Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանը Իրանի համար ամէնէն կարճն ու որակական առումով լաւագոյնն է:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Նոր իրողութիւններ եւ խաղաղութեան խաչմերուկ» փորձագիտական խորհրդաժողովի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Այս սահմանը միշտ եղած է խաղաղութեան եւ բարեկամութեան սահման: Երկու երկիրները երբեւիցէ իրար չեն սպառնացած, եւ միշտ կարելիութիւն ընձեռուած է իրարու համար: Մեր համագործակցութիւնը բազմազան ուղղութիւններով զարգացած է: Փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը բազմապատկուած է` հասնելով 1 միլիառ տոլարի», ընդգծեց դեսպանը:


