Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անգամ մը եւս հայկական կողմը մեղադրած է խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթը «արհեստականօրէն ձգձգելու» համար` շեշտելով, որ եթէ խաղաղութեան համաձայնագիր չստորագրուի, ամբողջ շրջանին համար շատ վատ պիտի ըլլայ:
Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, ինք լաւատեսօրէն տրամադրուած էր ժամկէտներու հարցին նկատմամբ, որովհետեւ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը քանի մը անգամ փոխանակուած են խաղաղութեան համաձայնագիրի նախնական նախագիծի վերաբերեալ առաջարկներով, որմէ ետք երկիրներուն միջեւ վեց անգամ նկատառումներու փոխանակում տեղի ունեցած է:
«Երբ ես այս մասին վերջին անգամ ըսած եմ «Եուրոնիուզ»-ին, յոյսով էի, որ Հայաստանը պիտի չձգձգէ մեր մեկնաբանութիւններու գնահատման հոլովոյթը: Անոնց վերջինները մենք ուղարկած ենք 11 սեպտեմբերին, իսկ մեկնաբանութիւններու պատասխանը ստացած ենք միայն երկու օր առաջ: Այսինքն` շուրջ երկուքուկէս ամիս անոնք գնահատած են համաձայնագիրի քանի մը էջէ կազմուած նախագիծը: Ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք կ՛ուզեն արհեստականօրէն ձգձգել հոլովոյթը: Հիմա արդէն նոյեմբերի վերջն է: Ի հարկէ, տարեվերջին խաղաղութեան հասնելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու վերաբերեալ լաւատեսութիւնը նուազած է, սակայն, կը կարծեմ, որ ժամկէտները այստեղ այնքան ալ կարեւոր չեն. կարեւոր է երկու երկիրներու օրակարգը», նշած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահին պնդումով` ինքնին Ազրպէյճանը եղած է այն երկիրը, որ հանդէս եկած է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու եւ սահմանազատման աշխատանք սկսելու առաջարկով, եւ այժմ հայկական կողմը համաձայնութեան գալու աւելի մեծ պատրաստակամութիւն պէտք է ունենայ, որովհետեւ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան վերականգնումէն ետք գլխաւոր գործօնը, որ Հայաստանին կը խանգարէր աւելի համարձակ ըլլալ բանակցային հոլովոյթին մէջ, այլեւս չկայ:
Ալիեւ ընդգծած է, որ ազրպէյճանական կողմը պիտի գնահատէ Հայաստանի վերջին առաջարկները եւ պիտի մեկնաբանէ զանոնք:
«Մենք միաժամանակ աշխատանքային մակարդակով հաղորդակցութիւններ կ՛ապահովենք տարբեր պաշտօնատարներու հետ տարբեր խողովակներով: Կը կարծեմ` խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը չստորագրուի, ամբողջ շրջանին համար շատ վատ պիտի ըլլայ: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանը թէ՛ այսօր, թէ՛ ապագային երբեք կասկածի տակ չդնէ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ լիովին հրաժարի Ազրպէյճանի հանդէպ որեւէ տարածքային նկրտումէ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Այն հարցումին, թէ որո՞նք են վերջնական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայմանները, Ալիեւը պատասխանած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի հիմքը պէտք է ըլլան հինգ սկզբունքներ, որոնք են` իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, ուժի չկիրարկումը, իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութիւնը, երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու բացումն ու յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Խօսելով Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն մասին` Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է. «Իրենց տուներէն հեռանալը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն սեփական որոշումն էր: Անոնց հետ մեր հրապարակային հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, ինչ որ մենք յետոյ ըրինք, ցոյց տուած են, որ մենք կ՛ուզէինք, որ անոնք մնան»:
«Բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան վերադառնալ, ունին ատոր իրաւունքը: Անոնց սեփականութիւնը ինչպէս պէտք է պաշտպանուած է: Բոլոր պատմական եւ կրօնական վայրերը պատշաճ պաշտպանութեան տակ են: Վերադառնալու համար անոնք պէտք է որոշակի կանոններու հետեւին: Ես այդ մասին ըսած եմ հակաահաբեկչական գործողութեան մեկնարկէն շատ ամիսներ առաջ: Անոնք, որոնք կը ցանկան մնալ, պէտք է ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնեն, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնան մարդիկ Ազրպէյճանի մէջ ապրիլ` այլ երկրի քաղաքացի ըլլալով: Կա՛մ անոնք պէտք է քաղաքացիութիւն ունենան, կա՛մ աշխատանքի իրաւունք, կա՛մ կեցութեան իրաւունք», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, ինչպէս ժամանակին Հայաստանը լքած ազրպէյճանցիները այսօր պէտք է քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի իրաւունք ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրելու համար, այնպէս ալ Արցախ վերադառնալ ցանկացող հայերը:
«Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցի գաղթականը ցանկութեան պարագային ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ: Ան չի կրնայ այնտեղ երթալ եւ ըսել` ահա ես` Արեւմտեան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան բնակիչս: Ո՛չ, ան պիտի վերադառնայ քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի արտօնութիւն ստանալու համար: Ինչո՞ւ պէտք է այստեղ այլ կերպ ըլլայ», նշած է ան:
Ազրպէյճան Կը Նախատեսէ Ընդլայնել Եւրոպայի Մէջ
Կազի Մատակարարման Աշխարհարութիւնը
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ալիեւ կիրակի օր Սերպիոյ Նիշ քաղաքին մէջ Սերպիա-Պուլկարիա կազային փոխկապակցիչի գործարկման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կը ծրագրէ ապագային ընդլայնել եւրոպական երկիրներու թիւը, որոնց կազ կը մատակարարէ:
«Մեր ապագայ ծրագիրները կապուած են կազի արտածման աշխարհագրութեան ընդլայնման` նոր փոխկապակցիչներու միջոցով եւրոպական նոր երկիրներու շուկաներ մատակարարումներու դուրս գալու հաշուոյն»:
Ազրպէյճան ներկայիս Եւրոպայի մէջ կազ կը մատակարարէ Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանին, Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ: Սերպիոյ մէջ առաքումները պիտի սկսին 2024 թուականին: Բացի ատկէ, Եւրոպայի շարք մը երկիրներ հետաքրքրութիւն յայտնած են ազրպէյճանական կազի գնման նկատմամբ:


