Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուբայի, Խաչմասի, Քիլվարի Եւ Ջաւադի Հայկական Համայնքները

Դեկտեմբեր 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանքի, ներկայ Ազրպէյճանի Ղուբա, Խաչմաս, Քիլվար եւ Ջաւադ բնակավայրերուն մէջ հայեր ապրած են պատմութեան հին ժամանակներէն: Անոնց մեծ մասը ծագումով արցախցիներ էին:

Ղուբայի առեւտուրը գլխաւորաբար հայերուն ձեռքն էր, իսկ Ջաւադի հայերը անուանի էին ձկնկիթի արդիւնաբերութեան մէջ:

* * *

Ղուբա կը գտնուի Աղուանքի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Մեծ Կովկասի արեւելեան լանջերուն, Քուտիալ գետի աջ ափին, 600 մեթր բարձրութեան վրայ: Դէպի արեւմուտք Շահտաղ լեռնաշղթան է, որուն հիւսիսային լանջերը լերկ են, հարաւային լանջերը` անտառապատ:

Ղուբայէն դէպի հիւսիս-արեւելք Գուսարեան եւ Սամուր-Դիւիչի դաշտերն են:

Ղուբայի կլիման առողջարար է. ձմեռը` ցուրտ եւ ձիւնառատ, ամառը` մեղմ, գարունն ու աշունը` զով:

Ղուբա պատմական հին քաղաք է եւ հաւանաբար իր անունը ստացած է Սասանեան Կաւատ Ա. թագաւորի անունէն: ԺԱ. դարուն հոն կառուցուեցաւ Պատէ Ֆիրուզ Ղուբաթ բերդը:

Շրջանին մէջ կեդրոնացած Գէյթագ ցեղը Մաճալէս եւ Ենկիքենդ ճիւղերու բաժնուած էր եւ իր զօրութիւնը տարածած Աղուանքի արեւելեան գաւառներուն վրայ: Պարսից շահ Սիւլէյման Ա. Մաճալէս ճիւղէն Հիւսէյն խանը 1680-ական տարիներուն Սաղիանի եւ Ղուբայի կառավարիչ նշանակեց:

Նատիր շահի սպանութենէն ետք, 1747-ին, Հիւսէյն Ալի խան Ղուբայի խանութիւնը հիմնեց: Որդին` Ֆաթհ Ալի խան 1758-էն 1789 արշաւանքներ կազմակերպեց դէպի Դերբենդ, Շաքի, Պաքու, Շամախի եւ Ղարաբաղ, եւ բարեկամական կապեր հաստատեց ռուսերուն, օսմանցիներուն եւ պարսիկներուն հետ: Անոր յաջորդեց որդին` Ահմէտ խան, որ 1789-էն 1791, իր երկու տարուան իշխանութեան ընթացքին աշխատեցաւ Դերբենդի, Թալիշի եւ Շիրվանի խանութիւններն ու Սաղիանի սուլթանութիւնը իրեն ենթարկել:

Շէյխ Ալի խան, Ահմէտ խանի խորթ եղբայրը, որ Ֆաթհ Ալի Խանի եւ անոր հայուհի կնոջ` Սահարնազի որդին էր, Ղուբայի վերջին խանը եղաւ. ռուսեր 1806-ին հեռացուցին զայն իշխանութենէն եւ խանութիւնը Ռուսական կայսրութեան միացուցին:

Ղուբա 1840-ին Դերբենդի նահանգին, իսկ 1860-ին Պաքուի նահանգին միացուեցաւ:

Ղուբայի հայերը եւ ռուսերը քաղաքի բարձրադիր թաղին մէջ կեդրոնացած էին, իսկ շիի եւ սիւննի իսլամները` ցածրադիր թաղամասին մէջ:

Ղուբայի հայերը մեծ մասամբ Արցախէն եւ փոքր համեմատութեամբ ալ Շամախիէն տեղափոխուած են հոն, զբաղելով տորոնի առեւտուրով, ընկոյզի կոճղի վաճառականութեամբ, մանրավաճառութեամբ, այգեգործութեամբ, դերձակութեամբ, կօշկակարութեամբ, սափրիչութեամբ եւ հիւսնութեամբ:

Տորոնի առեւտուրը ԺԹ. դարուն զարգացաւ եւ Արցախէն, Շամախիէն ու Թիֆլիսէն հայեր գացին ու բնակութիւն հաստատեցին Ղուբայի մէջ: Քաղաքի հայութեան թիւը հասաւ շուրջ 200 ընտանիքի` 750 հոգիի:

Ղուբայի մէջ բնակութիւն հաստատած թիֆլիսցի վաճառական, նահանգային քարտուղար Ստեփանոս Լազարեանցի եւ եղբօր` առաջին կարգի վաճառական Յովհաննէսի միջոցներով հայկական թաղին մէջ 1845-ին կառուցուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Եկեղեցւոյ պատին վրայ արձանագրուած էր. «Յանուն Օգոստափառ Կայսրութեան Նիկողայոսի առաջնոյ կառուցաւ եկեղեցիս Ամենասուրբ Աստուածածնի սեպհական արդեամբ եւ ծախիւք հարազատ եղբարց Գուբերնսկի Սեկրետարի Ստեփաննոսի եւ առաջին կարգի վաճառականի Յովհաննիսի Անդրէասեան Լազրովեանցի, ի 1845 ամի ի 15 օգոստոս»:

Եկեղեցին պարսպապատ էր. պարիսպէն ներս կային կեռասենիներ: Եկեղեցւոյ հիւսիսային դրան մօտ ամփոփուած էր բարերար Ստեփանոս Լազարեանցի մարմինը. խաչարձան տապանին վրայ արձանագրուած էր.

«Յիշատակ մեռելոյն յաշխարհիս աղցաւոր
Չէ՛ կոթող, ո՛չ գոյք, եւ ո՛չ այլ ինչ անցաւոր Հայեսցուք յայս տաճար առընթեր արձանիս, Կառուցեալ մեծ ծախիւք հանգուցեալ իշխանիս:
Սա բարեաց գործոց իւր յիշելիք գերակայ,
Յոր ննջեալ տէր գործոյն` հանապազ անմահ կայ,
Ստեփաննոս Լազարեանց, այր բազմօք պիտանի,
Կանգնեաց զայս տաճար տուն Տեառն` մինչ էրն կենդանի:
Տուեալ սա զԱստուծոյն ըստ կարի,
Ետ իւրոց նմանեաց օրինակ մի բարի…
Փոխեցաւ առ տէր 25 Օգոստի 1852 ամի,
Վաթսուն եւ երեք ամօք հասակի»:

Կողքին գտնուող տապանաքարին վրայ արձանագրուած էր. «Հանգիստ Գրիգոր քահանայի Հայրապետեան Մելիք Դադայեանց, որ էր հայրենօք ի Չափնի գիւղէն (Մեծ) Սիւնեաց վիճակի, որ հանգեաւ ի տէր 13 դեկտեմբեր 1870 ամի, 85-ամեայ հասակի»:

Եկեղեցւոյ հարաւային կողմի պարիսպէն ներս գտնուող տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Ի տապանիս դնի Շուշուայ քաղաքացի Յակոբ Բալաեանց այր բարի եւ առաքինի, օգնող եկեղեցեաց, աղքատաց, ննջեաց 19 մարտի 1880 ամի, քառասնամեայ հասակի»:

Ծխական արական դպրոցը բացուեցաւ 1870-ին, իգական դպրոցը` 1871-ին, իսկ երկսեռ դպրոցը` 1889-ին:

Ղուբա 1897-ի տուեալներով ունէր 807 հայ բնակիչ, 1916-ի տուեալներով` 579 հայ բնակիչ:

* * *

Խաչմաս

Խաչմաս կը գտնուի Ղուբայի մօտակայքը, Վատնեան դաշտի շարունակութեան վրայ, գեղեցիկ հովիտի մը մէջ:

Խաչմաս բաղկացած էր յարակից երկու թաղամասերէ կամ գիւղերէ` Մեծ Խաչմաս եւ Փոքր Խաչմաս: Քիչ հեռու Հին Խաչմասի աւերակներն էին, որուն բնակիչները հիւսիսային Կովկաս տեղափոխուած էին:

Խաչմասի հայերը կը բնակէին գիւղին մէջէն հոսող գետակի աջ ափին, իսկ ձախ ափին բնակիչները շիի եւ սիւննի իսլամներ էին: 1863-ի տուեալներով գիւղը ունէր 38 ծուխ` 164 հայ բնակիչ: 1886-ի տուեալներով` 32 ծուխ հայ եւ 13 ծուխ թաթար, իսկ 1914-ի տուեալներով Խաչմաս ունէր 298 հայ բնակիչ:

Խաչմասի ծխական դպրոցը բացուեցաւ 1875-ին. 1877-ի տուեալներով ունէր մէկ ուսուցիչ եւ տասներկու աշակերտ: Դպրոցը 1885-ին փակուեցաւ, բայց 1895-ին վերաբացուեցաւ: Կառավարութեան կողմէ կրկին փակուեցաւ 1896-ին եւ 1906-ին վերաբացուեցաւ: 1911-ի տուեալներով դպրոցը ունէր 38 աշակերտ, որուն տասը` աղջիկ:

Խաչմաս (Խաչմազ) 1938-ին կազմաւորուեցաւ իբրեւ քաղաքատիպ աւան:

* * *

Քիլվարի եկեղեցին

Քիլվար կը գտնուի Կովկասեան Մեծ լեռնաշղթայէն Փոքր լեռնաշղթայի վրայ երկարող լեռնաբազուկի մը վրայ, որուն հիւսիսային կողմէն կը հոսի Շապորան գետը:

Քիլվար ունէր 140 տուն հայ բնակիչ: Անոնց մէկ մասը Արցախէն, Շամախիէն եւ Երեւանէն տեղափոխուած էին հոն:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հնադարեան եկեղեցին հիմնովին վերանորոգուած էր Շամախիի թեմի առաջնորդ Ներսէս վարդապետի օրով (1551-1601), 1585-ին:

* * *

Թաթարներ 1918-ի գարնան յարձակման անցան Ղուբայի եւ շրջակայքի հայերուն վրայ եւ սկսան կոտորել զանոնք:

Թաթարական զինուած ջոկատները, Դերբենդէն եկած չեչէններով եւ թուրքերով ստուարացած`  ապրիլ 3-ին յարձակեցան Խաչմասի վրայ եւ գիւղին հայ բնակչութիւնը եւ երկու քահանաները կոտորեցին: Սարսափելի կոտորածէն փրկուեցան միայն երեք հայեր, որոնք լուսադէմին յաջողեցան խոյս տալ մօտակայ անտառները եւ յետոյ Միխայլովկա ռուսական գիւղին մէջ ապաստան գտան:

Հետագային վերապրող երեք հայերը ականատեսի իրենց վկայութիւնները փոխանցեցին ըսելով. «Անտառի մեր թագստեան տեղից օրուայ ժամը 4:00-ին տեսանք որ Դերբենդից կայարան ժամանեցին զինուած չէչէնների եւ թուրքերի երկու էշելոններ, որոնք կէս ժամից յետոյ սկսում են կոտորել Խաչմաս գիւղի բոլոր հայերին»:

* * *

Ջաւադ կը գտնուի Մուղանի դաշտին հարաւը, Կուր գետի աջ ափին եւ նկատուած է ձուկի արդիւնաբերութեան կեդրոն:

Ջաւադի բնիկ հայութեան կողքին, ժամանակի ընթացքին հոն հաստատուած են տարբեր գաւառներէ տեղափոխուած հայեր: Ի. դարու սկիզբի տուեալներով աւանը շուրջ 17 հազար բնակիչ ունէր, որուն մէկ փոքր մասը հայեր էին: 1916 յունուար 1¬ի դրութեամբ Ջաւադի հայութեան  թիւը կը գնահատուէր 984 հոգի:

Կուր գետը իր ջրառատ վտակներով ողողելով Ջաւադը, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծած է ձկնորսութեան եւ ձուկի արդիւնահանման համար: Ձկնորսութիւնը հինէն ի վեր ջաւադցիներու գլխաւոր արհեստը եղած է:

Ձկնկիթի արդիւնաբերութեան մէջ անուանի դարձաւ յատկապէս Վարդան Աստուածատրեան Արշակունի:

Վարդան Արշակունի ձուկի արդիւնաբերութեան մէջ յաջողութիւններու հասնելով «Բոժայա պրոմիսլ» ընկերութիւնը հիմնեց եւ 1847¬ին կապալով սկսաւ շահագործել Ջաւադի հարուստ ձկնավայրը:

Ջաւադի արդիւնաբերութեան ղեկավարութիւնը 1853¬ին Շամախիի զինուորական նահանգապետ զօրավար Չիլեանին ներկայացուց «Բոժայա պրոմիսլ»¬ի կողմէ արտադրուած ձկնկիթի փակուած քանի մը թիթեղեայ տուփեր եւ խնդրեց զանոնք Պետերբուրգ ուղարկել, որմէ ետք սկսաւ հաւանութեան արժանացած արտադրութեան առաքումը դէպի Ռուսաստան:

Այս ժամանակ սկսած էր ռուս-թրքական պատերազմը եւ Վարդան Արշակունի Թիֆլիսի նախկին քաղաքապետ Յովսէփ Միրիմեանցի հետ կազմակերպեց Թիֆլիս հասնող ռուսական բանակի անձնակազմի մէկ մասին սնունդի ապահովումը: Ալեքսանդրովեան հրապարակին վրայ ան հեծելազօրքի եւ հրետանաւորներու, իսկ Ազնուականական ժողովի դահլիճին մէջ ալ սպաներու հիւրասիրութիւն կազմակերպեց:

Վարդան Արշակունի 1854¬ի գարնան Աստրախանի վրայով Պետերբուրգ ուղարկեց «Բոժայա պրոմիսլ»¬ի արտադրած երկու հարիւր տուփ ձկնկիթ, որ սահմանուած էր արքունական եւ կառավարական բարձրագոյն շրջանակներուն համար:

Պալատական նախարար կոմս Ադլերպերկէր 1855 մարտին Շամախիի ռազմական նահանգապետէն խնդրեց նախորդ տարուայ նման Պետերբուրգ ուղարկել փակուած թիթեղեայ տուփերով ձկնկիթ: Պատուէրը կրկին իրականացուեցաւ Վարդան Արշակունիի կողմէ:

Արշակունի 1855 յունիս 2¬ին Թիֆլիս գտնուող պարսկական դեսպանութեան անձնակազմին համար Շերմազան¬Վարդանովներու տան մէջ ճաշկերոյթ կազմակերպեց, որուն մասնակցեցան նաեւ Անդրկովկասի ռազմական եւ քաղաքական բարձրագոյն ղեկավարները:

Վարդան Արշակունի ռուս-թրքական պատերազմին հետեւանքով ծանր կացութեան մատնուած կարիքաւորներուն համար 1856¬ին նուիրատուութիւն կատարեց եւ հանգանակութիւն կազմակերպեց:

Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին աճիւնը Թիֆլիսէն Սուրբ Էջմիածին տեղափոխելու առիթով, 24 փետրուար 1857¬ին, Վարդան Արշակունի սուգի հանդիսութեան մասնակիցները ճաշի հրաւիրեց եւ Թիֆլիսի համքարներուն ու բանտարկեալներուն դրամ բաժնեց:

Վարդան Արշակունի 1858¬ին Թիֆլիսի քաղաքապետ ընտրուեցաւ: Նոյն տարուան յունիս 14¬ին ան Մցխեթայի մէջ դիմաւորեց Պոլիսէն Էջմիածին ուղեւորուող Մատթէոս Ա. կաթողիկոսը: Ան Թիֆլիսի քաղաքապետութիւնը վարեց մինչեւ 1860 եւ 1862¬ին մահացաւ:

Ջաւադ ներկայիս երեք հազար բնակչութեամբ գիւղ մըն է:

 

 

 

Նախորդը

«Հայ Ժողովրդից Աւելի Խաղաղասէր Ժողովուրդ Չկայ Եւ Մենք Դէմ Չենք Խաղաղութեանը, Բայց՝ Ոչ Ի Հաշիւ Մեր Գոյութեան»

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?