Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանը Մօտ Է Խաղաղութեան Պայմանագիրի 5 Հիմնարար Սկզբունքներու Որդեգրման»

December 7, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան մօտ է խաղաղութեան պայմանագիրի 5 հիմնարար սկզբունքներու որդեգրման: Ազրպէյճանական «Հաքքին»-ին համաձայն, այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Անոնք կրնան զանոնք հիմք ընդունիլ: Եթէ հայկական կողմը ատիկա քանի մը տարի առաջ ընէր, հակաահաբեկչական գործողութեան կարիք չէր ըլլար: Ասիկա պատմութիւն է, եւ ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճանը եւ ոչ թէ Հայաստանը խրախուսած է խաղաղութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ Պաքուին պէտք են կայուն երաշխիքներ, որ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրութեան փորձեր չըլլան:

«Ազրպէյճանին պէտք են կայուն երաշխիքներ, որ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրութեան փորձեր չըլլան: Որովհետեւ մենք գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ ինչ կը կատարուի, գիտենք նաեւ, որ Հայաստանը եւրոպական որոշ մայրաքաղաքներու մէջ բազմաթիւ «խորհրդականներ» ունի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ նաեւ կը հաղորդեն, որ Ալիեւ Արցախի վրայ յարձակումի պատասխանատուութիւնը ամբողջովին դրած է Հայաստանի վրայ` հաւաստելով, որ Ազրպէյճանը յոյսով էր հաղորդակցութիւններ հաստատել Արցախի հայերուն հետ` իրադարձութիւններու զարգացման այս տարբերակի ձախողման մէջ մեղադրելով Արցախի իշխանութիւնները:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի` սեպտեմբերին լայնածաւալ յարձակում սկսելու պատճառը Հայաստանի վարչապետի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով շնորհաւորանքն էր, ինչպէս նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն ուղարկուած նամակները:

Ալիեւ ըսած է. «Այսօր մենք բախած ենք շարք մը միջազգային մարտահրաւէրներու, մենք որոշակի թիւրըմբռնման հանդիպած ենք որոշ երկիրներու կողմէ, որոնց գործընկեր կը նկատենք: Մենք անոնց կը հասցնենք մեր դիրքորոշումը եւ կ՛ընդգծենք միջազգային օրէնքի կիրարկման կարեւորութիւնը բոլոր երկիրներուն հանդէպ: Անիկա պէտք չէ ընտրովի ըլլայ»:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է. «Կը քննարկուի Ազրպէյճանի, Հայաստանի ղեկավարներու եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի մասնակցութեամբ նոր հանդիպումը:

«Ես անձամբ եւ Ազրպէյճանը միշտ աջակցած ենք Շարլ Միշելի ջանքերուն` դադրեցնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը: Անոր կողմէ Պրիւքսելի մէջ քանի մը հանդիպումներ կազմակերպուած են: Այժմ մենք կը քննարկենք հաւանական նոր հանդիպումը», ըսած է Ալիեւ:

«Ազրպէյճանի նպատակը Հայաստանի տարածքը բռնագրաւել չէ», ընդգծած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ երբեմն Ազրպէյճանին «անհիմն» կը մեղադրեն ատոր համար:

«Եթէ մենք ուզէինք ատիկա ընել, կ՛ընէինք: Ես ասիկա բացէ ի բաց կը յայտարարեմ` ատիկա Ազրպէյճանի համար որեւէ տեսանկիւնէ մեծ խնդիր չէ: Անոնք մէկ օրուան ընթացքին Ղարաբաղի մէջ զէնքերը վար դրին, իսկ Խանքենդիի (Ստեփանակերտ, «Ա.») մէջ մեր դրօշը բարձրացուեցաւ: Մենք չենք ուզեր ատիկա ընել: Այն, որ մենք ատիկա չենք ըներ, ցոյց կու տայ, որ ես այս հարցին մէջ ճիշդ եմ», ըսած է Ալիեւ:

Նախորդը

Միլըր. «Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Պաքուի Հետ Գործակցիլ, Անոր Կոչ Ուղղելու` Երեւանի Հետ Կայուն Խաղաղութեան Ձգտելու»

Յաջորդը

Զախարովա. «Մոսկուան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Յայտարարութիւնը»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.