ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Յուզումով եւ գերազանց հաճոյքով սպասման վարկեաններ ապրեցայ «Գէորգ Եսայեան» սրահի մուտքին, կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2023-ին:
Բեմահարթակին վրայ դերակատարը կը ներշնչուի հանդիսատեսէն, հանդիսատեսն ալ կ՛ապրի օրուան տօնակատարութեան յայտագիրին հետ, մինչ այդ սրահի մուտքի դրան սպասողը, ընդհանրապէս` անհաճոյ վիճակի մէջ, աթոռ մը ապահովելու կ՛աշխատի:
Տասնօրեայ Հալէպ այցելութեանս վերջին օրը, ծրագիրներուս խճողումին պատճառով, սովորութիւնս խախտելով, քսան վայրկեան ուշացումով հասայ հանդիսասրահ:
Անկրկնելի Հալէպը կանգուն էր, բոլոր ժամանակներէ աւելի:
Հանդիսութիւնը սկսած էր` երգչախումբի կատարողութեամբ:
Շուրջ վեց հարիւր հանդիսատես ընդունող սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր, մուտքին հիւրերը դիմաւորող եւ առաջնորդող մանկամարդուհիները խնդրեցին սպասել` տեղի դասաւորում մը ընելու համար:
Սպասման այդ պահը… գերագոյն հանդիսութիւնն էր, որ ապրեցայ` մուտքէն դիտելով ներկաները, անոնց յուսատու դէմքերը, տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ ապրող հալէպահայուն պատշաճ արտաքինով ներկայութիւնը, վերը, սրահի վերջաւորութեան պարապ աթոռ մը տեսնելու ճիգս ապարդիւն էր, այնտեղ երիտասարդները ճառագայթող ներկայութիւն էին:
Այս ի՞նչ աղբիւր է, որ անդադար կը լեցնէ արտագաղթող զանգուածին ստեղծած բացը:
Հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատի գաղափարէն ծնած օրուան մեծարեալի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անապակ աղբիւրը:
Տարին իր աւարտին հասած է, տարրական կարիքներու չգոյութեան զուգահեռ, նկատելի են տօնական երեւոյթներ: Պատերազմի ծանր հարուածներու վէրքերը տակաւին չթօթափած երկիրը տարեսկիզբին ենթարկուեցաւ ահաւոր երկրաշարժի, տարեվերջի ամիսներն ալ կը տուայտի տարածաշրջանին մէջ Կազայի գեհենային պատերազմի ազդեցութեամբ:
Այս արհաւիրքին մէջ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս ու մասնաւորաբար անոր բաբախող սիրտը` Հալէպը կը տոկայ:
Ժողովուրդը գիտէ մեծարել, ան ապրած է քաղաքացիական պատերազմի օրերը ու տեսած` այս կազմակերպութեան երդուեալ եւ անձնազոհ երիտասարդները, որոնք ստանձնած էին զինք պաշտպանելու պարտականութիւնը:
Վկայութիւնը հարիւր երեսուներեք տարիներ հայ ժողովուրդին ծառայած կուսակցութեան հանդէպ հաւատարմութեան եւ յարգանքի այս հանդիսութիւնը:
Ժընեւ