Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չգոյէն Հրաժարելու Մասին Անտեղի Եւ Անօգուտ Մեղադրանք

Դեկտեմբեր 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 12 դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է.«Եռակողմ համաձայնագիրներու շարքը, որ բաղկացած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի յայտարարութիւններէն, Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման ոչ այլընտրանքային «ճամբու քարտէս» է: Անիկա կ՛ընդգծէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր առանցքային ոլորտները` տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակում, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատում, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքում եւ հասարակութեան ու փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան զարգացում: Այս համաձայնագիրները կը մնան ուժի մէջ, կողմերէն ոչ մէկը անոնց վերաբերեալ իր ստորագրութիւնը ետ վերցուցած է»:

«Հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բացակայութիւնը` մենք չափազանց վտանգաւոր կը նկատենք այս կարեւոր փաստաթուղթերէն հրաժարելու փորձերը: Նման քայլը անխուսափելիօրէն պիտի բերէ լուրջ վտանգներ, նախ եւ առաջ` ինքնին Հայաստանի համար», աւելցուցած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի` Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքը լաւագոյն պարագայի անտեղի է եւ մինչեւ իսկ անհեթեթ կը հնչէ: Անտեղի է, որովհետեւ Հայաստանը կը մեղադրէ եռակողմ յայտարարութիւններէն հրաժարելու փորձի մէջ, երբ Ազրպէյճանն ու Ռուսիան արդէն շատոնց իրողապէս հրաժարած են անոնցմէ:

Եռակողմ յայտարարութիւնները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ անոնց հիմնաքարը 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնն է: Ազրպէյճան 12 դեկտեմբեր 2022-ին այդ միջանցքը «բնապահպան»-ներու փետուրներով ծպտուած զինուորներու, ապա արդէն բացայայտ կերպով ու պաշտօնապէս փակելով ծանր հարուած հասցուց այդ յայտարարութեան եւ մեծապէս վտանգեց զայն` ոտնահարելով Բերձորի միջանցքի ճամբով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երթեւեկի անվտանգութեան սկզբունքը ամրագրող անոր 6-րդ կէտը:

Այդ միջանցքը 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան այդ նոյն կէտի հիմամբ կը գտնուէր վերահսկողութեանը տակ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին` արցախահայութեան անվտանգութեան իրողական երաշխաւորին, որ սակայն տէր չկանգնեցաւ իր ընդհանուր առաքելութեան մաս կազմող այդ կարեւոր կէտին, եւ այդպիսով «կանաչ լոյս» տուաւ ազրպէյճանական կողմին` շարունակելու եռակողմ յայտարարութենէն հրաժարելու իր գործնական քայլերը:

Այդ զարգացումը սկիզբն էր եւ ազդանշանը այն հոլովոյթին, որ ի վերջոյ յանգեցաւ 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական չհրահրուած լայնածաւալ զինուորական գործողութեան եւ ամբողջ Արցախի բռնագրաւման ու անոր բնակչութեան բռնի տեղահանման:

Ազրպէյճանը 12 դեկտեմբերին ոտնահարեց եռակողմ յայտարարութիւնը, ապա զինուորական ուժի կիրարկմամբ չեղարկեց զայն: Ռուսական խաղաղապահ ուժերը չպահպանեցին խաղաղութիւնը` այդպիսով լռելեայն համակերպելով եռակողմ յայտարարութիւնը չեղարկելու Ազրպէյճանի քայլին:

Այդ եռակողմ յայտարարութեան մաս կազմող ազրպէյճանական ու ռուսական կողմերը արդէն այսպէս կամ այնպէս հրաժարած են անկէ, ուստի այսօր այդ յայտարարութեան մաս կազմող երրորդ կողմը` հայկական կողմը այդ յայտարարութենէն, Զախարովայի խօսքով, այդ «ճամբու քարտէս»-էն հրաժարելու փորձի մէջ մեղադրելը պարզապէս անտեղի է:

Այդ մեղադրանքը նաեւ անհեթեթ է, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է հրաժարիլ կամ փորձել հրաժարիլ բանէ մը, որ արդէն ամիսներէ ի վեր դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Այո՛, ճիշդ է, որ կողմերը, ինչպէս Զախարովա իրաւամբ կը նշէ, իրենց ստորագրութիւնները ետ չեն վերցուցած, սակայն այդ ձեւական քայլը ի՞նչ կը փոխէ իրողական կացութենէն:

Մոսկուան (եւ ոչ միայն ան…) պէտք է գիտակցի, որ Զախարովայի մատնանշած այդ «անխուսափելի լուրջ վտանգները» կանխարգիլելու միջոցը եռակողմ յայտարարութիւններու չեղարկման մեղսակից չեղող միակ կողմը մեղադրելը չէ, այլ այդ յայտարարութիւններու հիմնաքարին` 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան վերականգնման համար աշխատանքը:

 

 

Նախորդը

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

Մաղթանք Արժանապատիւ Խաղաղութեան

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?