածուն թարգմանել բոլոր կարելի լեզուներով:
Ակադեմիկոսին կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուլսընի իրաւարար վճիռի կեանքի կոչումը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ մենք ինչպէ՛ս կը կարողանանք միջազգային հանրութեան հասկցնել պատմական իրողութիւններու էութիւնը: Ըստ անոր, աշխարհաքաղաքականութիւնը, ի հարկէ, պէտք է ունենայ էական դերակատարութիւն, սակայն այդ հարցը մշտապէս պէտք է պահել օրակարգի վրայ:
«Թուրքիա եւ Ազրպէյճան տասնամեակներ շարունակ զբաղած են պատմութիւնը կեղծելով, եւ շատեր այսօր կ՛ընդունին անոնց կողմէ բազմաթիւ անգամ հնչեցուած սուտը, իսկ մենք ճշմարտութիւնը չենք կրնար ներկայացնել այնպէս, ինչպէս հարկ է` ապաւինելով այն մտայնութեան, որ բոլորը ինքնըստինքեան ծանօթ են պատմական իրադարձութիւններուն եւ գիտեն, թէ ի՛նչ է իրականութեան մէջ տեղի ունեցածը: Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ Հայկական հարցին հետամուտ ըլլային միաժամանակ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ սփիւռքը: Միասնական ջանքերու համադրումով կարելի է հասնիլ աւելի մեծ արդիւնքի», եզրափակեց ակադեմիկոսը:
Արցախի Կիներու Արտադրութիւնը «Վըսկէ Ծերքեր» Փառատօնին
Արցախի Մարտունի շրջանի Եմիշճան գիւղին մէջ նախատեսուած փառատօնը ողբերգական հանգամանքներու բերումով իրականութիւն դարձաւ Երեւանի մէջ: Ասիկա արցախցի կիներու ձեռքի ու մտքի աշխատանքի արդիւնք է. անոնք յաղթահարելով բազում կենցաղային, հոգեբանական եւ ընկերային հարցեր` իրենց մէջ ուժ գտան շարունակելու իրենց սիրած գործը, վերջին միջոցներով ձեռք բերել անհրաժեշտ գործիքներն ու հումքը, կոկիկ դասաւորել իրենց աշխատանքներն ու ժպիտի տակ քողարկելով ցաւը` սիրալիր դիմաւորեցին իրենց սեղաններուն մօտեցողները:
Երեւանի «Էլիթ փլազա» առեւտրական կեդրոնին մէջ հարիւրաւոր տաղանդաւոր արցախցիներու աշխատանքն է, ինչպէս կազմակերպիչները վերնագրած են` «Վըսկէ ծերքերի» (ոսկի ձեռքեր) արդիւնքը:
Տօնավաճառ-ցուցահանդէսի կազմակերպիչը «Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է «Արցախի մայրիկներու ակումբ» խումբի հիման վրայ, որ Արցախի մէջ տարբեր հասարակական, բարեգործական ծրագիրներ կ՛իրականացնէր անցած հինգ տարիներու ընթացքին:
«Շրջափակման ընթացքին Արցախի մայրիկներուն աջակցելու նպատակով արձանագրուած էինք իբրեւ կազմակերպութիւն, նախատեսած էինք Մարտունի շրջանի Եմիշճան գիւղը կազմակերպել: Երեք ոստիկաններու սպանութեան, այլընտրանքային ճանապարհի փակման եւ ընդհանուր շրջափակման պատճառով ծրագիրը չիրականացաւ», նշեց կազմակերպութեան համահիմնադիր Տաթեւիկ Խաչատրեանը:
Անոր խօսքերով, մայրերը ճիշդ հիմա ամէնէն լուրջ աջակցութեան կարիքը ունին, տկարանալու ժամանակ չկայ, եւ պէտք է բոլոր ջանքերը ներդնել` Արցախի կիներուն աջակցութեան համար:
Տաթեւիկի խօսքով, դիմորդները շատ էին, եւ իրենք միօրեայ ձեռնարկով մը չեն սահմանափակուիր, նպատակը` գոնէ եռամսեակը, վեցամսեակը մէկ կրկնելն է:
Օրը յագեցաւ` մշակութային կատարումներով, անակնկալ նուէրներով, սիրուած եւ ճանչցուած հայերու այցելութեամբ եւ, ի հարկէ, արցախեան հիւրասիրութեամբ: Ելոյթներ ունեցան ջութակահարուհի Լիլիթ Ռուշանեանը, Արցախի վաստակաւոր արուեստագէտ Վիթալի Ղազարեանը եւ Լիլիթ Աւանեսեանը:
45 Տարի Ետք Գիւմրիի Մէջ Ցուցադրուեցեան Մինաս Աւետիսեանի Գործերը
45 տարի ետք Գիւմրիի մէջ ցուցադրուեցան Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի գործերը: Ցուցահանդէսը նուիրուած է Մ. Աւետիսեանի 95-ամեակին: «Գոյներ կերտող նկարիչը» խորագիրով ցուցահանդէսը ներկայացուեցաւ համայնքապետարանի ցուցասրահին մէջ եւ իրականացուեցաւ Հայաստանի` Շիրակի մարզպետի աշխատակազմին յայտարարած «Գոյներ կերտող նկարիչը» խորագրով յոբելենական ձեռնարկներու դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրին մէջ:
«Համայնքային ցուցասրահին համար ամբողջ տարին եղած է աշխուժ գործունէութեան տարի, եւ մեզի համար շատ կարեւոր է տարին եզրափակել Մինաս Աւետիսեանի 95-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսով: Այս ցուցահանդէսը բացառիկներէն մէկն է: 45 տարի ետք Գիւմրիի մէջ ցուցադրուեցան Մինաս Աւետիսեանի գործերը», ցուցահանդէսի բացման նշեց Գիւմրիի համայնքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի նախագահ Լիլիթ Թովմասեան` գիւմրեցիները եւ բոլոր հիւրերը հրաւիրելով ցուցադրութեան:
Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ոսկեայ ֆոնտէն ներկայացուած է նկարիչին պատկանող 28 աշխատանք, որոնք Գիւմրի պիտի մնան աւելի քան մէկ ամիս:
«Մենք Կանք». Արցախեան Երաժշտական Եւ Պարային Համոյթներու Մասնակցութեամբ Երեւանի Մէջ Բարեգործական Համերգ
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ «Մենք կանք» խորագիրով բարեգործական համերգ` Արցախի երաժշտական եւ պարարուեստի խումբերու եւ համոյթներու մասնակցութեամբ:
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ապրես Մարգարեան տեղեկացուց` մանրամասնելով, որ բարեգործական համերգին նպատակը Արցախի մէջ ստեղծուած մշակոյթի, արցախեան համոյթներու պահպանման եւ գործունէութեան նպաստելն է:
«Նախաձեռնութեան միացան արցախեան գրեթէ բոլոր համոյթներն ու երաժշտախումբերը, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ: Անոնք նախապատրաստական փորձերը իրականացուցին անցնելով մեծ դժուարութիւններու մէջէ եւ յաղթահարելով զանոնք` նախատեսուած այս համերգին կարեւորութեան գիտակցութեամբ», նշեց Մարգարեան:
Անդրադառնալով սպասուող համերգին ընդգրկուած համոյթներուն եւ կատարողներուն` Մարգարեան յայտնեց, որ բեմ բարձրացան` Արցախի ազգային նուագարաններու պետական եւ Արցախի պետական ճազ նուագախումբերը, պարի պետական համոյթը, Արցախի պետական եւ «Մռակած» երգչախումբերը, «Ղարաբաղ» էսդրատային ու «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական, «Արցախի ձայներ» համոյթները, «Նովապենտ Արցախ» (NovaBand Artsakh) խումբը, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ` Վարդան Բադալեանը, Արտեմ Վալտերը եւ ուրիշներ: